«ԶԱՐԹՕՆՔ» ԿԸ ԹԵՒԱԿՈԽԷ ԻՐ 80-ԱՄԵԱԿԸ՝ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵԼՈՎ «ԲԵՂՈՒՆ ԳՐԻՉ»ՈՎ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ԵՒ ԱՇԽԱՏԱԿԻՑ ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆԸ
Պէյրութի «Թէքէեան» կեդրոնին մէջ սկիզբ առաւ «Զարթօնք»ի 80-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շարքը՝ մասնակցութեամբ ՌԱԿ-ի եւ ԹՄՄ-ի ղեկավարութեան եւ օրաթերթի պատասխանատուներուն, խմբագիրներուն, աշխատակիցներուն, ինչպէս նաեւ մտաւորական ընտրանիի մը:
Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ «Զարթօնք»ի խմբագրապետ Սեւակ Յակոբեան, որ մեկնարկը յայտարարեց «Զարթօնք»ի 80-ամեակի ձեռնարկներու շարքին, թուելով անոնցմէ ոմանք, որոնք տեղի պիտի ունենան 2017 թուականի ընթացքին: Ապա ան յայտարարեց, որ «Զարթօնք» իր գործնական մասնակցութիւնը պիտի ունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան «Դուն ի՞նչ կ՚ընես Ղարաբաղի համար» նախաձեռնութեան, հաստատելով որ 2017 թուականը «Զարթօնք»ի համար իսկապէս պիտի ըլլայ Արցախի տարի:
Իր խօսքի աւարտին, Սեւակ Յակոբեան հրաւիրեց թերթի աշխատակիցներէն Համօ Մոսկոֆեանը՝ ներկայացնելու «Զարթօնք»ի 80-ամեակին նուիրուած 2017-ի բացառիկը: Ան արտայայտուելով մերօրեայ «Զարթօնք»ին մասին, շեշտեց, որ ան իր անառօրեայ թիւերով եւ իր բացառիկով ցոյց կու տայ, թէ «Ալեհեր» 80-ամեայ «Զարթօնք»ը միշտ երիտասարդ է եւ հակառակ յոռետեսներու կարծիքին, ելեկտրոնային տարբերակով օրաթերթը այսօր հազարաւոր ընթերցողներ ունի աշխարհի չորս ծագերուն:
Հանդիպման վերջին մասով միշտ համեստ, հայ գրականութեան եւ մշակութային անվերադարձ նուիրուած մտաւորական Սարգիս Փոշօղլեանին, «Զարթօնք»ի խմբագրութեան որոշմամբ, յանձնուեցաւ Մկրտիչ Մսըրլեան մեծ երախտաւորին անուան մրցանակը, որպէս արժանաւոր աշխատակից եւ «բեղուն գրիչ» 2016 տարուան, ձեռամբ ԹՄՄ-ի Հիմնադիրներու մարմնի ատենապետ Յակոբ Գասարճեանի եւ Տքթ. Զաւէն Մսըրեանի:
Հանդիսութեան աւարտին, սրտի խօսքով հանդէս եկաւ ժպտադէմ Սարգիս Փո-շօղլեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց «Զարթօնք»ին, խոստանալով շարունակել իր առաքելութիւնը, որպէս հայ մամուլի եւ գրականութեան նուիրեալ:
Աւարտին, բոլորը հրաւիրուեցան «հայկական» ջերմ հիւրասիրութեան, միտքերու փոխանակումով, միաժամանակ շնորհաւորելով օրուան մրցանակակիրը: