ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԿԱՆԳԱՌ
Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան եւ «Փիւնիկ» մարդուժի զարգացման հիմնադրամին միջեւ երէկ ստորագրուեցաւ յուշագիր մը, որ կը վերաբերի «Մշակութային կանգառ» ծրագրին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, սոյն նախագիծը կ՚ենթադրէ ներկայ տարուան տեւողութեան երկրի զանազան մարզերէն ներս 426 մշակութային ձեռնարկներու իրականացումը։ Այդ ձեռնարկներու շարքին պիտի ըլլան համերգներ, ներկայացումներ, ցուցահանդէսներ, փառատօններ եւ այն։ «Փիւնիկ» հիմնադրամը նախարարութեան պիտի տրամադրէ երկու շարժական շարժանկարի դահլիճ, որոնց միջոցաւ հնարաւոր պիտի ըլլայ նաեւ կազմակերպել ժապաւէններու ներկայացումներ։
Յուշագիրը երէկ ստորագրեցին Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան եւ «Փիւնիկ» հիմնադրամի նախագահ Գաբրիէլ Չեմպերճեան։ Սոյն ծրագրին պայմանագրային արժէքը կը կազմէ 73 միլիոն դրամ։ Արմէն Ամիրեան ընդգծեց, որ այս գումարը պիտի բաւարարէ փոխադրութեան, օրապահիկի, գիշերելու եւ միւս այլ ծախսերը։ Գաբրիէն Չեմպերճեան յայտնեց, որ այս նախաձեռնութիւնը իրենց սրտէն կը բխի, որովհետեւ իրենց համար հաճելի է Հայաստանի մշակութային կեանքին մասնակից ըլլալը։ Իր կարգին, Արմէն Ամիրեանն ալ յայտնեց, որ նախագիծը հնարաւորութիւն պիտի ստեղծէ՝ որպէսզի մարզերու բնակիչները աշխուժօրէն մասնակցին շարք մը մշակութային ձեռնարկներու։
Մարզերէ ներս ձեռնարկները պիտի կազմակերպուին մշակութային բոլոր հարթակներուն վրայ. ինչպէս՝ ակումբներ, մշակոյթի տուներ, դպրոցներ եւ բացօթեայ միջավայրեր։
Ընկերամշակութային
- 11/26/2024
- 11/26/2024