ՎԱՉԷ ԾԱՏՈՒՐԵԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷԻ ԱԿԱԴԵՄԻՈՅ ՏՆՕՐԷՆ

Լի­բա­նա­նի նո­րըն­տիր ո­ղիմ­պիա­կան կո­մի­տէն գու­մա­րեց իր անդ­րա­նիկ ժո­ղո­վը՝ ներ­կա­յու­թեամբ իր բո­լոր ան­դամ­նե­րուն:

Նիս­տին ըն­թաց­քին Ո­ղիմ­պիա­կան կո­մի­տէն կա­տա­րեց կարգ մը նշա­նա­կում­ներ եւ յա­ռա­ջա­ցուց իր մնա­յուն յանձ­նա­խում­բե­րը՝ զա­նա­զան մար­զե­րու մէջ:

Նկա­տի ու­նե­նա­լով կրթա­կան մար­զին մէջ իր ու­նե­ցած եր­կա­րա­մեայ փոր­ձա­ռու­թիւ­նը եւ մար­զա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու վար­չա­գի­տա­կան մա­գիստ­րո­սի վկա­յա­կա­նը, Վա­չէ Ծա­տու­րեան նշա­նա­կուե­ցաւ Լի­բա­նա­նի Ո­ղիմ­պիա­կան կո­մի­տէի ա­կա­դե­միոյ տնօ­րէն՝ յա­ռա­ջի­կայ չորս տա­րի­նե­րուն հա­մար: Վա­չէ Ծա­տու­րեան Լի­բա­նա­նի Հե­ծե­լար­շա­ւի դաշ­նակ­ցու­թեան նա­խա­գահ եւ Լի­բա­նա­նի Ո­ղիմ­պիա­կան կո­մի­տէի ան­դամ է։ Պէտք է նշել, որ ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով հայ մը կը նշա­նա­կուի այս պաշ­տօ­նին:

Ժո­ղո­վա­կան­նե­րը անդ­րա­դար­ձան նաեւ Սա­փո­րո­յի մէջ (Ճա­բոն) տե­ղի ու­նե­նա­լիք Ա­սիոյ ձմեռ­նա­յին խա­ղե­րուն եւ Լի­բա­նա­նի պա­տուի­րա­կու­թեան պատ­րաս­տու­թեան ու ա­նոր մաս­նակ­ցու­թեան:

Հինգշաբթի, Փետրուար 2, 2017