ՀԱՅԱՍՏԱՆ 2017-ԻՆ ՌՈՒՍԵՐՈՒ ՀԱՆԳԻՍՏԻՆ ՀԱՄԱՐ ԱՄԵՆԱՄԱՏՉԵԼԻ ԵՌԵԱԿԻՆ ՄԷՋ
Հայաստան երկրորդ կարգի վրայ կը գտնուի 2017 թուականին Ռուսաստանի քաղաքացիներուն հանգիստի համար ամենամատչելի ուղղութիւններու ցանկին մէջ:
Երկշաբաթեայ հանգիստը Հայաստանի մէջ երկու հոգիի համար կ՚արժէ 1470 տոլար: Գումարը կը ներառէ օդանաւի տոմսի գիները, կեցութիւնն ու սնունդը, ինչպէս նաեւ մշակութային ծրագիրն ու զուարճանքները: Տասնեօթ ուղղութիւն ներառող ցանկը կը գլխաւորէ Աբխազիան, ուր նոյն ձեւի հանգիստի համար կը պահանջուի 1468 տոլար, երրորդ տեղը Հնդկաստանն է՝ 1501 տոլար:
Չորրորդ եւ հինգերորդ տեղերը կը գրաւեն Սերպիան եւ Նեփալը, ուր հանգիստը ռուսերուն համար կ՚արժէ 1564 եւ 1593 տոլար համապատասխանաբար:
Հանգիստի համար ամենամատչելի երկիրներու ցանկին մէջ ներառուած են նաեւ Հունգարիան, Վրաստանը, Վիեթնամը, Ռումանիան եւ Պուլկարիան: Վերջին՝ 17-րդ տեղը Քուպան է, ուր հանգիստը երկու զբօսաշրջիկներու համար կ՚արժէ 2820 տոլար:
Միւս կողմէ, բրիտանական յայտնի Momondo որոնողական համակարգը Երեւանը ներառած է 2017 թուականի մատչելի զբօսաշրջային քաղաքներու շարքին: Յօդուածին մէջ ընտրուած են 2017 թուականի տասներկու ամսուան համար այցելութեան նախընտրելի քաղաքները: Երեւան այցելելու համար խորհուրդ կը տրուի ընտրել Յունիս ամիսը:
Բաց աստի, 2016 թուականին Հայաստան այցելած զբօսաշրջիկներուն թիւը աճած է 5.7 տոկոսով։ Ըստ ստացուած հաշուետուութիւններու տուեալներուն եւ հետազօտութիւններու արդիւնքով ձեւաւորուած փորձագիտական գնահատումներու, 2016 թուականի Յունուարէն Դեկտեմբեր Հայաստանի Հանրապետութիւն ժամանած է 1 259 657 զբօսաշրջիկ կամ 2015 թուականի նոյն ժամանակաշրջանի նկատմամբ ցուցանիշը աճած է 5.7 առ հարիւրով: