ԳԱՂՏՆԱԶԵՐԾԵԱԼ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Կեդ­րո­նա­կան հե­տա­խու­զա­կան գոր­ծա­կա­լու­թեան (CIA) կող­մէ վեր­ջերս գաղտ­նա­զեր­ծուե­ցան կարգ մը փաս­տա­թուղ­թեր, ո­րոնք ար­դէն հա­սա­նե­լի են հա­մա­ցան­ցի վրայ։ «Սա­պահ» օ­րա­թեր­թը այ­սօր կը գրէ, որ CIA-ի այդ փաս­տա­թուղ­թե­րուն մէջ ա­պա­ցոյց­ներ կան ՓՔՔ­-ի եւ Ա­ՍԱ­ԼԱ-ի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մա­սին։ Այս­պէս, այս եր­կու ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը 1980-ա­կան թուա­կան­նե­րուն դա­շինք մը կազ­մած են՝ թի­րախ ընտ­րե­լով Թուր­քիան։ Ա­նոնք միաս­նա­բար կազ­մա­կեր­պած են յար­ձա­կում­ներ։

Լրա­տուու­թեան մէջ նշուած է նաեւ, որ ՓՔՔ հայ­կա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու օ­րի­նա­կին հե­տե­ւած է իր կա­ռոյ­ցը ձե­ւա­ւո­րե­լու եւ յար­ձա­կում­նե­րը կազ­մա­կեր­պե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ 

Հինգշաբթի, Փետրուար 2, 2017