ՄՈՍԿՈՒԱ Կ՚ԱԿՆԿԱԼԷ ՏԱՆԸԼՏ ԹՐԱՄՓԻ ԳԱՂԱՓԱՐՆԵՐՈՒՆ ՅՍՏԱԿԵՑՈՒՄԸ՝ ՍՈՒՐԻՈՅ ՏԱԳՆԱՊԻՆ ՇՈՒՐՋ
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով անդրադարձաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Տանըլտ Թրամփի՝ Սուրիայէ ներս անվտանգ գօտի մը ստեղծելու ուղղեալ գաղափարին։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով ռուս նախարարը յայտնեց, թէ պատրաստ են արժեւորելու այդ գաղափարը։ Մոսկուայի համոզմամբ, Ուաշինկթըն պէտք է աւելի յստակեցնէ իր մօտեցումը։
Սէրկէյ Լաւրով Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մայրաքաղաքին՝ Ապու Տապիի մէջ մասնակցեցաւ Ռուս-արաբական համագործակցութեան ֆորումին։ Այդ հաւաքոյթին յաջորդած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ան խօսեցաւ Տանըլտ Թրամփի յայտարարութիւններուն շուրջ։ Ռուս նախարարին տպաւորութեամբ, Ուաշինկթընի առաջարկը հետամուտ է Սուրիայէ ներս անվտանգ գօտիներ ստեղծելով նուազեցնել երկրէն դուրս գալիք գաղթականներուն թիւը։ Ռուսական կողմը պատրաստ է այս մօտեցումը քննարկելու եւ արժեւորելու, սակայն Թրամփի ղեկավարութիւնը իր մօտեցումները պէտք է յստակեցնէ։
Միւս կողմէ, Լաւրով հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Արաբական միութեան ընդհանուր քարտուղար Ահմէտ Էպու Կայթի հետ։ Հանդիպման ընթացքին առաջնահերթօրէն քննարկուեցաւ Սուրիոյ ճգնաժամը։ Զրուցակիցները կանգ առին նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի ընդհանուր կացութեան եւ վերջին իրադարձութիւններուն վրայ։