ՃԱԲՈՆԵՐԷՆՈՎ ՍԿԱՒԱՌԱԿ
«Հայաստանի փոքրիկ երգիչներ»ը աշխատանքի ձեռնարկած են՝ ճաբոներէնով ձայնասկաւառակ մը թողարկելու համար։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «Հայաստանի փոքրիկ երգիչներ» երգչախումբի եւ Ճաբոնի յայտնի Victor Entertainment, Inc կազմակերպութեան միջեւ ներկայիս համագործակցութիւն կը կատարուի սոյն ծրագիրը կեանքի կոչելու համար։ «Հայաստանի փոքրիկ երգիչներ» միջազգային ընկերակցութեան նախագահ Տիգրան Հեքիմեան եւ ճաբոնական կազմակերպութեան արտադրող Հիրոշի Նականօ այս նախագծին շուրջ երէկ մամլոյ ասուլիս մը սարքեցին Երեւանի մէջ։ Անոնք զանգուածային միջոցներու ներկայացուցիչներու ուշադրութեան յանձնեցին, որ չորս օրուան աշխատանքով մը կը նախատեսեն ձայնագրել ճաբոներէնով տասն ստեղծագործութիւն։ Աշխատանքային գործընթացը պիտի նկարահանուի գովազդային հոլովակ մը ստեղծելու համար։
Հիրոշի Նականոյի խօսքերով, իրենք երգչախումբին կատարումները լսած են ճաբոնական հաղորդումներէն մէկուն ընթացքին ու տպաւորուած խորապէս։ Ուստի, փափաքած են, որ հայ երգչախումբը կատարէ նաեւ իրենց երկրէն ներս յայտնի ճաբոնական երգեր։ Երգչախումբը պիտի ներկայացնէ փոփ երգեր, որոնք Ճաբոնի մէջ համակրանքի արժանացած են թէ՛ մեծահասակներուն եւ թէ երիտասարդներուն կողմէ։ Նականօ վստահութիւն յայտնեց, որ հայ երախաները իւրայատուկ ձեւով պիտի մատուցեն ճաբոնական ստեղծագործութիւնները եւ նոր մօտեցումները հանրութեան համակրանքին պիտի արժանանան։ Ճաբոնական խումբին հետ Երեւան ժամանած է նաեւ յօրինող մը, որ այդ երգերը պիտի վերածէ երգչախմբային կատարումներու յարմար։ Իր կարգին, Տիգրան Հեքիմեանն ալ յիշեցուց, որ «Հայաստանի փոքրիկ երգիչներ»ը բազմիցս համագործակցած են ճաբոններուն հետ։ Ներկայ ծրագիրը կեանքի պիտի կոչուի սեղմ ժամանակահատուածի մը մէջ ու կը նախատեսուի, որ այդ ձայնասկաւառակը երաժշտասէրներու տրամադրութեան տակ դրուի արդէն յաջորդ ամիս։
Victor Entertainment, Inc-ը ներկայիս կը գործէ JVC Kenwood Entertainment Corporation անունով։ Այս կազմակերպութիւնը ամբողջ աշխարհի մէջ կը զբաղի երաժշտութեան, ժապաւէններու արտադրութեամբ եւ մեծ շոուներու կազմակերպմամբ։ Իսկ «Հայաստանի փոքրիկ երգիչներ» մանկապատանեկան երգչախումբը, որ հիմնուած է 1992 թուականին, միջազգային մրցոյթներու դափնեկիր է ու նուաճած՝ «Եւրոպայի մշակոյթի դեսպան» տիտղոսը։