ՄԵՐՔԷԼ ԱՆԳԱՐԱ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէլ այ­սօր աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Թուր­քիա։ Ան­գա­րա­յի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ ան կը հիւ­րըն­կա­լուի ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Հան­րա­պե­տու­թեան Նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան Պեշ­թե­փէի հա­մա­լի­րէն ներս կը հիւ­րըն­կա­լէ գեր­մա­նա­ցի շան­սէօ­լիէն։ Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմն ալ Չան­քա­յա­յի ա­պա­րան­քին մէջ կը տե­սակ­ցի Ան­կե­լա Մեր­քէ­լի հետ։ Այ­ցե­լու­թեան ծրագ­րի կան­գառ­նե­րէն մին կը հան­դի­սա­նայ Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վը, ուր Ան­կե­լա Մեր­քէլ ա­կա­նա­տես կ՚ըլ­լայ՝ 15 Յու­լի­սի զի­նեալ յե­ղաշրջ­ման ձա­խող փոր­ձին ժա­մա­նակ խորհր­դա­րա­նի են­թար­կուած յար­ձակ­ման հե­տե­ւանք­նե­րուն։

Մեր­քէլ, որ ձա­խող պե­տա­կան հա­րուա­ծէն վերջ ա­ռա­ջին ան­գամ Թուր­քիա կ՚այ­ցե­լէ, Ան­գա­րա­յի շփում­նե­րուն ըն­թաց­քին կը շօ­շա­փէ բազ­մաբ­նոյթ հար­ցեր։ Իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը Պեր­լի­նի ղե­կա­վա­րու­թե­նէն դժգո­հու­թիւն­ներ ու­նին՝ ՓՔՔ­-ի եւ ՖԵ­ԹԷՕ-ի հար­ցե­րուն շուրջ ա­նար­ձա­գանգ թո­ղուած ակն­կա­լու­թիւն­նե­րու հե­տե­ւան­քով։ Իսկ ընդ­դի­մու­թի­ւնը կը քննա­դա­տէ Մեր­քէ­լի այ­ցե­լու­թեան ժամ­կէ­տը՝ հա­շուի առ­նե­լով մօ­տա­լուտ հան­րա­քուէն։ ՃՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պետ Քե­մալ Քըլ­ըչ­տա­րօղ­լու, որ եւս այ­սօր կը տե­սակ­ցի Մեր­քէ­լի հետ, ան­ձամբ վեր­ջին օ­րե­րուն քննա­դա­տեց այդ ժամ­կէ­տը։

Այ­սօ­րուան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու հիմ­նա­կան նիւ­թե­րու շար­քին կը գտնուին Սու­րիոյ ճգնա­ժամն ու գաղ­թա­կա­նաց հար­ցե­րը։ Եւ­րո­միու­թեան եւ Թուր­քիոյ մի­ջեւ գաղ­թա­կան­նե­րու հար­ցին շուրջ հաս­տա­տուած հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը կը ներ­կա­յաց­նէ մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն։ Այս հար­ցը ընդ­հա­նուր նշա­նա­կու­թեան ա­ռըն­թեր Մեր­քէ­լի տե­սա­կէ­տէ ալ չա­փա­զանց նուրբ է։ Ար­դա­րեւ, յա­ռա­ջի­կայ Սեպ­տեմ­բե­րին Գեր­մա­նիոյ մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նան ընտ­րու­թիւն­ներ եւ Մեր­քէլ վերս­տին ա­ռա­ջադ­րած է իր թեկ­նա­ծու­թիւ­նը։ Հե­տե­ւա­բար, Թուր­քիոյ եւ ԵՄ-ի մի­ջեւ հաս­տա­տուած՝ գաղ­թա­կան­նե­րու վե­րա­բե­րեալ հա­մա­ձայ­նու­թեան ան­խա­փան ըն­թաց­քը բախ­տո­րոշ կը հա­մա­րուի իր քա­ղա­քա­կան ա­պա­գա­յին տե­սա­կէ­տէ։

Թրքա­կան կող­մը, թէեւ յա­պա­ղած կը հա­մա­րէ Մեր­քէ­լի ներ­կայ այ­ցը, սա­կայն ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի եւ անվ­տան­գու­թեան հար­ցե­րուն շուրջ կը ջա­նայ յստակ պա­տաս­խան­ներ ա­պա­հո­վել գեր­մա­նա­ցի շան­սէօ­լիէէն։ 

Հինգշաբթի, Փետրուար 2, 2017