ԱՆՎԵՐՋ ՍԱԴՐԱՆՔՆԵՐ
Արցախի ճակատին վրայ իրադրութիւնը կը շարունակէ մնալ լարուած։ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը երէկ իրականացուցին հերթական ներթափանցման փորձ մը։ Կը հաղորդուի, որ երէկ, ժամը 15.00-ի սահմաններուն, Լեռնային Ղարաբաղ-Ատրպէյճան հակամարտ զօրքերու շփման գծի հիւսիսին (Թալիշ) ազէրի զօրքերը կատարեցին ներթափանցման փորձ մը՝ օգտագործելով անբարենպաստ եղանակը, մանաւանդ մշուշը։ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ ուժերը ժամանակին հաւաստանշեցին Ատրպէյճանի յատուկ ջոկատայիններու յառաջխաղացումը ու ձեռնարկեցին կանխարգելիչ գործողութիւններու։ Նախայարձակները կորուստներ կրելով ետ քաշուեցան։ Արցախի զօրքերու հակագործողութեան արդիւնքին՝ առաջնագիծը պաշտպանող հայկական ուժերը գերեվարեցին Ատրպէյճանի բանակէն զինուոր մը՝ 1995 թուականին Պարտա քաղաքին մէջ ծնած Էլնուր Հիւսէյինզատէն։ Ստեփանակերտի աղբիւրներու հաղորդումներով, Ատրպէյճանի զօրքերը տուին նաեւ առնուազն մէկ վիրաւոր, ինչ որ պաշտօնապէս հաստատուած է նաեւ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրներուն կողմէ։
Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակի աղբիւրները հաղորդեցին, որ յառաջապահ ստորաբաժանումները շփման գծի ամբողջ երկայնքով կը շարունակեն վստահօրէն իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը ու պատրաստ են չէզոքացնելու ամէն տեսակ նախայարձակ գործողութիւն։
Ատրպէյճանի այս հերթական ձախող ներթափանցման փորձին արձագանգեցին Ստեփանակերտի ղեկավարութենէն ներկայացուցիչներ։ Այսպէս, Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանի բանբերը՝ Դաւիթ Պապայեան տեղեկացուց, որ Պաքու կը հրաժարի իր գերի ինկած զինուորէն։ Ըստ իրեն, Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ սեփական զինուորէն հրաժարուիլը յանցագործութիւն է։ Դաւիթ Պապայեան այս կապակցութեամբ ըսաւ.
«Սեփական զինուորէն հրաժարուիլը ոչ միայն յանցագործութիւն է, այլ նաեւ ահաբեկչութիւն՝ սեփական ժողովուրդի դէմ։ Այդ գերեվարուած զինուորը այնպէս ներկայացուցած են, որ կարծես թէ ան եկած էր վիզա ստանալու կամ քաղաքական ապաստան գտնելու։ Ահաբեկչական պետութենէն ուրիշ բան կարելի չէ ակնկալել»։ Անդրադառնալով Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուած գործողութիւններուն՝ Դաւիթ Պապայեան նշեց, որ Արցախի Պաշտպանութեան բանակը կը վերահսկէ իրավիճակը ու միշտ պատրաստ է արժանի հակահարուած տալու։ Արդեօք Պաշտպանութեան բանակի գործողութիւնները կրնա՞ն դաս ըլլալ։ «Կը կարծեմ, կ՚ըլլան, բայց ոչ անձամբ Ալիեւի համար, որովհետեւ իր մերձաւորներէն ոեւէ մէկը չի զոհուիր, հասարակ քաղաքացիներու զոհերը իրեն համար դաս չեն։ Ան կը փափաքի, որ նման գործողութիւնները շարունակուին, հակահայկական մաղձի հերթական չափաբաժինը ներարկէ իր ժողովուրդին մէջ եւ այսպէսով ամրապնդէ իր իշխանութիւնը։ Հիմա կը փորձէ հրաժարուիլ գերեվարուած զինուորէն՝ ներկայացնելով բանակէն զօրացրուած, կարգապահութիւնը խախտած։ Ալիեւին պէտք են մահացած հերոսներ, որպէսզի կարենայ շահարկել կամ Սաֆարովի նման անորմալ հերոսներ, որոնք ամբողջութեամբ կախուած կ՚ըլլան իշխանութիւններէն», ըսաւ Դաւիթ Պապայեան։
Բաց աստի, իր յայտարարութիւններուն մէջ բանբերը յիշեցուց, որ 2017 թուականը կը համարուի առանձնայատուկ տարի մը, որովհետեւ կը զուգադիպի Շուշիի եւ Բերձորի ազատագրման 25-ամեակին։ Ատրպէյճանն ալ կը փորձէ ստուեր ածել այդ յոբելեանին վրայ եւ խորքին մէջ չէ փոխուած։
Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը աճապարանքով տեղեկացուց, որ Էլնուր Հիւսէյինզատէ զօրացրուած է բանակէն։ Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Սենոր Հասրատեան այս կապակցութեամբ հարց տուաւ, որ ինչպէ՞ս կրնայ բանակէն զօրացրուածը ներթափանցման խումբի կազմին մէջ յայտնուի միջդիրքային տարածքէ ներս։ «Ինչպէ՞ս կրնայ բանակէն զօրացրուած զինուորը՝ զինուորականի համազգեստով, սպառազինուած եւ առաւել եւս ներթափանցման խումբի կազմէն ներս հակամարտ զօրքերու միջդիրքերու տարածք ներթափանցել», ըսաւ ան։
Ստեփանակերտի իշխանութիւնները պաշտօնապէս տեղեկացուցին նաեւ, որ գերեվարուած ազէրի զինուորը կատարեալ անվտանգութեան մէջ է։ Ըստ Դաւիթ Պապայեանի, գերիի հարազատները կրնան չմտահոգուիլ իր վիճակին մասին։ «Մենք գերիները չենք նեղացներ՝ ի տարբերութիւն Ատրպէյճանի եւ սա բազմաթիւ անգամներ ապացուցուած է», ըսաւ Պապայեան եւ աւելցուց, որ Ատրպէյճանի պարբերական ներթափանցման փորձերը կը համարուին ֆաշիստ քաղաքականութեան մը դրսեւորումը։
Միւս կողմէ, Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն ալ տեղեկացուց, որ ուշադրութեամբ կը հետեւի գերեվարուած ազէրի զինուորի վերաբերեալ հրապարակումներուն։