«ՏԱՐԻՆԵՐՈՒ ԸՆԴՄԷՋԷՆ»
Յայտնի շարականագէտ ու երաժշտապետ Նշան Սրկ. Չալկըճեան վերջերս հրատարակեց իր յուշերը։ Ծանօթ է, որ Նշան Չալկըճեան երկար տասնամեակներէ ի վեր անփոխարինելի ու նուիրեալ ծառայութիւն կը բերէ մեր եկեղեցական կեանքէն ներս։ Ան երդուեալ սպասաւորի մը հաւատարմութեամբ կը շարունակէ տեւականացնել մանաւանդ մեր շարականներու աւանդութիւնը։ Այդ գործը իրեն համար կոչումի մը վերածած է Նշան Չալկըճեան, որ ներկայիս Պէյօղլուի Ասողիկ Դպրաց Դաս-երգչախումբի շարքերէն ներս յառաջ կը տանի գործունէութիւնը եւ մանաւանդ՝ կը հասցնէ սաներ, որպէսզի մեր նոր սերունդն ալ հաղորդ դառնայ այդ շարականներու հարուստ աւանդութեան։ Այս բնագաւառէն ներս հեղինակութիւն մը կը համարուի Նշան Չալկըճեան, որու գործունէութիւնը արժանացած է բարձր գնահատանքի։ Ան իսկական վարպետ մը կը համարուի եկեղեցական երաժշտութեան պարագային։ Միայն մեր եկեղեցիներէն ներս չէ, որ կը գործէ Նշան Չալկըճեան, այլ հասարակական կամ գեղարուեստական զանազան հարթակներու վրայ իր սաներուն հետ բազմակողմանիօրէն կը ծանօթացնէ մեր եկեղեցական երաժշտութիւնը, մասնաւորապէս ունկնդիրներուն կը հրամցնէ՝ մեր հոգեզմայլ շարականներու խորհուրդին ներթափանցելու բանալիները։
Նշան Չալկըճեանի գիրքը կը կոչուի «Տարիներու ընդմէջէն. Յուշեր եւ վկայութիւններ»։ Հրատարակութիւնը զուգադիպած է Նշան Չալկըճեանի 80-ամեակի յոբելենական շրջանին։ Գիրքին մեկենասն է Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը։ Արդարեւ, ատենապետ Աբիկ Հայրապետեան եւ իր գործակից ընկերները յարմար դատած են, որ Նշան Չալկըճեանի յուշերն ու վկայութիւնները դառնան հանրութեան սեփականութիւնը ու մաս կազմեն մեր համայնքի հաւաքական յիշողութեան։ Աւելի՛ն, անոնք ուրոյն նշանակութիւն ունին թրքահայ արդի տարեգրութեանց տեսանկիւնէն։ Գիրքի պատրաստութեան աշխատանքին բծախնդրօրէն հետեւած է նաեւ Պէյօղլուի դիւանապետ Վաղաշակ Չիլճեան, որ լուրջ վերաբերմունք ցոյց տուած է այս ծրագրին նկատմամբ։
Նշան Չալկըճեանի յուշերուն մէջ կը տողանցեն բազմաթիւ դէմքեր, համակրելի անձնաւորութիւններ, որոնք իրենց հետքը թողած են մեր ազգային-եկեղեցական կեանքին, ապրումներուն վրայ։ Չալկըճեանի յուշերը կու գան ամբողջացնել թէ՛ անոնց վերաբերեալ պատկերացումները կամ ընկալումները, թէ՛ կը կատարելագործեն անոնց կերպարը ու վերջապէս առիթ կը հանդիսանան անոնց վերյիշման եւ յառաջիկայ սերունդներու համար օրինակի մը վերածուելուն։ Հեղինակը գիրքին մէջ ուզած է ներկայացնել իր կեանքը, ընտանիքին պատմութիւնը, սակայն արդիւնքը չէ սահմանափակուած այդքանով։ Պատճառը այն է, որ Չալկըճեանի կեանքը, բոլոր չափումներով, ուղղակիօրէն առընչուած, կապուած է՝ մեր ազգային-եկեղեցական կեանքին, ապրումներուն հետ։ Հետեւաբար, միախառնուած, գրեթէ նոյնացած ընդհանուր պատկեր մը մատուցած է ան իր ընթերցողներուն։ Գիրքը կը բովանդակէ նաեւ բազմաթիւ լուսանկարներ։
Նշան Չալկըճեանի յուշերու գիրքին համար օրհնութեան ու ողջոյնի խօսքեր գրի առած են. Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, Գերմանիոյ Թեմի Առաջնորդ Տ. Գարեգին Արք. Պէքճեան, Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան, Հրաչ Սրկ. Սուրէնեան, Տիրան Սրկ. Շահնազօղլու, Արամ Քերովբեան, Մուրատ Կսսրկ. Իչլինալչա, Մուրատ Կսսրկ. Թոփուզօղլու, Մուրատ Կսսրկ. Մենեքշէ, Արա Կսսրկ. Մենեքշէ, Սարգիս Կսսրկ. Տեմիրճեան, Յակոբ Ալթընեիւզիւք։ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդն ու Ասողիկ Դպրաց Դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդն ալ մասնաւոր գրութիւններով ողջունած են Նշան Չալկըճեանի յուշերուն հրատարակութիւնը՝ ծննդեան 80-ամեակի յոբելենական շրջանին։
Գիրքի պատրաստութեան ուղղութեամբ նուիրեալ աշխատանք տարած է նաեւ հեղինակի քեռորդին՝ Լիզ Յովհաննէսեան։ Խմբագրման ու թեքնիկ բնոյթով պատրաստութիւնները կատարուած են ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին կողմէ։