ՄԱՏԱՆԻՆ

Ե­րի­տա­սար­դը կը պրպտէ տան գզրոց­նե­րը, պրպտում­նե­րուն մի­ջո­ցին ա­մէն ինչ դուրս կը թա­փէ, ներք­նազ­գեստ­ներ, հա­գուե­լիք­ներ, թուղ­թեր կը լե­ցուին սե­նեա­կին ա­մէն կող­մը: Խառ­նաշ­փոթ վի­ճակ մը ու­նի ան: Ի՞նչ է փնտռա­ծը ար­դեօք: Ձեռ­քին մէջ դրա­մա­պա­նակ­ներ կան, մէ­կիկ-մէ­կիկ կը զննէ զա­նոնք, կը շրջէ ու կը թօ­թուէ, թե­րեւս կո­պեկ մը իյ­նայ, յոյ­սի նշոյ­լի մը պէս լու­սա­ւո­րէ զինք: Սա­կայն ի զուր, դրա­մա­պա­նակ­նե­րուն մէջ ոչ կո­պեկ­ներ կան, ոչ ալ թղթադ­րամ­ներ:

Կը ձգէ ա­մէն ինչ ե­ղա­ծին պէս. ա­նօ­թու­թեան զգա­ցում մը կը պա­տէ զինք, պա­րապ ստա­մոք­սը կը ճչայ, կը պո­ռայ, կ­­՚ա­ղա­չէ, որ բան մը մտնէ իր մէջ, թէ­կուզ ա­նա­պակ պուտ մը ջուր, թէ­կուզ պա­տառ մը չոր հաց: Կը մօ­տե­նայ սառ­նա­րա­նին, կը բա­նայ ու պա­րա­պու­թիւ­նը նկա­տե­լով իս­կոյն կը գո­ցէ ու կ՚ուղ­ղուի ննջա­սե­նեակ: Առ­ձեռն հե­ռա­խօ­սը կը վերց­նէ, կը զննէ ա­նուա­նա­ցան­կը, կը փնտռէ մէ­կու մը ա­նու­նը, որ­մէ կրնայ հա­մեստ գու­մար մը պարտ­քի առ­նել, փո­րը կշտաց­նել. բայց ար­դեօք ո՞վ կը հա­մա­ձայ­նի այս օ­տար ա­փե­րուն մէջ ի­րեն դրամ փոխ տալ, վստա­հու­թիւն կա՞յ մի­թէ, ե­թէ հար­ցը նիւ­թա­կան պա­հանջ­քի մա­սին ըլ­լայ, բո­լո­րը կը հե­ռա­նան. կը մոռ­նան ա­նոնք նոյ­նիսկ այն հա­ճե­լի պա­հե­րը, երբ ե­րի­տա­սար­դը հրա­ւի­րած էր զի­րենք ու կուշտ մը խմած ու կե­րած էին միա­սին: Լե­ցուն գրպա­նին բո­լո­րը կը մօ­տե­նան, մինչ հա­կա­ռա­կէն՝ կը հե­ռա­նան:

Ե­րի­տա­սար­դը ի վեր­ջոյ կ­­՚ո­րո­շէ ձեռ­քը նե­տել այն գզրո­ցին, ուր շատ թան­կա­գին իր մը պա­հած է, ո­րուն այս մտադ­րու­թեամբ մօ­տե­նալ չէր փա­փա­քած եր­բեք: Քա­նի՜, քա­նի ան­գամ­ներ մօ­տե­ցած է ան ու ոտ­քը ետ մղած է զինք գզրո­ցը բա­նա­լէն, սա­կայն այս ան­գա­մուա­նը վճռա­կան է կար­ծես: Աշ­խա­տան­քէն ե­լած է ե­րի­տա­սար­դը, օր ու գի­շեր նո­րը կը փնտռէ եւ մին­չեւ գտնե­լը պէտք ու­նի անհը-րա­ժեշտ գու­մա­րի, չոր հա­ցի ու եր­թե­ւե­կի ծախ­սի ա­պա­հով­ման հա­մար:

Բայց ինչ­պէ՞ս հա­մար­ձա­կի ան այս­պի­սի քայ­լի մը, այս­պի­սի ա­րար­քի մը, ինչ­պէ՞ս, ինչ­պէ՞ս հա­մար­ձա­կի բա­նալ գզրո­ցը այս նպա­տա­կով ու հոն­կէ հա­նել շատ թան­կա­գին այդ ի­րը, ո­րուն ար­ժէ­քը վար կը բե­րէ աշ­խար­հի բո­լոր նժար­նե­րուն թա­սե­րը: Ա­լե­հեր մօ­րը ճակ­տի քրտին­քին կա­թիլ­նե­րը կան այդ ի­րին մէջ, ա­նոր բեր­նէն կտրած պա­տա­ռին գու­մարն ալ կայ ա­նոր մէջ, ա­նոր եր­ջան­կու­թեամբ շատ բա­նե­րէ զրկուած ապ­րում­նե­րը կան ա­նոր մէջ, ա­նոր մէջ կայ կա­րօ­տը, կայ ան­հուն ու ան­սահ­ման սէ­րը զաւ­կին հան­դէպ, ար­ցունք­նե­րը, ո­րոնք յա­ճախ կը հո­սին կա­րօ­տին դրդու­մով:

Քայ­լե­րը քաշք­շե­լով կը մօ­տե­նայ ան գզրո­ցին, կը բա­նայ զայն, կը նե­տէ ձեռ­քը հոն, ուր կը գտնուի այդ ի­րը. փոքր կտա­ւէ տոպ­րա­կը կը բա­նայ ու դուրս կը հա­նէ ոս­կեայ, գե­ղե­ցիկ ա­րա­կան մա­տա­նին, ո­րուն վրայ կը փայ­լի ճար­ման­դը: Կը գրպա­նէ զայն ու դուրս կ­­՚ել­լէ տու­նէն: Ոս­կե­րիչ բա­րե­կա­մի մը խա­նու­թին մուտ­քին կանգ­նած է ա­հա: Կը մտնէ ներս ու գրպա­նէն հա­նե­լով մա­տա­նին կը դնէ սե­ղա­նին վրայ: Բա­րե­կա­մը կը զննէ մա­տա­նին ու.

-Պէտք է հա­նենք ճար­ման­դը ու կշռենք մա­տա­նիին ոս­կեայ բա­ժի­նը միայն, որ­պէս­զի, ըստ այնմ գի­նը ո­րո­շենք ու տանք,- կ­­՚ը­սէ բա­րե­կա­մը:

Կը հա­մա­ձայ­նի ե­րի­տա­սար­դը ու վեր­ջին ան­գամ կը շօ­շա­փէ մօ­րը յի­շա­տա­կը, կար­ծես նե­րո­ղու­թիւն կը խնդրէ ան մօր­մէն ու ներ­քուստ կը խոս­տա­նայ իր նիւ­թա­կան վի­ճա­կի բա­րե­լաւ­ման պա­րա­գա­յին նո­րը առ­նել ու այս յի­շա­տա­կին տե­ղը դնել: Բայց եւ այն­պէս ան նաեւ վստահ է, որ մայ­րը չի նե­ղա­նար, երբ ի­մա­նայ. մի­թէ ոս­կին նեղ օ­րե­րու հա­մար չէ՞, ա­հա այս կտոր մը ոս­կիին շնոր­հիւ մայրն է, որ կը հաս­նի զաւ­կին օգ­նու­թեան: Ե­րի­տա­սար­դը հա­մո­զուած կ՚եր­կա­րէ մա­տա­նին իր ոս­կե­րիչ բա­րե­կա­մին:

Ոս­կե­րի­չը նախ կը կշռէ մա­տա­նին, ա­պա կը սկսի ճար­ման­դը մա­տա­նիէն բաժ­նե­լու գոր­ծո­ղու­թեան: Մա­տա­նին կը ծռմռի, ե­րի­տա­սար­դին սիր­տը՝ նոյն­պէս կը ճմլուի: Մա­տա­նին ճար­ման­դով կը կշռէր տաս­նե­րեք կրամ: Ճար­ման­դը հա­նուե­լէն ետք ալ պէտք է կշռուի, որ ո­րո­շուի մնա­ցեալ ոս­կիին ար­ժե­գի­նը: Սա­կայն ի՞նչ է այս, ճար­ման­դին տա­կէն մէ­կիկ-մէ­կիկ դուրս կը հա­նէ ոս­կե­րի­չը այլ քա­րի կտոր­ներ, մանր, գու­նա­ւոր քա­րեր են կար­ծես: Ե­րի­տա­սար­դին ու ոս­կե­րի­չին զար­ման­քը կը նկա­տուի ա­նոնց հա­յեացք­նե­րէն: Քա­րերն ու ճար­ման­դը հա­ն-ւե­լէն ետք ոս­կին կը մնայ միայն եօ­թը կրամ, ո­րուն գու­մա­րը կը փո­խան­ցէ ոս­կե­րի­չը ե­րի­տա­սար­դին: Ե­րի­տա­սար­դը գու­մա­րին հետ կը փա­փա­քի նաեւ ու­նե­նալ ճար­մանդն ու մանր, գու­նա­ւոր քա­րե­րը, զորս ոս­կե­րի­չը կը տե­ղա­ւո­րէ մա­տա­նիին տոպ­րա­կին մէջ ու կը յանձ­նէ ե­րի­տա­սար­դին: Ան տոպ­րա­կը կը տե­ղա­ւո­րէ նոյն գզրո­ցին մէջ:

Քա­նի մը ա­միս ետք ե­րի­տա­սար­դին մօ­րը տան դու­ռը կը զար­նուի, կը բա­նայ ան ու նա­մա­կա­բե­րին ձեռ­քէն կը ստա­նայ նա­մակ մը: Աչ­քե­րը կը փայ­լին Տի­կին Սի­րու­նին, երբ տղուն հաս­ցէն կը տես­նէ նա­մա­կին պա­հա­րա­նին վրայ, սա­կայն պա­հա­րա­նը չբա­ցած ան կը զգայ անբ­նա­կան ծան­րու­թիւն մը, կը ցնցէ նա­մա­կը ու մա­նու­կի մը խա­ղա­լի­քի ձայ­ներ կը նկա­տէ ա­նոր մէջ: Կը բա­նայ զայն:

Նա­մա­կին պա­րու­նա­կու­թիւ­նը կ՚ըլ­լայ.

-Սի­րե­լի մայրս, կը հա­ւա­տա՞ս, որ այս նոր գոր­ծիս յա­ջո­ղու­թիւ­նը քե­զի կը պար­տիմ, կը յի­շե՞ս այդ մա­տա­նին, որ ան­ցեալ տա­րի ծննդեանս տօ­նին նուի­րած էիր ին­ծի: Այդ մա­տա­նիով դուն իմ ձեռ­քէս բռնե­ցիր ու փրկե­ցիր զիս նե­ղու­թե­նէս. չես կրնար պատ­կե­րաց­նել, մայրս, որ­քան նե­ղու­թիւն­նե­րէ ան­ցայ, բայց ա­հա­ւա­սիկ ան­ցեա­լի մէջ մնա­ցին ա­նոնք, աս­կէ ետք ալ իմ պարտքս է քե­զի օգ­նել ու զաւ­կի պար­տա­ւո­րու­թիւնս կա­տա­րել: Ըն­դու­նէ այս չնչին գու­մա­րը, որ­պէս չնչին նուէր, ո­րուն կից պի­տի գտնես մա­տա­նիին ճար­մանդն ու ա­նոր տա­կէն ե­լած մանր քա­րի կտոր­նե­րը: 

Տի­կին Սի­րուն կ­՚անդ­րա­դառ­նայ իր միամ­տօ­րէն խաբուած ըլ­լա­լուն, բայց ի՞նչ փոյթ, հո­գը իսկ չ­­՚ըլ­լար, քա­նի որ տե­ղե­կա­ցած է իր զաւ­կին լաւ ըլ­լա­լուն մա­սին ու շա՜տ ու­րա­խա­ցած:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Հինգշաբթի, Փետրուար 2, 2017