ՁԻՒՆԸ ԵՐԲ ԱՂՏՈՏԻ…

Եր­կին­քէն մա­ղուող ա­նա­րատ ձիւ­նը, մա­քուր սպի­տակ ձիւ­նը ո՜ր­քան կը նմա­նի նո­րա­ծին ան­մեղ մա­նու­կի մը։

Տա­կա­ւին երբ եր­կինքն է եւ հա­զիւ թէ կու գայ պա­տել աշ­խարհ, ձիւ­նը՝ սպի­տակ, մա­քուր, ան­բիծ, ի­րա­պէս կը նմա­նի մա­նու­կի մը՝ որ դեռ չէ՛ «աղ­տո­տած» աշ­խար­հով, մարդ­կա­յին այն էա­կը, որ կը ծնի մա­քուր եւ ա­նա­րատ եւ սա­կայն հա­զիւ թէ կը ծա­նօ­թա­նայ «աշ­խարհ»ին, ար­դէն աշ­խար­հը կը սկսի զինք պա­տել, գրա­ւել եւ կաշ­կան­դել։

Ժան Ժագ Ռու­սօ կ՚ը­սէ, թէ՝ մարդ ա­զատ ու ան­կախ կը ծնի եւ յե­տոյ հետզ­հե­տէ «գե­րի» կը դառ­նայ աշ­խար­հա­յին զա­նա­զան ե­րե­ւոյթ­նե­րով եւ կը խա­փա­նուի իր ա­զա­տու­թիւ­նը։ Եւ այս կեր­պով ո՜ր­քան նմա­նու­թիւն ու­նին եր­կին­քէն ի­ջած ձիւ­նը եւ նո­րա­ծին մա­նու­կը։ Աշ­խարհ՝ ուր կու գան, ար­դէն կը սկսին փո­խուիլ, կորսնց­նել ի­րենց ա­նա­րա­տու­թիւ­նը, անբ­ծու­թիւ­նը, մաք­րու­թիւ­նը, սրբու­թիւ­նը. «սպի­տակ» կու գան եւ հետզ­հե­տէ գորշ գոյն մը կը ստա­նան, կը սեւ­նան, լու­սա­ւոր կու գան, տա­կաւ կը խա­ւա­րին, բա­րի­քով կը դի­մա­ւո­րուին, բայց չա­րի­քով կը շրջա­պա­տուին՝ եր­կուքն ալ՝ ձիւ­նը եւ մարդ­կա­յին էա­կը՝ մա­նո՛ւ­կը։

Մա­նուկ մը՝ մին­չեւ պա­տա­նե­կու­թիւն, ե­րի­տա­սար­դու­թիւն եւ ան­կէ ան­դին՝ լիա­կա­տար չա­փա­հա­սու­թիւն ո՜ր­քան կ՚ա­ղար­տի, ո՜ր­քան կը փո­խուի թէ՛ մարմ­նա­պէս, թէ՛ հո­գե­պէս։ Ի՜նչ փո­փո­խու­թիւն…։

Ձի՛ւնն ալ այդ­պէս չէ՞, կը մնա՞յ իր ա­ռա­ջին օ­րուան պէս։ Կը փո­խուի, հո­ղին կը խառ­նուի, գոյն եւ նկա­րա­գիր կը փո­խէ, մին­չեւ իսկ ցե­խի կը վե­րա­ծուի, կը կորսնց­նէ իր ան­մե­ղու­թիւ­նը, գե­ղեց­կու­թիւ­նը եւ հետզ­հե­տէ ան­բաղ­ձա­լի կը դառ­նայ մար­դոց, ո­րոնք նա­խա­պէս սի­րով եւ հա­մակ­րան­քով սպա­սած եւ դի­մա­ւո­րած էին զայն։ Սեւ­ցած, աղ­տոտ եւ տիղ­մի վե­րա­ծուած ձիւ­նը այ­լեւս «ձիւն» չի՛ հա­մա­րուիր, զզուե­լի կը դառ­նայ ա­մէ­նուն։ Եւ մարդ կ՚ու­զէ որ ժամ ա­ռաջ հե­ռա­նայ իր­մէ այդ այ­լա­փո­խուած գո­յու­թիւ­նը, այն՝ որ ո՛չ ձիւն է, ո՛չ հող, ո՛­չինչ։

Ա՜հ, ե­րա­նի թէ չնմա­նէին ձիւն եւ մարդ էա­կը ի­րա­րու, ե­րա­նի՜ թէ ա­նոնք այս­քան չփո­խուէին, մնա­յին այն­պէս՝ ինչ­պէս էին ի­րենց ա­ռա­ջին ան­գամ տես­նուած եւ դի­մա­ւո­րուած օ­րը։ Բայց, ա­ւա՜ղ, ա՛յս է բնու­թեան ա­նայ­լայ­լե­լի, մշտնջե­նա­կան եւ ա­նո­ղորմ, ան­գութ օ­րէն­քը, պէտք է որ ա­մէն ինչ փո­խուի, եր­բեմն դէ­պի լաւ, եր­բեմն դէ­պի վատ, եր­բեմն դէ­պի բա­րի, կամ ա­ւե­լի բա­րի եւ եր­բեմն դէ­պի չար, եր­բեմն դէ­պի ա՛լ ա­ւե­լի գե­ղե­ցիկ եւ եր­բեմն տգեղ… եւ կար­ծես յա­ճախ դէ­պի վատ, դէ­պի չար եւ դէ­պի տգեղ, քա­նի որ բնա­կան օ­րէն­քին կը մի­ջամ­տէ աշ­խար­հի օ­րէն­քը եւ շատ ան­գամ կը գե­րա­զան­ցէ բնու­թեան օ­րէն­քը։

Ե­թէ այդ­պէս չէ, ա­պա ու­րեմն ին­չո՞ւ ա՜յս­քան չա­րու­թիւն, թշնա­մու­թիւն, տգե­ղու­թիւն, վա­տու­թիւն աշ­խար­հի վրայ։ Եւ ե­թէ այդ­պէս չէ, ին­չո՞ւ մա­քուր, ա­նա­րատ, սպի­տակ ձիւ­նը չի մնար իր նախ­կին վի­ճա­կին պէս եւ ին­չո՞ւ կ՚աղ­տո­տի, կը սեւ­նայ եւ նոյ­նիսկ ցե­խի կը վե­րա­ծուի, նկա­րա­գիր կը փո­խէ, երբ «աշ­խարհ» կու գայ…։

Սպի­տակ ձիւ­նը, վստա­հա­բար շատ եր­ջա­նի՜կ էր հոն՝ ուր­կէ աշ­խարհ ի­ջաւ, խա­ղաղ էր՝ լու­սա­ւոր եւ սպի­տակ։ Հա­պա ին­չո՞ւ ի­ջաւ աշ­խարհ։ Աղ­տո­տե­լո՞ւ, նա­խա­տինք ըն­դու­նե­լո՞ւ եւ կամ կորսնց­նե­լու իր նկա­րա­գի­րը՝ աղ­տո­տե­լու, սեւ­նա­լու, ցեխ դառ­նա­լու…։ Ո՜վ կ՚ու­զէ կորսնց­նել իր լաւ դիր­քը, նուաս­տա­նալ, կորսնց­նել իր խա­ղա­ղու­թիւ­նը, իր ա­զա­տու­թիւ­նը, իր եր­ջան­կու­թիւ­նը. ձիւ­նը ար­դեօք, ե­թէ գիտ­նար ի­րեն պա­տա­հե­լի այս դժբախ­տու­թիւն­նե­րը, կու գա՞ր աշ­խարհ, կ՚իջ­նէ՞ր վար, դէ­պի հո՜ղ…։

Հա­պա մարդ էա­կը՞, ան ալ որ­պէս ան­մեղ, ա­նա­րատ մա­նուկ կու գա՞ր աշ­խարհ, ա՜յս­քան չար­չա­րուե­լու, տան­ջուե­լու, ա՜յս­քան փո­խուե­լու՝ վատ­թա­րա­նա­լու, տգեղ­նա­լու, թշնա­մի­ներ ու­նե­նա­լու, ա­տե­լու եւ ա­տե­լու­թեան են­թար­կուե­լու, դժբախ­տու­թիւն­ներ, վիշ­տեր, ցա­ւեր կրե­լու, եր­բեմն ու­րա­խա­նա­լո՜ւ բայց ա­ւե­լի շատ տրտմե­լու… եր­բեմն յա­ջո­ղե­լու եւ շատ ան­գամ ձա­խո­ղե­լու, ան­յա­ջո­ղու­թեան մատ­նուե­լու, եր­բեմն շա­հե­լու եւ ա­ւե­լի յա­ճախ կորսնց­նե­լու, եր­բեմն օգտուե­լու, շատ ա­ւե­լիով վնա­սուե­լու… եւ այս­պի­սի աշ­խարհ մը գալ պի­տի ու­զէ՞ր մա­նու­կը՝ ան­մեղ, ա­նա­րատ, ան­բիծ ու բա­րի այդ մարդ էա­կը։ Ձիւ­նը եւ մա­նու­կը՝ ուր­կէ ե­կան աշ­խարհ, հոն խա­ղա­ղու­թիւն կը տի­րէր, հա­մե­րաշ­խու­թիւն, ան­դոր­րու­թիւն, ա­պա­հո­վու­թիւն, վստա­հու­թիւն, հա­պա հոս՝ ուր ի­ջաւ, ա­մէն ինչ փո­խուած՝ ոտ­քի կո­խան է ձիւ­նը, մինչ մա­նու­կը խառ­նուած աշ­խար­հի հա­զար ու մէկ փոր­ձու­թիւն­նե­րու տա­րա­փին, տա­րուե­լով չա­րա­գու­շակ հո­սանք­նե­րէ, կը կոր­սուի հետզ­հե­տէ։

Ձիւ­նը եւ մարդ էա­կը՝ մա­նու­կը կոր­սուե­լո՞ւ հա­մար աշ­խարհ կու գան։ Եւ ե­թէ գիտ­նա­յին կու գա­յի՞ն աշ­խարհ։ Խնդրա­կան է, քա­նի որ ան­պա­տաս­խա­նե­լի հար­ցում մը, ան­լու­ծե­լի խնդիր մըն է ա­սի­կա։ Կեան­քին մե՛ծ խոր­հուր­դը։

Եւ երբ ձիւ­նը աղ­տո­տի՝ ի՞նչ ա­ւե­լի աղ­տոտ կրնայ ըլ­լալ եր­բեք քան այդ «աղ­տոտ» ձիւ­նը։

Եւ երբ մա­նու­կը յե­տա­գա­յին վե­րա­ծուի «չա­րա­գործ»ի մը, մե­ղա­ւո­րի մը, ի՜նչ կրնայ ըլ­լալ ա­ւե­լի չար քան այդ «այ­լա­սե­րած» մա­նու­կը։

Ո՛չ մէկ բան չար չի ծնիր, քա­նի որ Աս­տուած չար ո՛­չինչ կը ստեղ­ծէ, այլ «չար»ը «բա­րի»ին այ­լա­սե­րած վի­ճա՛կն է։ Ուս­տի «չար» չկա՛յ, այլ՝ «այ­լա­սե­րած բա­րի»ն կայ։ Ձիւ­նին եւ մար­դուն էու­թիւ­նը, բնու­թիւ­նը, նկա­րա­գի­րը, կո­չու­մը ա­նա­րատ, ան­բիծ մաք­րու­թիւն է. սպի­տա­կու­թիւն եւ լոյս։ Ինչ­պէս ձիւ­նը «ձիւն» չէ ե­թէ ան­բիծ չէ, սպի­տակ չէ, մա­նուկն ալ «մարդ» չէ ե­թէ ան­մեղ չէ, ե­թէ աս­տուա­ծա­յին լոյ­սով լու­սա­ւո­րուած չէ։

Ուս­տի «ձիւն»ը եւ «մա­նուկ»ը չեն կրնար ի­րենց նկա­րա­գի­րը փո­խել եւ տա­կա­ւին «ձիւն» եւ «մա­նուկ» ըլ­լալ, չեն կրնար ի­րենց յատ­կան­շա­կան ինք­նու­թիւ­նը ու­րա­նալ, եղ­ծել եւ կո­չուիլ «ձիւն» եւ «մա­նուկ» պա­տուա­նուն­նե­րով, որ միայն հա­սա­րակ ա­նուն մը, ա­ծա­կան մը չէ, այլ մա­նա­ւանդ՝ ո­րա­կիչ ա­ծա­կա՛ն. ա­ծա­կան ա­ռա­քի­նու­թեան, ազ­նուու­թեան եւ մա­նա­ւանդ աս­տուա­ծա­տուր շնորհ­նե­րու։

Ձիւ­նը երբ աղ­տոտ է եւ մա­նու­կը երբ չա­րու­թեան հե­տամ­տիլ սկսած՝ այ­լա­սե­րած է, այ­լա­պէս ո՛չ ձիւ­նը այ­լեւս «ձիւն» է եւ մա­նու­կը այ­լեւս «մա­նո՛ւկ»։ Ձիւ­նը այ­լեւս «ցեխ» է, իսկ մա­նու­կը այ­լեւս «չար մարդ»։ Եւ որ­քա՜ն մեծ է հա­կադ­րու­թիւ­նը ձիւ­նին եւ ցե­խին, ինչ­պէս՝ մա­նու­կին եւ չա­րա­գործ մար­դուն մի­ջեւ։

Ցե­խը ձիւ­նին, չա­րա­մի­տը մա­նու­կին հեր­քումն է, մեր­ժումն է, ու­րա­ցո՛ւմն է։

Ձիւ­նին հա­մար ը­նե­լիք չկա՛յ, բայց կրնանք մա­նուկ­նե­րը պա­հել միշտ ման­կու­թեան ան­մե­ղու­թեա­նը մէջ։

Ան­գամ մը ջա­նա՜նք փոր­ձել…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­նուար 31, 2017, Իս­թան­պուլ

Հինգշաբթի, Փետրուար 2, 2017