ԳԵՐԵՎԱՐՈՒԱԾ ԱԶԷՐԻ ԶԻՆՈՒՈՐԻՆ ՄԱՅՐԸ ՀԵՐՔԵՑ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՊՆԴՈՒՄՆԵՐԸ
Մինչ Արցախի ճակատին վրայ լարուածութիւնը կը մնայ առկայ, Լեռնային Ղարաբաղ-Ատրպէյճան շփման գծին վրայ գերեվարուած ազէրի զինուոր Էլնուր Հիւսէյինզատէի հարցը կը մնայ ուշադրութեան առարկայ։ Ինչպէս ծանօթ է, Թալիշի մէջ նախընթաց օր Ատրպէյճանի զօրքերը կատարած էին ներթափանցման փորձ մը, որու ձախողման զուգահեռ գերի ինկած էր Էլնուր Հիւսէյինզատէ։ Ստեփանակերտի ղեկավարութիւնը տեղեկացուցած էր, որ ան կը գտնուի լրիւ անվտանգութեան մէջ։
Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարութիւն մը տարածելով փորձած էր հրաժարիլ Էլնուր Հիւսէյինզատէէն՝ պնդելով, որ ան հեռացուած է Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու շարքերէն։ Երէկ, Էլնուր Հիւսէյինզատէի մայրը հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով, որոնց շնորհիւ բացայայտուեցաւ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ կատարուած յայտարարութեան սուտ ըլլալը։ Էլնուր Հիւսէյինզատէի մայրը հերքեց Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութիւնը, ըստ որու գերեվարուածը բանակի զինուոր չէ։ Համացանցի վրայ այդ յայտարարութեան տեսանիւթն ալ դրուած է շրջագայութեան մէջ։ Այդ տեսանիւթին մէջ մայրը յայտնած է, որ գերեվարուած Էլնուր Հիւսէյինզատէ ռազմական ծառայութեան աւարտէն չորս ամիս վերջ վերադարձած է բանակ՝ պայմանագրային զինուորի կարգավիճակով։
Վերջին անգամ Էլնուր Հիւսէյինզատէ տուն այցելած է՝ դէպի Թալիշ ներթափանցման փորձի նախօրէի երեկոյեան։