ՈՒՂՂԱՀԱՅԵԱՑ ԹՂԹԱԴՐԱՄ
Վենեզուելայի մէջ սկսած են նոր ուղղահայեաց թղթադրամներ հրապարակել՝ 500-էն մինչեւ 20.000 պոլիվար արժէքով: Մինչեւ հիմա մեծագոյն արժէքով թղթոսկին 100 պոլիվարն էր, որուն վրայի պատկերը եւս ուղղահայեաց դիրքով տպագրուած է: Սեւ շուկային մէջ 20.000 պոլիվարը ներկայիս կ՚արժէ շուրջ 6 տոլար: Նոր թղթոսկիներու անհրաժեշտութեան պատճառը ելեւմտական բարեփոխումներն են: Խաբէութիւններու եւ պիւտճէական բացի դէմ յայտարարուած պայքարի ծիրին մէջ որոշուած է շրջանառութենէ հանել 100 պոլիվար արժողութեամբ թղթոսկին:
Վենեզուելայի մէջ ազգային դրամանիշի կտրուկ արժեզրկման պատճառով երկրի խանութներուն մէջ գնուած ապրանքի դիմաց տրուող թղթադրամները ոչ թէ կը հաշուէին, այլ կը կշռէին: