ՍՊԻՏԱԿԻ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻՆ ՄԱՍԻՆ ԺԱՊԱՒԷՆ

Խրի­մի մէջ սկսած է ռուս բե­մադ­րիչ Ա­լեք­սանտր Քո­թի «Սպի­տակ» շար­ժան­կա­րի նկա­րա­հա­նում­նե­րը, որ նուի­րուած է Հա­յաս­տա­նի մէջ 1988 թուա­կա­նի երկ­րա­շար­ժի 30-րդ տա­րե­լի­ցին: Շար­ժա­պատ­կե­րին մէջ կը խա­ղան հայ եւ ռուս, ինչ­պէս նաեւ ֆրան­սա­ցի դե­րա­սան­ներ: Ժա­պա­ւէ­նին ցու­ցադ­րու­թիւ­նը պի­տի սկսի 2018 թուա­կա­նին: «Այս շար­ժա­պատ­կե­րը ոչ թէ բնա­կան ա­ղէ­տի սար­սափ­նե­րու մա­սին է, այլ մար­դոց հե­րո­սու­թեան, այն մա­սին, որ այդ ող­բեր­գու­թիւ­նը վեր­ջին ան­գամն էր, երբ  ամ­բողջ մեծ եր­կի­րը (որ քա­նի մը տա­րի անց մա­սե­րու պի­տի բա­ժա­նուէր) շտա­պեց տու­ժած­նե­րուն օգ­նու­թեան», նշուած է «Թե­լես­թօ» հե­ռուս­տաըն­կե­րու­թեան հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ, որ կը զբա­ղի  ժա­պա­ւէ­նի ստեղծ­մամբ:

Շար­ժա­պատ­կե­րի նիւ­թը կա­ռու­ցուած է գլխա­ւոր հե­րոս Գո­ռի՝ ըն­տա­նի­քին հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու շուրջ: Բնա­կե­լով Մոս­կուա` Գո­ռը Հա­յաս­տա­նի մէջ գտնուող ըն­տա­նի­քին հետ չի շփուիր, միայն գու­մար կը փո­խան­ցէ: Սպի­տա­կի երկ­րա­շար­ժը կը քան­դէ ոչ միայն Գո­ռին տու­նը, այլ ա­նոր ամ­բողջ կեան­քը: Ժա­պա­ւէ­նին մէջ ներ­կա­յա­ցուած են նաեւ երկ­րա­շար­ժը իր ողջ ա­ղէ­տա­լի հե­տե­ւան­քով՝ դիակ­նե­րով լի մար­զա­դաշտ, հի­ւան­դա­նոց­ներ, տու­ժած­ներ, ա­ւե­րակ­ներ, մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թիւ­նը բաժ­նե­լու կէ­տեր: Բե­մադ­րիչ Ա­լեք­սանտր Քո­թի  աշ­խա­տաք­նե­րը ար­ժա­նա­ցած են  տար­բեր մրցա­նակ­նե­րու, ինչ­պէս՝ «Փոր­ձու­թիւն» ժա­պա­ւէ­նը 2014 թուա­կա­նին ար­ժա­նա­ցած է «Կի­նո­թաւր» փա­ռա­տօ­նի գլխա­ւոր մրցա­նա­կին, ա­ռա­ջադ­րուած՝ «Նի­քա» մրցա­նա­կին:

Շաբաթ, Փետրուար 4, 2017