ՊԱՏՈՒՈՅ ԿՈՉՄԱՆ ՅԱՆՁՆՈՒՄ
Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանին վերջերս շնորհուեցաւ՝ Հայաստանի մէջ գործող «Վասպուրական» հայրենակցական միութեան պատուոյ անդամի կոչում։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Տարօն Մարգարեան այս առթիւ հանդիպում մը ունեցաւ այդ հայրենակցական միութեան վարչութեան ներկայացուցիչներուն հետ։ Ան մասնաւորապէս կարեւորեց միութեան գործունէութիւնը ու վստահեցուց, որ Երեւանի քաղաքապետարանը պիտի շարունակէ աջակցութիւն ցուցաբերել այդ միութեան ծրագրերու իրականացման։ Քաղաքապետը մատնանշեց, որ Երեւանի քաղաքապետարանը կը համագործակցի զանազան հայրենակցական միութիւններու հետ ու մատնանշեց անոնց բոլորի առաքելութեան հասարակաց կողմերը։
«Վասպուրական» հայրենակցական միութեան վարչութեան փոխ-նախագահ, յայտնի պատմաբան Յարութիւն Մարութեանն ալ նշեց, որ իրենց նպատակն է վառ պահել պատմական յիշողութիւնը։
Զրոյցէն վերջ Տարօն Մարգարեանին հանդիսաւորապէս յանձնուեցաւ պատուոյ կոչման վկայականը։