ԱՆԳԼԻԱՑԻ ԴԻՒԱՆԱԳԷՏԻՆ ԵՐԵՒԱՆ ԱՅՑԸ
Անգլիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ տնօրէնութեան ղեկավար Սարա Սուինֆորտ վերջերս այցելեց Երեւան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Կարէն Նազարեանի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան քաղաքական երկխօսութեան, առեւտրատնտեսական համագործակցութեան, մշակութային փոխանակումներու աշխուժացման ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերը։ Կարեւորուեցաւ Երեւանի եւ Լոնտոնի համագործակցութիւնը՝ միջազգային կազմակերպութիւններու շրջանակներէն ներս։
Փոխ-նախարարը անգլիացի դիւանագէտին ներկայացուց ԵՄ-Հայաստան նոր իրաւական փաստաթուղթի շուրջ բանակցութիւններուն ընթացքը, ոլորտային համագործակցութեան ուղղութիւնները։ Ան ներկայացուց նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի էութիւնն ու խաղաղ կարգաւորման գործընթացի ծիրէն ներս զարգացումները։
Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Երեւանի մօտ Անգլիոյ դեսպան Ճուտիտ Ֆարնուորտ։