ՎՍՏԱՀԵԼԻ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐ

Ե­րե­ւա­նի մէջ նա­խըն­թաց օր կա­րե­ւոր ի­րա­դա­րձու­թիւն­ներ ապ­րուե­ցան Եւ­րո­միու­թիւն-Հա­յաս­տան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան տե­սա­կէ­տէ։ Սահ­մա­նա­կից Տա­ւու­շի մար­զէն ներս բա­ցուե­ցան՝ ա­ռա­ջին ա­տեա­նի դա­տար­ա­նի շէնքն ու պե­տա­կան ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու մա­տուց­ման նոր գրա­սե­նեակ­ներ, ո­րոնք կա­ռու­ցուե­ցան Եւ­րո­միու­թեան ելմ­տա­կան օ­ժան­դա­կու­թեամբ։ Բաց աս­տի, Մա­տե­նա­դա­րա­նի դահ­լի­ճի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Եւ­րո­միու­թիւ­նը Հա­յաս­տա­նի մէջ. հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հե­ռան­կար­ներ» խո­րագ­րեալ հան­դի­պում մը։ Թէ՛ բաց­ման հան­դի­սու­թեան եւ թէ այս հա­ւա­քին ներ­կայ գտնուե­ցան Հա­յաս­տա­նի Ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րար Ար­փի­նէ Յով­հան­նի­սեան եւ Եւ­րո­յանձ­նա­ժո­ղո­վի Հա­րե­ւա­նու­թեան եւ ընդ­լայն­ման բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու հար­ցե­րով տնօ­րէ­նու­թե­նէն՝ ընդ­հա­նուր տնօ­րէն Քրիս­տիան Տա­նի­լէլ­սոն, որ այս առ­թիւ այ­ցե­լեց Հա­յաս­տան։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Քրիս­տիան Տա­նիէլ­սոն անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ այն բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք կ՚ըն­թա­նան ԵՄ-ի եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ՝ ի­րա­ւա­կան նոր պայ­մա­նագ­րի մը վե­րա­պատ­րաս­տու­թեան հա­մար։ Ըստ եւ­րո­պա­ցի բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տա­րին, այդ պայ­մա­նա­գի­րը պի­տի վե­րա­հաս­տա­տէ Հա­յաս­տա­նի եւ Եւ­րո­միու­թեան ընդ­հա­նուր շա­հե­րը ո­լորտ­նե­րու լայն շրջա­նա­կի մը մէջ։ Ըստ ի­րեն, նոր շրջա­նա­կա­յին պայ­մա­նա­գի­րը ու­նի մեծ նե­րուժ՝ Եւ­րո­միու­թիւն-Հա­յաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման ա­ռու­մով։ «Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թիւ­նը կա­րե­ւոր տեղ կը զբա­ղեց­նէ ԵՄ-Հա­յաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ։ Մենք այդ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հզօ­րաց­ման, նոր պայ­մա­նագ­րի վե­րա­բե­րեալ վերջ­նա­կան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ճա­նա­պար­հին ենք։ Այդ պայ­մա­նա­գի­րը պի­տի վե­րա­հաս­տա­տէ մեր ընդ­հա­նուր շա­հե­րը ո­լորտ­նե­րու լայն շրջա­նա­կի մը մէջ։ Այս իսկ պատ­ճա­ռով աշ­խա­տանք­նե­րը ա­ւե­լի ար­դիւ­նա­ւէտ կազ­մա­կեր­պե­լու հա­մար մենք Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան հետ մեր ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րը կը յստա­կաց­նենք եւ ար­դէն իսկ կը ձեռ­նար­կենք միաս­նա­կան քայ­լե­րու», ը­սաւ ան։

Ե­րե­ւա­նի մէջ Տա­նիէլ­սոն ընդգ­ծեց, որ Հա­յաս­տան ԵՄ-ի հա­մար վստա­հե­լի եւ ար­դիւ­նա­ւէտ գոր­ծըն­կեր մըն է։ «Այս պա­հուն Հա­յաս­տա­նի եւ ԵՄ-ի մի­ջեւ գո­յու­թիւն ու­նի հա­մա­ձայ­նա­գիր մը, սա­կայն մե­զի անհ­րա­ժեշտ է նոր հա­մա­ձայ­նա­գիր մը, որ պի­տի ցո­լաց­նէ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հե­տա­գայ ուղ­ղու­թիւն­նե­րը», ը­սաւ Տա­նիէլ­սոն եւ յի­շե­ցուց, որ ներ­կա­յիս Հա­յաս­տան եւ ԵՄ կը բա­նակ­ցին նոր հա­մա­ձայ­նագ­րի մը շուրջ։ «Այդ հա­մա­ձայ­նագ­րին մէջ ընդգր­կուած պի­տի ըլ­լան քա­նի մը ո­լորտ­ներ եւ ի հար­կէ ա­նոնց շար­քին պի­տի ըլ­լան դա­տաի­րա­ւա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րը։ Ար­դա­րա­դա­տու­թեան եւ դա­տա­կան իշ­խա­նու­թեան ո­լորտ­նե­րուն մէջ ա­ջակ­ցու­թիւն կը տրա­մադ­րենք բո­լոր հիմ­նա­կան ուղ­ղու­թիւն­նե­րով։ Քրէա­կա­տա­րո­ղա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու բա­րե­փո­խում­նե­րը եւս կը գտնուին մեր ու­շադ­րու­թեան կեդ­րո­նին։ Ան­կախ եւ ան­կողմ­նա­կալ դա­տա­կան հա­մա­կար­գի մը ստեղծ­ման ա­ջակ­ցի­լը մեր ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւնն է», ը­սաւ Տա­նիէլ­սոն։

Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Տա­նիէլ­սոն մատ­նան­շեց, որ ԵՄ եւ Հա­յաս­տան լաւ հիմ­քեր ստեղ­ծած են մուտ­քի ար­տօ­նու­թիւն­նե­րու (վի­զա­նե­րու) ա­զա­տա­կա­նաց­ման հա­մար։ Կող­մե­րու մի­ջեւ կնքուած հա­մա­պա­տաս­խան հա­մա­ձայ­նա­գի­րը շատ լաւ հիմք մը կը հա­մա­րուի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հե­տա­գայ զար­գաց­ման տե­սան­կիւ­նէն։ «Բո­լո­րիս ծա­նօթ է այն ճա­նա­պար­հը, ո­րով կող­մե­րը պէտք է անց­նին վի­զա­նե­րու ա­զա­տա­կա­նաց­ման հա­մար։ Հա­յաս­տա­նի հետ այս շրջա­նին մենք հա­սած ենք բա­ւա­կան բարձր մա­կար­դա­կի մը», յայտ­նեց Տա­նիէլ­սոն։

Լրագ­րող­նե­րու հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տա­րը տե­ղե­կա­ցուց նաեւ, որ ԵՄ պի­տի խո­րաց­նէ Հա­յաս­տա­նի հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը շարք մը բնա­գա­ւառ­նե­րէ ներս։ Եւ­րո­պա­կան կող­մը պատ­րաստ է Հա­յաս­տա­նին ա­ջակ­ցե­լու կարգ մը ո­լորտ­նե­րու պա­րա­գա­յին։ «Մենք կը տես­նենք, որ հա­կա­ռակ բարդ ի­րա­վի­ճակ­նե­րու ԵՄ կը փոր­ձէ յաղ­թա­հա­րել իր առ­ջեւ ծա­ռա­ցած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը։ Մեր հա­րե­ւան­նե­րը նոյն­պէս ու­նին մար­տահ­րա­ւէր­ներ ու մե­զի հա­մար կա­րե­ւոր է, թէ ա­նոնք ինչ­պէս կը յաղ­թա­հա­րեն այդ բո­լո­րը», յայտ­նեց եւ­րո­պա­ցի պաշ­տօ­նեան եւ ա­ւել­ցուց, որ յա­ռա­ջի­կա­յին պի­տի քննար­կուի Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան ան­դամ պե­տու­թիւն­նե­րու մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն ա­ւե­լի շատ անդ­րա­դարձ կա­տա­րե­լու հար­ցը։ ԵՄ-Հա­յաս­տան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան անդ­րա­դառ­նա­լով՝ ան դի­տել տուաւ, որ այս պա­րա­գա­յին եւս մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը միաս­նա­կան են ու ԵՄ պատ­րաստ է խո­րաց­նե­լու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը հայ­կա­կան կող­մին հետ։ «Կրնանք նշել գոր­ծա­րա­րու­թեան ո­լոր­տը, որ բա­րե­լա­ւուած է, պե­տա­կան կա­ռա­վար­ման հա­մա­կար­գէն ներս յատ­կա­պէս լուրջ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն պի­տի ըլ­լայ՝ կազ­մա­կեր­պուած յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու, կա­շա­ռա­կե­րու­թեան դէմ պայ­քա­րի մէջ։ Չա­փա­զանց կա­րե­ւոր է կա­շա­ռա­կե­րու­թեան դէմ պայ­քա­րը ու կա­րե­ւոր է նաեւ, որ քա­ղա­քա­ցի­նե­րը նոյն­պէս ներգ­րա­ւուած են։ Կը կա­րե­ւո­րենք նաեւ փո­խադ­րու­թեան ո­լոր­տը, ուր Հա­յաս­տան ու­նի բա­ւա­կան յա­ռա­ջըն­թաց եւ մեծ նե­րուժ», ա­ւել­ցուց Քրիս­տիան Տա­նիէլ­սո­նը՝ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մար ա­ռանձ­նաց­նե­լով նաեւ նո­րա­րա­րու­թեան, կրթու­թեան եւ տնտե­սու­թեան բնա­գա­ւառ­նե­րը։ Ի լրումն այս բո­լո­րին Տա­նիէլ­սոն յայտ­նեց, որ ԵՄ բարձր կը գնա­հա­տէ Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ նա­խա­ձեռ­նուած բա­րե­փո­խում­նե­րը։ «Ի­րա­ւուն­քի գե­րա­կա­յու­թիւ­նը հիմ­նա­սիւնն է իւ­րա­քան­չիւր հա­սա­րա­կու­թեան։ Ան­կախ, ան­կողմ­նա­կալ ու միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ար­դիւ­նա­ւէտ դա­տա­կան իշ­խա­նու­թիւ­նը հիմ­նա­կան լուծ­ման ուղ­ղու­թիւնն է։ Այս պատ­ճա­ռով Եւ­րո­միու­թիւ­նը բարձր կը գնա­հա­տէ այն բա­րե­փո­խում­նե­րը, ո­րոնց սկսած է Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը», ա­ւել­ցուց ան։

Իր կար­գին, նա­խա­րար Ար­փի­նէ Յով­հան­նի­սեանն ալ յայտ­նեց, որ ԵՄ-ի հետ կա­յուն հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը մի­տուած է ա­պա­գա­յին ա­ռա­ւել սեր­տա­նա­լու եւ զար­գա­նա­լու։ Ար­դա­րեւ, հա­մա­տեղ կեան­քի կո­չուած ծրագ­րե­րը ծա­ւա­լուն են եւ հա­մա­կար­գա­յին։ Այդ ծրագ­րե­րը յա­ջող են, ճիշդ թի­րա­խա­ւո­րուած ու նպա­տա­կա­յին։

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուրդ Նալ­պան­տեանն ալ նա­խըն­թաց օր Ե­րե­ւա­նի մէջ սար­քած մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին անդ­րա­դար­ձած էր ԵՄ-ի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին։ Նա­խա­րա­րը տե­ղե­կա­ցու­ցած էր, որ նոր ի­րա­ւա­կան փաս­տա­թուղ­թին շուրջ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը կը մօ­տե­նան եզ­րա­փա­կիչ փու­լի։ «ԵՄ-ի հետ մենք սկսած ենք ի­րա­ւա­կան փաս­տա­թուղ­թի շուրջ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու, մին­չեւ այ­սօր տե­ղի ու­նե­ցած է բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ինն փուլ։ Կը կար­ծեմ մենք կը մօ­տե­նանք եզ­րա­փա­կիչ փու­լին։ Գրե­թէ հա­մա­ձայ­նե­ցուած է ճնշող մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը այն դրու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք այդ փաս­տա­թուղ­թին մէջ նե­րառ­նուած են թէ՛ քա­ղա­քա­կան եւ թէ տնտե­սա­կան մա­սով», ը­սաւ Նալ­պան­տեան եւ ա­ւել­ցուց, որ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն յա­ջորդ փու­լը նա­խա­տե­սուած է այս ա­միս։

Եւ­րո­յանձ­նա­ժո­ղո­վի ընդ­լայն­ման ու հա­րե­ւա­նու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հար­ցե­րով յանձ­նա­կա­տար Եո­հան­նէս Հանն ալ վեր­ջերս յայ­տա­րա­րած էր, որ Հա­յաս­տա­նի հետ եւ­րո­պա­կան կող­մը կը բա­նակ­ցի վի­զա­յի դրու­թեան ա­զա­տա­կա­նաց­ման հար­ցին շուրջ։ «Կը վստա­հեց­նեմ, որ մենք շա­հագրգ­ռուած ենք բո­լո­րի հա­մար բա­րե­լա­ւել շար­ժու­նու­թիւ­նը», ը­սած է յանձ­նա­կա­տա­րը։ 

Շաբաթ, Փետրուար 4, 2017