ՊԱՔՈՒ ԴԱՐՁԵԱԼ ՆԱԽԱՅԱՐՁԱԿ. ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ԿԵՐՏԵԼՈՒ ՈՐԵՒԷ ՀԵՌԱՆԿԱՐ ԵՐԵՒԵԼԻ ՉԷ
Այն ժամերուն, երբ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան «տարին ամփոփող մամլոյ ասուլիս» կու տար, Ատրպէյճանի բանակի ջոկատներ Ղարաբաղի հիւսիսային սահմաններու (Թալիշ) ուղղութեամբ ներթափանցման փորձ կը կատարէին: Ատրպէյճանական ոտնձգութիւնը կը բախէր հայկական սահմանապահ զօրքերու համապատասխան քայլերուն, որոնց արդիւնքով գրոհող կողմը ետ կը մղուէր, առնուազն տալով մէկ վիրաւոր: Այս բոլորին առընթեր ամենէն «զգայացունց» տեղեկութիւնը կը հանդիսանար ատրպէյճանցի զինուոր Էլնուր Հիւսէյինզատէին (1995, Պարտա) գերի իյնալը: Պաքու հակակշռելու համար ընդհանուր իրադրութիւնը՝ կը յայտարարէր, որ սահմանախախտումը ոչ մէկ կապ ունի բանակին հետ եւ ան հաւանաբար «մոլորած» է:
Ատրպէյճանական կողմին գլտորած «հէքեաթ»ը շատ կարճ կեանք կ՚ունենար: Դէպքէն մէկ օր վերջ, Հայաստանի լրատուական ցանցի յառաջատար կայքերը իրենց գլխաւոր էջերուն կը տեղադրէին կարճ տեսանիւթ մը (ատրպէյճանական թրքերէնով), ուր գերեվարուած զինուորին մայրը կը յայտնէր, որ իր զաւակը բանակին մէջ կը ծառայէ (տեսանիւթը առնուած էր Istipress.com կայքէն):
Դէպքին ամբողջական տեղեկութիւնները ցարդ չեն յայտարարուած, բայց յստակ է, որ եղածը արդիւնք է կազմակերպուած աշխատանքի եւ այդ ոտնձգութեան մասնակիցները ոչ միայն բանակի անդամ զինուորներ են, այլ անոնք շատ հաւանաբար մասնայատուկ ջոկատներու մաս կազմող բանակայիններ: Ամէն պարագայի այս խնդրին շուրջ շատ բան պիտի յստակենայ, երբ Ղարաբաղի պատկան մարմինները ամբողջական տեղեկութիւններ հրապարակեն դէպքին, ինչպէս նաեւ անոր ծալքերուն մասին:
Հայաստանի սահմանային Տաւուշ մարզի Չինարի գիւղի սահմանին ուղղութեամբ տեղի ունեցած յարձակումէն (Դեկտեմբեր, 2016) ի վեր եղածը պէտք է համարել երկրորդ գլխաւոր դէպք Հայաստան-Ատրպէյճան ու յատկապէս Ղարաբաղ-Ատրպէյճան սահմանային գօտիին վրայ:
Թալիշի ուղղութեամբ կատարուած այս դատապարտելի արարքը կը կա-տարուէր երկու նպատակներով:
ա. Յարձակումը կու գար շօշափել հայկական սահմանապահ զօրքերուն զգօնութեան աստիճանը:
բ. Կը միտէր վախի եւ սարսափի մթնոլորտ ստեղծել անցեալ տարուան ապրիլեան քառօրեայի հետեւանքով շրջանէն հեռացած ու օրերս վերադարձած թալիշցիներուն, որոնք մեծ ճիգեր կ՚իրականացնեն վերակառուցելու համար բաւական ծանր վնասներու ենթարկուած գիւղը:
Պաքուի համար Թալիշը կը շարունակէ մնալ կարեւոր թիրախ։ Շատ հաւանաբար այս մօտեցումով ամրագրուած է, որ Ատրպէյճանի զինուորական ղեկավարութիւնը վճռած էր անգամ մը եւս «ճեղքել» Թալիշի ճակատը:
Բաց աստի, Պաքուի կողմէ կատարուած այս քայլը կը փորձէր ամէն գնով հայկական կողմին յիշեցնել, որ ղարաբաղեան հիմնախնդիրը զինուորական ընտրանքներով լուծելու եղանակը «հիմնական օրակարգ» է:
Սակայն խաղը կը շրջուէր, շնորհիւ հայկական բանակի արագ եւ կտրուկ քայլերուն ու Պաքուն մղելու վերատեսութեան ենթարկել՝ հայկական բանակի դիրքերուն ուղղութեամբ ներթափանցման փորձեր կատարելու իր ամբողջ գործելաոճը:
Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանի մամլոյ խօսնակին՝ Դաւիթ Պապայեանի կարծիքով, Ատրպէյճան շատ արագ կրնայ «լուծել» իր գերեվարուած զինուորին խնդիրը: Դաւիթ Պապայեան այս մասին «Հայկական Ժամանակ» օրաթերթին ըսած է. «Անոնք հրաժարուած են այդ զինուորէն եւ ասիկա ֆաշիզմի դրսեւորում է: Անոնք այդպէս կը վարուին ոչ միայն հարեւանի, այլ նաեւ իրենց սեփական քաղաքացիի նկատմամբ: Անոնք հրաժարուած են զինուորէն, հայրենիքի պաշտպանէն, զայն ներկայացուցած են որպէս զօրացրուած անձնաւորութիւն, երիտասարդ մը, որ կը խախտէր զինուորական կանոնները: Փաստօրէն, ալիեւեան կլանին պէտք են միայն զոհուած հերոսներ»:
Պապայեանի գերեվարուած զինուորը «ուրացում»ի ոճին մասին կատարած դիտարկումը, բնականաբար ունի իր նախապատմութիւնը: Այսինքն առաջին անգամը չէ, որ Պաքու այս «խաղ»էն դուրս ելլելու համար այս խարդաւանքին կը դիմէ: Այլ խօսքով՝ այս նեղ կացութենէն դուրս գալու համար, Պաքուին համար երբեք դժուար չէ «ծախել» իր զինուորը: Այս առումով է նաեւ, որ յատուկ նշանակութիւն կը ստանան Դաւիթ Պապայեանի խօսքերը, ըստ որոնց ներկայ պահու դրութեամբ Էլնուր Հիւսէյինզատէի համար ամենէն ապահով տեղը Ղարաբաղն է:
Ղարաբաղի իշխանութիւններուն համար ալ ոչ մէկ պարագայի նման գերիներ «պահելու» հարցը շահաւէտ խնդիր է: Այսինքն ղարաբաղցիք չեն, որ գրոհ եւ սադրանք կը կազմակերպեն, այլ հերթական անգամ հակառակորդը այդ ոճը կիրարելով կը փորձէ նոր միաւորներ կուտակել:
Ներկայ պահու դրութեամբ Պաքու Ղարաբաղի հարցին շուրջ խաղաղ ճանապարհով լուծումներ մէջտեղ բերելու հոգեվիճակին մէջ չէ: Ու այս մօտեցումով շարժող վարչամեքենային համար ալ, իր հարիւր կամ նոյնիսկ հազար զինուորներու դագաղները ոչ մէկ կարեւորութիւն ունին: Հակառակորդ կողմին համար հարցը «մարմանդ» կրակի վրայ «վառ» եւ խաղաղ բնակչութիւնը պատերազմի սոսկումներուն եւ ուրուականին մէջ պահելն է:
Ճիշդ ձեւակերպումը պատերազմի ահը չէ, այլ պատերազմի ուրուականը: Ու այս բոլորին դիմաց ղարաբաղցի ժողովուրդին աննկուն կամքը եւ իր պապենական հողերուն վրայ ամէն գնով կեանքը շարունակելու վճռակամութիւնը: Տխուրը եւ ցաւցնողը Ղարաբաղը խաղաղ պայմաններու մէջ զարգացնելու հեռանկարները հեռացնելուն մէջ է: Ու Պաքու ամէն առիթով իր նոյն պատերազմասէր երեսը ցոյց տալով՝ ոչ միայն խոցելի կը դարձնէ իր՝ առանց ատոր ալ խոցուած երեսը, այլ աւելիով կը հեռացնէ միասնաբար խաղաղութիւն կերտելու բոլոր ճանապարհները: Ղարաբաղցիք շատ լաւ կը գիտակցին այս մէկը: Անոնց համար խաղաղութեան եւ պատերազմի երկու ձիերը միասին կը վազեն: Այդ ձիերը հաւասարազօր ուժ ունին: Մինչ խաղաղութիւնը, խաղաղութեամբ ապրելու ընտրանքը դժուարագոյն ընտրութիւն մըն է, անդին Պաքուի ընտրած ճանապարհը կը խօսի բացարձակ թուլութեան եւ անհեռատես քաղաքականութեան մը մասին:
Խաղաղութեան նիւթը անցնող մի քանի ամիսներուն քննարկման մեծ լսարան ապահովեց մանաւանդ Հայաստանի առաջին նախագահի յայտնի ելոյթէն վերջ: Հայաստանի քաղաքական ընտրանիին համար ալ խաղաղութիւն կերտելու դրոյթը մերժելի ընթացք մը չէ։ Այս խօսքին ամենէն վառ ապացոյցը Եդուարդ Նալպանտեանի վերջին մամլոյ ասուլիսին հնչած միտքն է այն մասին, թէ Հայաստան բանակցութեան գործընթացներէն յոգնելու եւ տեղի տալու որեւէ իրաւունք չունի, այնքան ժամանակ, երբ ղարաբաղեան հիմնահարցը խաղաղ միջոցներով լուծելէ բացի այլ ելք մը չունի:
Բացի այս բոլորէն, ամենէն մտահոգիչը միջազգային հանրութեան արդէն իսկ ձեւական դարձած արձագանգներն են: Դատապարտումի խօսքերէն, հրադադարը կայուն եւ ամուր պահելու յորդորներէն անդին միջազգային հանրութիւնը չի մտածեր «լիարժէք» կերպով ձեռնամուխ ըլլալ ղարաբաղեան հիմնախնդրի լուծման կապակցութեամբ: Եթէ անցնող Ապրիլի դէպքերէն ետք բանակցային գործընթացին հետ կապուած որոշ աշխուժութիւն մը առկայ էր, այսօր ակնյայտ է արդէն, որ Ղարաբաղը չի գտնուիր Հարաւային Կովկասի հարցերուն մէջ «խօսք ունեցող» կողմերու սեղանին: Այս վիճակը իր ժխտական արձագանգները կ՚ունենայ երկու երկիրներուն՝ Հայաստանին ու Ատրպէյճանին համար: Այս մօտեցումէն անդին կայ նաեւ այն վարկածը, թէ Պաքուի համար Ղարաբաղի հարցին անլոյծ պահուիլը մշտական վառելանիւթ է, առանց անոր ալ քաղաքական ու տնտեսական մեծ հարցերու առջեւ կանգնած Ալիեւի իշխանակարգին համար:
Եւ այս պատկերին վրայ յստակ կը դառնայ, որ հայկական կողմը ունի մէկ ճանապարհ, որն է ամէն գնով ամրացնել իր սահմանային եզրագիծին անվտանգութիւնը եւ յաւելեալ ազգային միասնականութիւն ապահովել հայկական բանակին շուրջ:
Ուժեղ բանակները խաղաղութիւն պարտադրելու մեծագոյն գրաւականն են, մանաւանդ այս պարագային, երբ հակառակորդին համար խաղաղութիւն կերտելու ընտրանքը բացակայող ազդակ է:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան