ՃՈՐՃ ՔԼՈՒՆԻՆ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ «ՍԵԶԱՐ» ՄՐՑԱՆԱԿԸ
Հոլիվուտեան յայտնի դերասան Ճորճ Քլունի Փետրուարի 24-ին կը ստանայ պատուաւոր «Սեզար» շարժանկարի մրցանակը։ Այս որոշումը կայացուցած է Ֆրանսայի Շարժանկարի ակադեմիան:
Ակադեմիոյ անդամներու ընտրած են Քլունին՝ անոր դերասանական, բեմադրական, արտադրական աշխատանքի, ինչպէս նաեւ «արուեստագիտական եւ հոգեւոր վեհութեան» համար:
Ակադեմիան ընդգծած է, որ Քլունին իր սերունդի ամենահմայիչ դերասանն է, որ կ՚արտացոլացնէ հոլիվուտեան գրաւչութիւնը, իսկ անոր անունը յաւերժ կը մնայ առասպելական դերասաններու պանթէոնին մէջ:
Միւս կողմէ, նախորդ տարիներուն «Սեզար» մրցանակին արժանացած են Մայքըլ Տակլըս, Շոն Փեն, Քէյթ Ուինսլէթ, Քուենթին Թարանթինօ: