Ա­շոտ Ա. ­Մեծ (­Բագ­րա­տու­նի, 820-890). ­Բագ­րա­տու­նեաց ­Հարս­տու­թեան հիմ­նա­դի­րին ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան կտա­կը

1127 տա­րի ա­ռաջ, 2 ­Փետ­րո­ւար 890 թը-ա­կա­նին, ­Փոքր ­Հայ­քի իր ժո­ղո­վուր­դին տուած ար­քա­յա­կան շրջայ­ցի մը ըն­թաց­քին, հի­ւան­դա­ցաւ եւ վախ­ճա­նե­ցաւ հա­յոց պատ­մու­թեան ար­ժա­նա­ւոր կեր­տիչ­նե­րէն՝ Բագ­րա­տու­նեաց ­Հարս­տու­թեան հիմ­նա­դիր թա­գա­ւոր Ա­շոտ Ա­ռա­ջին ­Բագ­րա­տու­նին։

Ար­շա­կու­նեաց թա­գա­ւո­րու­թեան ան­կու­մէն դա­րեր ետք, Ա­շոտ Ա­ռա­ջին յա­ջո­ղե­ցաւ ոչ միայն վե­րա­կանգ­նել հա­յոց ան­կախ պե­տա­կա­նու­թիւ­նը, այ­լեւ՝ իր հիմ­նած Բագ­րա­տու­նեաց ­Հարս­տու­թեամբ՝ պատ­մակ­շիռ նշա­նա­կու­թեամբ մեծ ներդ­րում ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի վե­րա­միաց­ման ու ան­կա­խու­թեան նո­ւա­ճու­մին պատ­մա­կերտ գոր­ծին մէջ։

Իր այդ վաս­տա­կին հա­մար ալ, Ա­շոտ Ա. ­Բագ­րա­տու­նի հայ ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ ար­դա­րօ­րէն ար­ժա­նա­ցաւ Ա­շոտ ­Մեծ ա­նո­ւա­նա­կո­չու­թեան։

Հայ մա­տե­նա­գիր­նե­րէն ­Յով­հան­նէս Դ­­րաս­խա­նա­կերտ­ցիի վկա­յու­թեամբ՝ Ա­շոտ Ա. Ար­քան հի­ւան­դա­ցաւ եւ մա­հա­ցաւ ­Բա­գա­րա­նի մեր­ձա­կայ ­Քարս­պառ կո­չո­ւած վայ­րին մէջ։ Զ­­գա­լով իր մօ­տա­լուտ մա­հը՝ Ա­շոտ Ա. իր մօտ կան­չեց ­Հա­յոց ­Գէորգ ­Կա­թո­ղի­կո­սը եւ ա­նոր յանձ­նեց մե­ծա­քա­նակ ար­ծաթ ու ոս­կի՝ տնանկ­նե­րուն ու աղ­քատ­նե­րուն բաշ­խե­լու հա­մար։ Իսկ ­Հա­յաս­տա­նեայց Ե­կե­ղեց­ւոյ կտա­-կեց նշա­նա­կա­լից հարս­տու­թիւն­ներ։ Թա­գա­ւո­րին դին տա­րո­ւե­ցաւ ­Բա­գա­րան եւ մեծ հան­դի­սա­ւո­րու­թեամբ ու շքե­ղու­թեամբ հո­ղին յանձ­նուե­ցաւ։

Վախ­ճա­նեալ ­թա­գա­ւո­րը հան­դեր­ձա­ւո­րե­ցին ոս­կե­հուռ զգեստ­նե­րով. դա­գա­ղը զար­դա­րե­ցին ոս­կե­զօծ դրօշ­նե­րով. առ­ջե­ւէն քա­լե­ցին զի­նա­վառ զի­նո­ւոր­նե­րու խում­բեր, իսկ ­Կա­թո­ղի­կոսն ու ա­նոր ըն­կե­րա­կից կղե­րա­կան­նե­րը, շրջա­պա­տե­լով դա­գա­ղը, ա­ղօթք­ներ կա­տա­րե­ցին եւ սաղ­մոս­ներ եր­գե­ցին։ Ա­շո­տի ա­ւագ որ­դին՝ գա­հա­ժա­ռանգ Սմ­­բա­տը, նոյն­պէս եւ եղ­բայ­րը՝ Ա­բաս սպա­րա­պե­տը թաղ­ման ներ­կայ չէին։ ­Բայց միւս որ­դի­նե­րը՝ ­Դա­ւի­թը, ­Սա­հա­կը եւ ­Շա­պու­հը, քա­լե­ցին դա­գա­ղին ե­տե­ւէն։ Ա­նոնց կը հե­տե­ւէին հա­յոց իշ­խան­ներն ու հա­սա­րակ ժո­ղո­վուր­դի բազ­մու­թիւ­նը։ Ա­շոտ Ա. իր յա­ւի­տե­նա­կան հան­գիս­տը գտաւ 71 տա­րե­կան հա­սա­կին՝ հա­յոց տո­մա­րի 339 կամ 340 թո­ւա­կա­նին, որ կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէ քրիս­տո­նէա­կան տո­մա­րի 890 թո­ւին։

Ա­շոտ ­Մեծ ­Հա­յոց ­Պատ­մու­թեան հսկա­նե­րու փա­ղան­գին մէջ իր իւ­րա­յա­տուկ տե­ղը ու­նե­ցաւ՝ իբ­րեւ քա­ղա­քա­կան ռազ­մա­գէտ եւ ճկուն դի­ւա­նա­գէտ, որ կրցաւ ա­ռա­ւե­լա­գոյնս օգ­տո­ւիլ իր ժա­մա­նա­կին ամ­բողջ ­Փոքր Ա­սիոյ տի­րա­պե­տող ­Բիւ­զան­դա­կան Կայս­րու­թեան եւ Ա­րա­բա­կան ­Խա­լի­ֆա­յու­թեան մի­ջեւ առ­կայ հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րէն ու մըր-ցա­պայ­քա­րէն՝ ի նպաստ հա­յոց ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մին ծա­ռա­յեց­նե­լով ար­տա­քին, աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան նպաս­տա­ւոր պայ­ման­նե­րը։

Ա­շոտ ­Մե­ծի ո­գե­կո­չու­մով՝ լու­սար­ձա­կի տակ կ­­՚առ­նո­ւի ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան մեծ ա­ւան­դը ­Բագ­րա­տու­նեաց տոհ­մի այս գլխա­ւոր գոր­ծի­չին։ Ա­ւանդ մը, որ մնա­յուն յու­շա­րարն է հա­յոց պատ­մու­թեան բազ­մա­դա­րեան հո­լո­վոյ­թէն, փա­ռա­ւոր վե­րելք­նե­րէն եւ ա­հա­ւոր ան­կում­նե­րէն բխող այն ի­մաս­տուն քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, որ ար­դի ժա­մա­նակ­նե­րուն՝ «Ով հայ ժո­ղո­վուրդ, քո միակ փրկու­թիւ­նը քո հա­ւա­քա­կան ու­ժի մէջ է» Չա­րեն­ցեան պատ­գա­մով, հիմ­նա­սիւ­նե­րէն մէ­կը կը հան­դի­սա­նայ հայ ազ­գա­յին փի­լի­սո­փա­յու­թեան։

Ա­շոտ Ա­ռա­ջին ­Բագ­րա­տու­նիի մե­ծու­թիւ­նը կը կա­յա­նայ նախ իր հե­տապն­դած ազ­գա­յին մեծ ե­րա­զին՝ ­Հա­յաս­տան Աշ­խար­հի եւ Հայ­կեան Ա­ծո­ւի վե­րա­միաց­ման ու վե­րան­կա­խաց­ման հան­գա­նա­կին մէջ։ Ա­պա եւ նոյն­քան կեն­սա­կան՝ անվ­հատ պայ­քա­րով, մար­տու­նա­կու­թեամբ եւ ռազ­մա­վա­րա­կան ճկու­նու­թեամբ իր ու­ղին հար­թե­լու նպա­տա­կա-ս­լա­ցու­թեան ու հե­տե­ւո­ղա­կա­նու­թեան մէջ։

Ա­շոտ ­Մեծ գիտ­ցաւ ոչ միայն ա­ռա­ւե­լա­գոյնս օգ­տո­ւիլ ար­տա­քին պայ­ման­նե­րու հա­յան­պաստ դա­սա­ւո­րու­մէն, այ­լեւ՝ կրցաւ անհ­րա­ժեշտ կամ­քը դրսե­ւո­րել ու մէկ կող­մէ բա­ժան-բա­ժան ե­ղած հա­յոց ­Նա­խա­րա­րա­կան ­Տու­նե­րը իր դրօ­շին տակ միա­ւո­րել, իսկ միւս կող­մէ հա­յոց հա­ւա­քա­կան ու­ժին ինք­նա­հաս­տա­տու­մով տա­րա­ծքաշր­ջա­նի տի­րա­կալ ու­ժե­րուն ըն­դու­նե­լի դարձ­նել հա­յոց թա­գա­ւո­րու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մը՝ ­Բագ­րա­տու­նեաց թա­գով։

Պատ­մա­կան հա­կիրճ ծա­նօ­թագ­րու­թեամբ, ­Բագ­րա­տու­նի­նե­րու ­տոհ­մին յի­շա­տա­կու­թեան կը հան­դի­պինք պատ­մա­հայր ­Մով­սէս Խո­րե­նա­ցիի մօտ, որ նաեւ ա­ռա­ջին վկա­յու­թիւ­նը ար­ձա­նագ­րած է ­Բագ­րա­տու­նի­նե­րու հրէա­կան ծա­գու­մին մա­սին։ Ար­շա­կու­նեաց Վա­ղար­շակ թա­գա­ւո­րը ­Բագ­րա­տու­նի­նե­րու նա­հա­պետ ­Շամ­բատ ­Բա­գա­րա­տին իշ­խա­նաց իշ­խան կար­գած եւ թա­գա­ւո­րու­թեան ա­րեւմը-­տեան տա­րած­քը յանձ­նած է ա­նոր կու­սա­կա­լու­թեան։ Ար­շա­կու­նեաց գա­հա­կա­լա­կան ար­ձա­նագ­րու­թեանց մէջ, թա­գա­ւո­րու­թեան ­Նա­խա­րա­րա­կան ­Տու­նե­րու շար­քին Բագ­րա­տու­նի­նե­րը յի­շա­տա­կո­ւած են երկ­րորդ տե­ղը՝ ­Սիւ­նեաց ­Նա­խա­րա­րա­կան ­Տու­նէն յե­տոյ։

Ար­շա­կու­նեաց ­Թա­գա­ւո­րու­թեան ան­կու­մին հե­տե­ւող ­Պարս­կա­կան եւ, այ­նու­հե­տեւ, Ա­րա­բա­կան Խա­լի­ֆա­յու­թեան տի­րա­պե­տու­թեան եր­կար ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, Հա­յաս­տա­նը կա­ռա­վա­րող ­Մարզ­պա­նի կամ Կու­սա­կա­լի դիր­քին հա­մար մրցակ­ցու­թիւ­նը սուր ե­ղած է ­Մա­մի­կո­նեան­նե­րու եւ Բագ­րա­տու­նի­նե­րու մի­ջեւ։

Վե­ցե­րորդ դա­րէն սկսեալ այդ մրցա­պայ­քա­րը վերջ գտած է ­Բագ­րա­տու­նի­նե­րու յաղ­թա­նա­կով եւ ա­րա­բա­կան ­Խա­լի­ֆա­նե­րու կող­մէ ­Բագ­րա­տու­նի իշ­խան­նե­րուն վստա­հո­ւած է հայ­կա­կան զօր­քե­րու սպա­րա­պե­տու­թիւնն ու ­Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­մը։

Ա­շոտ Ա­ռա­ջին ծնած է, ըստ ո­րոշ աղ­բիւր­նե­րու, 820 թո­ւա­կա­նին։ Իսկ մա­տե­նա­գի­տա­կան ստոյգ տե­ղե­կու­թիւն է, որ 855 թո­ւա­կա­նին ան յա­ջոր­դեց իր հօր՝ հա­յոց սպա­րա­պետ Սմ­­բատ ­Բագ­րա­տու­նիին։ Շր­­ջա­նին տի­րա­պե­տե­լու ա­րա­բեւ­բիւ­զան­դա­կան մրցա­պայ­քա­րը ար­դէն մա­շե­ցու­ցած էր զոյգ կայս­րու­թիւն­նե­րը եւ Ա­շոտ ­Բագ­րա­տու­նի իշ­խա­նը լա­ւա­գոյնս օգ­տո­ւե­ցաւ բիւ­զան­դա­կան եւ ա­րա­բա­կան ազ­դե­ցու­թեանց թու­լա­ցու­մէն՝ մէկ կող­մէ իր շուրջ հա­մախմ­բե­լով եւ միա­ւո­րե­լով այ­լա­պէս ի­րա­րու հետ պայ­քա­րի մէջ գտնո­ւող հայ նա­խա­րա­րա­կան տու­նե­րը, իսկ միւս կող­մէ՝ հայ­կա­կան տա­րածք­նե­րը են­թար­կե­լով իր վար­չա­կան, տնտե­սա­կան եւ քա­ղա­քա­կան տի­րա­կա­լու­թեան։ Իր այդ յա­ջո­ղու­թեանց ար­դիւն­քով՝ Ա­շոտ Բագ­րա­տու­նի ար­ժա­նա­ցաւ հա­յոց Իշ­խա­նաց Իշ­խան տիտ­ղո­սին՝ Խա­լի­ֆա­յու­թեան կող­մէ։ Պատ­մա­գիր­նե­րը յատ­կա­պէս կը յի­շա­տա­կեն Ա­շոտ ­Բագ­րա­տու­նիի յանդգ­նու­թիւ­նը, երբ ի­րեն սպան­նե­լու դա­ւադ­րու­թեան նա­խա­ձեռ­նած ա­րաբ զի­նո­ւո­րա­կան կա­ռա­վա­րի­չին բռնի ու­ժով դուրս վտա­րեց ­Հա­յաս­տա­նէն։

Բա­գա­րա­նը ու­նե­նա­լով ի­րեն միջ­նա­բերդ՝ Ա­շոտ Բագ­րա­տու­նի տա­րի­նե­րով պայ­քա­րե­ցաւ իր ազ­դե­ցու­թիւ­նը տա­րա­ծե­լու հա­մար հայ­կա­կան բո­լոր շրջան­նե­րուն վրայ՝ նա­խընտ­րե­լով ճկուն դի­ւա­նա­գի­տու­թեան ճա­նա­պար­հը, բայց նաեւ զի­նո­ւո­րա­կան բիրտ ու­ժով պար­տադ­րե­լով իր կամ­քը։

Ա­շոտ Ա., իբ­րեւ փոր­ձա­ռու պե­տա­կան գոր­ծիչ եւ զօ­րա­վար, մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն ցու­ցա­բե­րեց ա­ռա­ջին հեր­թին երկ­րի պաշտ­պա­նու­թեան հրա­մա­յա­կա­նին նկատ­մամբ։ Ան անհ­րա­ժեշտ ա­մէն քայ­լի դի­մեց՝ հայ­կա­կան տա­րածք­նե­րը իր իշ­խա­նու­թեան ներ­քոյ միա­ւո­րե­լու հա­մար: Այդ ճամ­բուն վրայ Ա­շոտ Ա. հան­դի­պե­ցաւ կեդ­րո­նա­խոյս հայ նա­խա­րա­րա­կան տու­նե­րու ու­ժեղ դի­մադ­րու­թեան: Ան ա­ռա­ջին հեր­թին ճնշեց ­Վա­նան­դի իշ­խան­նե­րուն ապս­տամ­բու­թիւ­նը եւ Վա­նանդ գա­ւա­ռը՝ ­Կարս բեր­դա­քա­ղա­քով, միա­ցուց իր տի­րոյթ­նե­րուն:

Կար­սը վե­րա­կա­ռու­ցեց եւ դար­ձուց հա­յոց սպա­րա­պետ­նե­րուն ա­թո­ռա­նիս­տը: Ա­ւե­լի բարդ ե­ղաւ Վաս­պու­րա­կան Աշ­խար­հի Արծ­րու­նի եւ ­Սիւ­նեաց Աշ­խար­հի ­Սիւ­նի իշ­խա­նա­կան տու­նե­րու միա­ւոր­ման խնդի­րը: Ի­րենց կա­րո­ղա­կա­նու­թեամբ եւ ռազ­մա­կան ու­ժով՝ մե­ծա­տուն այդ նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րը շատ քիչ բան կը զի­ջէին ­Բագ­րա­տու­նի­նե­րուն: ­Սա­կայն Ա­շոտ Ա. յա­ջո­ղե­ցաւ, խա­ղաղ ճա­նա­պար­հով եւ խնա­միա­կան կա­պեր հաս­տա­տե­լով՝ ա­ւա­տա­տի­րա­կան այս հզօր տո­ւնե­րը եւս են­թար­կել իր իշ­խա­նու­թեան: Այս­պէ՛ս, հա­յոց թա­գա­ւո­րը կրցաւ իր գա­հին են­թար­կել Վաս­պու­րա­կա­նի, ­Գու­գար­քի, ­Սիւ­նի­քի եւ Ար­ցա­խի հայ­կա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ՝ ­Հա­յաս­տա­նի հա­րա­ւի ա­րա­բա­կան ա­մի­րա­յու­թիւն­նե­րը: ­Կարճ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին Ա­շոտ ­Մեծ յա­ջո­ղե­ցաւ հայ­կա­կան հո­ղե­րուն մեծ մա­սը միա­ւո­րել մէկ ու հզօր պե­տու­թեան մէջ: ­Յա­ջող ար­շա­ւանք­նե­րով՝ Ա­շոտ Ա. կրցաւ ծանր հա­րուած­ներ հասց­նել կով­կա­սեան լեռ­նա­կան­նե­րուն, ո­րոնք կ­­՚աս­պա­տա­կէին հա­յոց ­Վիրք եւ Ա­ղո­ւանք տա­րածք­նե­րը: ­Շու­տով իր ազ­դե­ցու­թեան տակ ին­կած այդ երկիր­ներն ալ ըն­դու­նե­ցին Ա­շոտ Ա.-ի իշ­խա­նու­թիւ­նը:

Հա­յոց վե­րա­կանգ­նեալ թա­գա­ւո­րու­թիւ­նը ըն­դար-­ձա­կո­ւե­ցաւ՝ տա­րա­ծո­ւե­լով մին­չեւ ­Կով­կա­սեան լեռ­նաշղ­թայ: Փաս­տօ­րէն հիմ­քը դրո­ւե­ցաւ ­Հայ Բագ­րա­տու­նի­նե­րու տէ­րու­թեան:

Թէ՛ ­Բիւ­զան­դիո­նը, թէ՛ ­Խա­լի­ֆա­յու­թիւ­նը կ­­՚անդ­րա­դառ­նա­յին, ան­շուշտ, հա­յոց Իշ­խա­նաց Իշ­խա­նի ան­կա­խա­նա­լու յա­ւակ­նու­թիւն­նե­րուն, բայց եր­կուքն ալ, մրցա­կի­ցին ազ­դե­ցու­թեան գօ­տի­նե­րը տկա­րաց­նե­լու ա­ռաջ­նա­հերթ մտա­սե­ւե­ռու­մով՝ ի­րենց ա­կա­մայ օրհ­նու­թիւ­նը կը շնոր­հէին Ա­շոտ ­Բագ­րա­տու­նիի ինք­նա­հաս­տատ­ման քայ­լե­րուն։

Այս պայ­ման­նե­րուն մէջ, 870-ին, ­Սիւ­նեաց եւ Արծ­րու­նեաց գլխա­ւո­րու­թեամբ հայ­կա­կան Նա­խա­րա­րա­կան ­Տու­նե­րը, ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կո­սին ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ, դի­մե­ցին ­Մուհ­թա­միտ ­Խա­լի­ֆա­յին, որ­պէս­զի թագ նուի­րե­լով ­Բագ­րա­տու­նեաց Ա­շոտ իշ­խա­նին՝ ճանչ­նայ ա­նոր թա­գա­ւո­րու­թեան ի­րա­ւուն­քը։ ­Թէեւ խա­լի­ֆա­յի ըն­դա­ռա­ջու­մը ու­շա­ցաւ, բայց ի վեր­ջոյ 885-ին՝ ա­րա­բա­կան ճա­նա­չու­մը շնոր­հո­ւե­ցաւ եւ Ա­շոտ Ա­ռա­ջին ­Բագ­րա­տու­նին թա­գա­ւոր օ­ծո­ւե­ցաւ։ Այդ­պէ՛ս հի­մը դրո­ւե­ցաւ ­Բագ­րա­տու­նեաց ­Հարս­տու­թեան, որ շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ մին­չեւ 1045 թո­ւա­կա­նը։ Յատ­կանշա­կան է, որ ­Բիւ­զան­դիո­նի ­Վա­սիլ Ա­ռա­ջին ­Կայս­րը եւս թագ նո­ւի­րեց եւ իր օրհ­նու­թիւ­նը շնոր­հեց Ա­շոտ ­Մե­ծի թա­գա­ւո­րու­թեան՝ զայն ար­ժա­նաց­նե­լով հա­մընդ­հա­նուր ճա­նա­չու­մի։

Թէեւ իբ­րեւ թա­գա­ւոր միայն հինգ տա­րի իշ­խեց Ա­շոտ Ա­ռա­ջին ­Բագ­րա­տու­նի, բայց այդ կարճ ժա­մա­նա­կաշր­ջանն իսկ բա­ւա­րար ե­ղաւ, որ­պէս­զի ան կա­րե­նայ գլուխ հա­նել հա­յոց ­Նա­խա­րա­րա­կան ­Տու­նե­րու միա­ւո­րու­մը եւ, այդ ճամ­բով, հայ­կա­կան բո­լոր տա­րածք­նե­րը են­թար­կել իր թա­գա­ւո­րու­թեան՝ պե­տա­կան միա­ձոյլ հա­մա­կար­գի մը ստեղ­ծու­մով։

Ա­շոտ ­Մե­ծի հռչա­կը իր դա­րուն այն­քան տա­րա­ծուած էր, որ ­Բիւ­զան­դիո­նի հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նոր­դը՝ ­Փոտ ­Պատ­րիարք զայն կո­չած է «բա­րե­տոհ­մու­թեամբ քա­ջա­յայտ, հզօ­րա­գոյն եւ վսե­մա­գոյն»։ Իսկ ­Կոս­տան­դին ­Ծի­րա­նա­ծին ­Կայս­րը կը վկա­յէ, որ Ա­շոտ ­Մեծ «կը տի­րէր Ա­րե­ւել­քի բո­լոր եր­կիր­նե­րուն»՝ ն­կա­տի ու­նե­նա­լով, որ ­Բիւ­զան­դիո­նի ա­րե­ւե­լեան սահ­մա­նին գտնո­ւող բո­լոր իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը՝ վրա­ցիք, ա­ղո­ւան­ներն ու ա­րա­բա­կան է­մի­րու­թիւն­նե­րը ըն­դու­նած էին Բագ­րա­տու­նեաց թա­գա­ւո­րին գե­րիշ­խա­նու­թիւ­նը։

Ա­շոտ ­Մեծ թա­գա­ւո­րի յի­շա­տա­կը ո­գե­կո­չե­լով, հայ ժո­ղո­վուր­դի ապ­րող սե­րունդ­նե­րը կը վե­րա­նո­րո­գեն ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան ա­ւանդն ու կտա­կը հա­յոց պատ­մու­թեան պե­տա­կան կեր­տիչ­նե­րու փա­ղան­գին։

Ազ­գա­յին ո­գե­ւո­րու­թեան եւ ներշն­չու­մի աղ­բիւր է ո­րո­շա­պէս ­Բագ­րա­տու­նեաց տոհ­մի ար­ժա­նա­ւոր այս ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը՝ Ա­շոտ ­Մե­ծը, որ մարմ­նա­ւո­րեց ամ­բող­ջա­կան ­Հա­յաս­տա­նի ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան ­Մեծ Ե­րա­զը՝ քա­ղա­քա­կան հա­մա­պա­տաս­խան ԿԱՄՔ դրսե­ւո­րե­լով եւ ՀԱ­ՒԱ­ՔԱ­ԿԱՆ ՈՒԺ կեր­տե­լո­վ։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Երկուշաբթի, Փետրուար 6, 2017