ԱՆՁԵՐՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐԸ՝ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՄԱՁԱՅՆ - Ա -

«Անձ» իր ա­մե­նաըն­դար­ձակ ի­մաս­տով կը նշա­նա­կէ՝ ի­րա­ւունք ու­նե­ցող, պար­տա­կա­նու­թիւն­ներ յանձն ա­ռած, ի­րա­ւուն­քը վա­յե­լե­լու եւ պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րը կա­տա­րե­լու կամ­քով օժ­տուած, իր ա­րարք­նե­րէն պա­տաս­խա­նա­տու եւ բա­նա­կա­նու­թեան ու­ժով շար­ժող ու վա­րուող ան­հատ։

Այս ի­մաս­տով, ան­ձեր կը հպա­տա­կին տուեալ օ­րէնք­նե­րու եւ կա­նոն­նե­րու՝ որ­պէս ըն­կե­րու­թեան մէկ ան­դա­մը, հա­սա­րա­կու­թեան մէկ տար­րը։ Հայ Ե­կե­ղե­ցին ալ ու­նի իւ­րա­յա­տուկ օ­րէն­քը եւ կա­նոն­նե­րը՝ ո­րոնց կը հպա­տա­կին եւ կը հնա­զան­դին իր ան­դամ­նե­րը։ Ուս­տի Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ ընդ­հա­նուր կա­նո­նա­կան դրու­թեան կ՚են­թար­կուին բո­լոր այն «անձ»ե­րը՝ ո­րոնք ան­դամ են ա­նոր։ Ինչ­պէս ա­մէն հաս­տա­տու­թիւն, ե­կե­ղեց­ւոյ ան­դամ ան­ձերն ալ կա­րե­լի է բաժ­նել եւ դա­սա­ւո­րել զա­նա­զան դա­սա­կար­գե­րու։

Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ ան­դամ «անձ»եր են.

ա) Ե­րա­խա­ներ

բ) Հա­ւա­տա­ցեալ­ներ

գ) Վա­նա­կան­ներ

դ) Դպիր­ներ

ե) Ու­րա­րա­կիր­ներ

զ) Կի­սա­սար­կա­ւագ­ներ

է) Սար­կա­ւագ­ներ

ը) Քա­հա­նա­ներ

թ) Վար­դա­պետ­ներ

ժ) Քո­րե­պիս­կո­պոս­ներ

ժա) Ե­պիս­կո­պոս­ներ

ժբ) Պատ­րիարք­ներ

ժգ) Կա­թո­ղի­կոս­ներ

Ե­ՐԱ­ԽԱ­ՆԵՐ

Ե­րա­խա­նե­րը, քա­նի որ տա­կա­ւին մկրտուած չեն, «ան­դամ» չեն հա­մա­րուիր ե­կե­ղեց­ւոյ, հե­տե­ւա­բար ո­րե­ւէ ի­րա­ւունք չու­նին։ Ա­նոնց պար­տա­կա­նու­թիւնն է պատ­րաս­տուիլ մկրտու­թեան, սեր­տե­լով եւ սոր­վե­լով ե­կե­ղեց­ւոյ դա­ւա­նան­քը, ե­թէ ու­սա­նե­լու տա­րի­քին հա­սած են։ Հոս պէտք է յի­շեց­նել, թէ՝ «ե­րա­խայ», հին ա­ռու­մով կը նշա­նա­կէ՝ չմկրտուած ո­րե­ւէ տա­րի­քի անձ։

ՀԱ­ՒԱ­ՏԱ­ՑԵԱԼ­ՆԵՐ

«Հա­ւա­տա­ցեալ» կը կո­չուին այն բո­լոր աշ­խար­հա­կան հա­յե­րը՝ ո­րոնք ան­դամ են Հա­յաս­տեա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցիին։

Հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը ու­նին հե­տե­ւեալ ի­րա­ւունք­նե­րը.

1.- Մաս­նակ­ցիլ ժո­ղով­նե­րու, թա­ղա­յին, թե­մա­կան եւ ազ­գա­յին խոր­հուրդ­նե­րու։

2.- Ընտ­րել ի­րենց Հո­գե­ւոր Հո­վիւ­նե­րը՝ քա­հա­նայ, ե­պիս­կո­պոս եւ կա­թո­ղի­կոս։

3.- Մաս­նիկ­ցիլ ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րու։

4.- Վա­յե­լել ե­կե­ղեց­ւոյ խոր­հուրդ­նե­րուն շնորհ­նե­րը։

Հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը ու­նին նաեւ հե­տե­ւեալ պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րը ինչ­պէս ու­նին ի­րա­ւունք­ներ.

1.- Հո­գալ ապ­րուս­տը ի­րենց հո­վիւ­նե­րուն՝ քա­հա­նայ, ե­պիս­կո­պոս եւ կա­թո­ղի­կոս։

2.- Մաս­նակ­ցիլ ե­կե­ղեց­ւոյ պայ­ծա­ռու­թեան, շի­նու­թեան եւ պահ­պա­նու­թեան հա­մար կա­տա­րուած զա­նա­զան ծախ­քե­րուն։

3.- Յար­գել Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ դա­ւա­նան­քը եւ կա­նոն­նե­րը՝ հնա­զան­դիլ եւ հպա­տա­կիլ ա­նոնց։

ՎԱ­ՆԱ­ԿԱՆ­ՆԵՐ

Ըստ ե­կե­ղե­ցա­կան օ­րէնք­նե­րու, «վա­նա­կան­ներ» ա­նու­նով կը կո­չուին վան­քե­րու մէջ ապ­րող այն «աշ­խա­տա­ւոր եղ­բայր»ներն ու քոյ­րե­րը՝ ո­րոնք ո­րե­ւէ ուխտ չեն կա­տա­րեր եւ չեն ստա­նար ո­րե­ւէ կարգ։

Վա­նա­կան­նե­րը ու­նին հե­տե­ւեալ ի­րա­ւունք­ներն ու ա­ռանձ­նաշ­նոր­հում­նե­րը.

1.- Վան­քէն կը ստա­նան սնունդ, զգեստ, բնա­կա­րան, եւ այլն։

2.- Ա­նոնք կրնան կրել կրօ­նա­ւոր­նե­րու յա­տուկ մաս­նա­ւոր տա­րազ։

3.- Ի­րենց կեն­դա­նու­թեան ժա­մա­նակ՝ ի­րենց սե­փա­կան ստա­ցուածքն ու ինչ­քե­րը կրնան տալ՝ նուի­րել ա­զա­տօ­րէն ո­րու որ ու­զեն։

4.- Զերծ են հան­րա­յին պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րէ։

5.- Ե­թէ փա­փաք եւ ար­ժա­նիք ու­նին, կո­չում կը զգան, կրնան ստա­նալ ե­կե­ղե­ցա­կան աս­տի­ճան­ներ։

6.- Կրնան թո­ղուլ վա­նա­կան կեան­քը երբ որ ու­զեն, առ­նե­լով ի­րենց հետ ի­րենց սե­փա­կան ինչ­քե­րը միայն, քա­նի որ ո­րե­ւէ ուխ­տի են­թա­կայ չեն։

Վա­նա­կան­նե­րը ի­րենց ի­րա­ւունք­նե­րուն փո­խա­րէն ու­նին նաեւ հե­տե­ւեալ պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րը.

1.- Կա­տա­րել այն բո­լոր ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը՝ զորս վա­նա­կան իշ­խա­նու­թիւ­նը կ՚ո­րո­շէ։

2.- Յար­գել վան­քին ներ­քին կեան­քին վե­րա­բե­րող կա­նոն­նե­րը եւ հա­նա­զան­դիլ ա­նոնց։

Վա­նա­կան­ներ նաեւ են­թա­կայ են հե­տե­ւեալ զրկում­նե­րուն.

1.- Կտակ չեն կրնար ը­նել. երբ որ վախ­ճա­նին ի­րենց ստա­ցուած­քը՝ ու­նե­ցա­ծը կը մնայ վան­քին։

2.- Ա­ռեւ­տու­րով չեն կրնար զբա­ղիլ։

ԴՊԻՐ­ՆԵՐ

«Դպիր» յոր­ջոր­ջու­մին տակ կ՚առ­նուի ե­կե­ղե­ցա­կան աս­տի­ճան­նե­րու խո­նար­հա­գոյն դա­սա­կար­գե­րը, այ­սինքն.

1.- Դռնա­պան­ներ,

2.- Ըն­թեր­ցող­ներ,

3.- Երդմ­նե­ցու­ցիչ­ներ,

4.- Ջա­հըն­կալ­ներ։

Այս չորս աս­տի­ճան­նե­րը ընդ­հան­րա­պէս միա­սին կը տրուին եւ զա­նոնք ստա­ցող ան­ձը այժմ կը կո­չուի «դպիր»։

- Յա­ջոր­դով պի­տի շա­րու­նա­կուի դպիր­նե­րուն ու­նե­ցած ի­րա­ւունք­նե­րով եւ պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րով, նաեւ Ե­կե­ղեց­ւոյ ան­դամ միւս ան­ձե­րու դիր­քե­րուն ու­սում­նա­սի­րու­թեամ­բը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետ­րուար 2, 2017, Իս­թան­պուլ

Երկուշաբթի, Փետրուար 6, 2017