«ԳԱՂԱՓԱՐԸ ՅՂԱՑԱՒ ԹՈՒՆՃԷԼ»

«Ա­կօս» շա­բա­թա­թեր­թի հիմ­նա­դիր Հրանդ Տին­քի դէմ գոր­ծուած մա­հա­փոր­ձին շրջագ­ծով ցուց­մունք­ներ տալ շա­րու­նա­կեց այդ շրջա­նի ոս­տի­կա­նա­կան բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­նե­րէն Ա­լի Ֆուատ Եըլ­մա­զէր։ Ըստ տե­ղա­կան մա­մու­լի հա­ղոր­դում­նե­րուն, Եըլ­մա­զէր յայտ­նեց, որ մա­հա­փոր­ձի գա­ղա­փա­րը յղա­ցած էր Էր­հան Թուն­ճէլ։ Ա­լի Ֆուատ Եըլ­մա­զէր, որ այդ շրջա­նին կը գլխա­ւո­րէր ոս­տի­կա­նու­թեան լրա­քա­ղու­թեան բա­ժան­մուն­քը, յայտ­նեց՝ որ մա­հա­փոր­ձի գա­ղա­փա­րը Էր­հան Թուն­ճէ­լի կող­մէ թե­լադ­րուած էր Եա­սին Հա­յա­լին։

Ըստ ցուց­մունք­նե­րուն, այդ շրջա­նին Թրապ­զո­նի անվ­տան­գու­թեան  հա­մա­կար­գէն ներս լրա­քա­ղու­թեան բաժ­նի տնօ­րէնն էր Էն­կին Տինչ։ Այս վեր­ջի­նը, ըստ Եըլ­մա­զէ­րի պնդում­նե­րուն, փոր­ձած էր ար­գի­լել Էր­հան Թուն­ճէ­լի թի­րախ դառ­նա­լը եւ այս պատ­ճա­ռով ան ե­ղած էր լրա­քա­ղու­թեան օգ­նա­կան աշ­խա­տա­կից։ 

Երեքշաբթի, Փետրուար 7, 2017