ԼՈՒՐՋ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Հա­յաս­տա­նի մէջ սկիզբ ա­ռաւ Եւ­րո­միու­թեան «Է­րաս­մուս+» կրթա­կան ծրագ­րե­րու ո­րա­կի ա­պա­հով­ման ուղ­ղեալ ծրա­գիր մը։ Այս ծրա­գի­րը կը կո­չուի՝ եւ­րո­պա­կան հա­մարկ­ման հա­մա­հունչ բարձ­րա­գոյն կրթու­թեան եր­րորդ աս­տի­ճա­նի ո­րա­կի ա­պա­հով­ման հա­մա­կար­գի ներդ­րում՝ խթա­նե­լու հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու մի­ջազ­գայ­նա­ցու­մը։ Այս ծրագ­րին մէջ ընդգր­կուած են քսան հաս­տա­տու­թիւն­ներ՝ Հա­յաս­տա­նէն, Պել­ժիա­յէն, Ֆրան­սա­յէն, Ղա­զա­խիս­տա­նէն, Մոն­ղո­լիա­յէն, Լե­հաս­տա­նէն եւ Ուք­րայ­նա­յէն։ Բարձ­րա­գոյն ուս­ման հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ ո­րա­կի ա­պա­հով­ման կա­ռոյց­նե­րու ծի­րին մէջ է նաեւ Հա­յաս­տա­նի Կրթու­թեան ու գի­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը։ Այս նա­խագ­ծին նպա­տակն է մշա­կել եւ փոր­ձար­կել եր­րորդ աս­տի­ճա­նի կրթու­թիւն՝ մաս­նա­ւո­րա­պէս մա­գիստ­րո­սա­կան ծրագ­րե­րու ո­րա­կի ա­պա­հով­ման քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հա­յե­ցա­կարգ, ինչ­պէս նաեւ գործ­նա­կան դրու­թիւն­ներ եւ ըն­թա­ցա­կար­գեր, ո­րոնք պի­տի կի­րա­ռուին ծրագ­րի մաս­նա­կից եր­կիր­նե­րուն մէջ։

Հա­յաս­տա­նի Կրթու­թեան ու գի­տու­թեան նա­խա­րար Լե­ւոն Մկրտչեան այս առ­թիւ յայտ­նեց, որ սոյն նա­խա­գի­ծը կը մեկ­նա­բա­նեն ու­սա­նող­նե­րու եւ դա­սա­խօս­նե­րու հա­մար նոր ո­րակ մը ա­պա­հո­վե­լու հա­մա­տես­քին մէջ։ «Սա Եւ­րո­միու­թեան կող­մէ շատ լուրջ ա­ջակ­ցու­թիւն մըն է մեր հա­սա­րա­կու­թեան հա­մար։ Ծրագ­րի շրջա­նակ­նե­րէն ներս ու­սա­նող­նե­րը հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ՚ու­նե­նան գոր­ծըն­կեր հա­մալ­սա­րան­նե­րու հետ շփուե­լու եւ մաս­նա­գի­տա­կան լուրջ վե­րա­պատ­րաս­տում ա­պա­հո­վե­լու։ Սա շատ յա­ջող ծրա­գիր մըն է նաեւ դա­սա­խօս­նե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մար։ Ես մեծ ո­րա­կա­կան փո­փո­խու­թիւն­ներ կը զգամ թէ՛ դա­սա­խօս­նե­րու եւ թէ ու­սա­նող­նե­րու շրջա­նակ­նե­րէն ներս։ Ցա­ւով կը նշեմ, որ թէ՛ ու­սա­նող­նե­րու եւ թէ դա­սա­խօս­նե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ա­ռու­մով ա­ւե­լի մեծ ձեռք­բե­րում ու­նինք Հա­յաս­տա­նի եւ դուր­սի մի­ջեւ, քան Հա­յաս­տա­նէ ներս հա­մալ­սա­րան­նե­րուն մի­ջեւ։ Այս ուղ­ղու­թեամբ պի­տի աշ­խա­տինք», ը­սաւ Լե­ւոն Մկրտչեան լրագ­րող­նե­րու հետ զրու­ցե­լու ժա­մա­նակ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 7, 2017