ԱՐՑԱԽԻ ՃԱԿԱՏԻՆ ՎՐԱՅ ԵՐԷԿ ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐ ՄԸ ԵՒՍ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԵՑԱՒ

Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ հրա­դա­դա­րի խախտ­ման հե­տե­ւան­քով, ե­րէկ, Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ նա­հա­տա­կուե­ցաւ հայ զի­նուոր մը եւս։ Դէպ­քը պա­տա­հե­ցաւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի հիւ­սիս-ա­րե­ւե­լեան ուղ­ղու­թեամբ տե­ղա­կա­յուած զօ­րա­մա­սե­րէն մէ­կուն մէջ։ Ժա­մը՝ շուրջ 11.00-ին, Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րուն կող­մէ բա­ցուած կրա­կին զոհ գնաց Գոռ Գա­րե­գի­նեան (1997թ.)։ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան պատ­կան մար­մին­նե­րը քննու­թեան ձեռ­նար­կե­ցին՝ ճշդե­լու հա­մար դէպ­քին ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը։

Մինչ նա­խա­րա­րու­թիւ­նը ցա­ւակ­ցու­թիւն ու զօ­րակ­ցու­թիւն յայտ­նեց նա­հա­տա­կի հա­րա­զատ­նե­րուն, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեանն ալ յետ մա­հու պար­գե­ւատ­րեց Գոռ Գա­րե­գի­նեա­նը՝ բարձր գնա­հա­տե­լով իր նուի­րումն ու հե­րո­սու­թիւ­նը։

Երեքշաբթի, Փետրուար 7, 2017