Կլէյտիս Պէրէճիքլեան. վարչապետը
Աւստրալահայ քաղաքական գործիչ Կլէյտիս Պէրէճիքլեանի անունը հայութեան ծանօթ դարձաւ, երբ ան վերջին տարիներուն զբաղեցուց իրերայաջորդ կարեւոր ու բարձր պաշտօններ՝ Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուելս նահանգի կառավարութեան մէջ: Իսկ վերջերս ան դարձաւ այդ նահանգին վարչապետը։
Աւստրալիոյ հնագոյն եւ ամենէն խիտ բնակեցուած այդ նահանգին մէջ, ան անցնող տարիներուն հերթաբար նշանակուեցաւ Արդիւնաբերական կապերու նախարար, Փոխադրամիջոցներու նախարար, ապա Նոր Հարաւային Ուելս նահանգի գանձապետ: Վերջին պաշտօնին մէջ ան առաջին կին գանձապետն էր հնագոյն այս նահանգին մէջ, որուն աչալուրջ վերահսկողութեան տակ գտնուեցաւ 70 միլիառ աւստրալական տոլար ծաւալով նահանգային պիւտճէն:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆ
Այս երիտասարդ հայ քաղաքական գործիչին անունը Սփիւռքի մէջ նախապէս ալ ծանօթ էր, քանի որ ան տարիներ շարունակ եղած է քաղաքական դաշտի վրայ՝ ներգրաւուած է Աւստրալիոյ հայկական համայնքային կեանքէն ներս։ Պաշտօնավարած է Աւստրալիոյ Հայ ազգային կոմիտէին մէջ, ինչպէս նաեւ հայ ըլլալով, խորհրդարանին մէջ՝ պաշտպանած է հայանպաստ օրինագիծերն ու բանաձեւերը, միշտ ուշադրութեան տակ պահած է հայկական համայնքային հարցերը, նաեւ խօսած է Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ազատ ինքնորոշման իրաւունքի կարեւորութեան մասին, որուն առթիւ Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեան զինք պարգեւատրած է Երախտագիտութեան մետայլով:
Աւստրալահայ քաղաքական գործիչը առաջին առթիւ սկսած է աւստրալական հասարակութեան մէջ քննարկումներու նախաձեռնութիւններու, որոնք կը վերաբերէին հայկական հարցին։ Ան ՀՅԴ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ է, աւելի վաղ եղած է Աւստրալիոյ Հայ մարմնակրթական միութեան (ՀՄԸՄ) անդամ եւ զբաղած է պասքեթպոլով:
Պէրէճիքլեան արժանացած է Աւստրալիոյ հայ համայնքին կողմէ սահմանուած «Տարուան ընկեր» մրցանակին:
ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԸՆԹԱՑՔ
Իր քաղաքական հակումներով, 47-ամեայ Կլէյտիս Պէրէճիքլեան, ուշադրութիւն գրաւած է տակաւին շատ երիտասարդ տարիներէն:
Ռայտի Փիթըր պորտ պետական երկսեռ աւագ դպրոցը աւարտելէն ետք, Սիտնիի համալսարանէն ան 1992 թուականին ստացած է արուեստի պաքալորիայի աստիճան, 1996 թուականին աւարտած է նոյն համալսարանի միջազգային ուսումնասիրութիւններու բաժինը, իսկ 2001 թուականին՝ Նոր Հարաւային Ուելսի համալսարանի ֆինանսական բաժինը: Տակաւին ուսումնառութեան տարիներուն՝ 1993 թուականին դարձած է Ազատական կուսակցութեան անդամ։ 1997-1998 թուականներուն եղած է Նոր Հարաւային Ուելսի Երիտասարդ ազատականներու ղեկավարը՝ դառնալով երրորդ կին ղեկավարը կուսակցութեան պատմութեան մէջ: 1996-2003 թուականներուն Կլէյտիս Պէրէճիքլեան եղած է Պետական խորհուրդի պատուիրակ, 1997-2003 թուականներուն՝ Նոր Հարաւային Ուելսի ազատական կուսակցութեան հանրապետական գործադիր քաղաքական ներկայացուցիչ, 1999 թուականին՝ Ուիլըպիի Պետական նստավայրի քարոզարշաւի ղեկավար, 2002 թուականին՝ Քոնվենսիոն կոմիտէի նախագահ:
Ան Աւստրալիոյ մէջ 1945 թուականին հիմնուած Ազատական կուսակցութեան անդամ է, Նոր Հարաւային Ուելսի մէջ՝ կուսակցութեան 21-րդ առաջնորդը, որ ընտրուեցաւ Յունուար, 2017 թուականին: Պէրէճիքլեան արդէն ձեռնամուխ եղած է նոր գրասենակ մը կազմելու գործին:
ՄԱՄՈՒԼԻ ԱՐՁԱԳԱՆԳ
Վերջին օրերուն համաշխարհային մամուլի էջերը (The Sydney Morning Herald, The Age, The Huffington Post, 9news.com.au, The Australian, The Age, ABC Net) ողողուած էին նորութիւններով Կլէյտիս Պէրէճիքլեանի մասին, որ յաւակնութիւն ունեցած է իր թեկնածութիւնը առաջադրել Աւստրալիոյ ամենէն մեծ նահանգի վարչապետի պաշտօնին համար եւ ընտրուած է (2014 թուականին, Մարտի դրութեամբ նահանգի բնակչութեան թիւը 7.5 միլիոն մարդ կը հաշուէր): Շաբաթներ առաջ այդ պաշտօնէն, ընտանեկան խնդիրներու պատճառաւ, հրաժարական ներկայացուցած է Նոր Հարաւային Ուելսի՝ նախկին վարչապետ Մայք Փերտ։ Այս առթիւ Պէրէճիքլեան ֆէյսպուքեան իր հանրային էջին վրայ գրած է.
«Ես խորապէս տխրած եմ, որ Մայք Փերտ յայտարարեց քաղաքականութենէն հեռանալու իր որոշման մասին։ Մայքը ոգեշնչող ղեկավար էր եւ մեծ ազնուութեան տէր մարդ, որ անժխտելի ու հիասքանչ հետք ձգած է նահանգի կեանքէն ներս՝ զայն դարձնելով տնտեսապէս ու ենթակառուցուածքներով զարգացած կեդրոն մը։
«Ան հիանալի ղեկավար մըն էր ու ընկեր։ Ես հպարտ եմ անոր հետ վեց տարի աշխատելուս համար՝ որպէս նախարար եւ երեք տարի՝ որպէս երեսփոխան»:
Իր կարգին Փերտ, ABC News-ի հետ զրոյցին ժամանակ ըսած է.
«Կլէյտիս Պէրէճիքլեան հիանալի նահանգապետ մը կ՚ըլլայ, կասկած չունիմ»:
The Huffington Post-ը գրած է, որ Պէրէճիքլեան «Մայք Փերտի աջ ձեռքը եղած է»: Մայք Փերտ ուրիշ լրատուամիջոցի՝ Fairfax-ի հետ զրոյցի ժամանակ Պէրէճիքլեանը բնութագրած է որպէս «անհաւատալի հաւատարիմ, աշխատասէր կին, որ հիանալի վարչապետ մը կ՚ըլլայ»:
Նահանգային այլ քաղաքական գործիչներ եւս յայտարարած են, որ կը սպասուի, թէ Կլէյտիս, իբրեւ վարչապետ, զարմացնէ բոլորը:
Աւստրալիոյ Ազատական կուսակցութենէն առաջին կին վարչապետի ընտրութեան առթիւ մամուլը անդրադարձած է նաեւ Կլէյտիս Պէրէճիքլեանի կենսագրութեան:
ԱՆՁՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ
Ան ծնած է 1970 թուականին, Սիտնի, ուր իր ծնողքը գաղթած են 1960-ականներուն։ «Ես Սիտնի ծնած եմ, բայց ծնողքս գաղթականներ էին, ուստի մենք տունին մէջ հայերէն կը խօսէինք: Երբ դպրոց գացի, անգլերէն ոչ մէկ բառ գիտէի, բայց մայրս ինծի միշտ կ՚ըսէր. «Նոյնիսկ եթէ համոզուած չես, թէ ուսուցիչը քեզի ի՞նչ կը հարցնէ, ձեռք բարձրացուր»: Այս էր, որ զիս միշտ յառաջ մղած է իմ ամբողջ կեանքիս ընթացքին», իր ելոյթներէն մէկուն ժամանակ պատմած է Պէրէճիքլեան: Կլէյտիսի հայրը՝ Գրիգոր, Աւստրալիա տեղափոխուած է Երուսաղէմէն, իսկ մայրը՝ Արշան Սուրիայէն: Անոնք Սիտնիի մէջ ծանօթացած եւ հոն ամուսնացած են: Պէրէճիքլեանը ունի երկու քոյր՝ Ռիթա եւ Մարի:
Մինչեւ հինգ տարեկան Կլէյտիս Պէրէճիքլեան խօսած է հայերէն, այժմ նոյնպէս կը տիրապետէ հայերէնին:
Հակառակ անոր, որ իր կուսակիցները յաճախ խորհուրդ տուած են ներկայանալ պարզապէս Կլէյտիս անունով, առանց դժուար մտապահուող իր մականունին, Պէրէճիքլեան մշտապէս մերժած է նշելով, որ մականունը իր մէջ արդարութեան զգացում կ՚արթնցնէ եւ կը յիշեցնէ անհատին արմատներուն մասին:
Հայ քաղաքական գործիչը իր քաղաքական արշաւներուն ընթացքին միշտ կողմ հանդէս եկած է միասեռական ամուսնութիւններուն եւ Աւստրալիոյ կողմէ փախստականներուն երկրին մէջ ապաստան տրամադրելու ջատագով դարձած: Ընկերները, դեռ յիսունը չբոլորած Պէրէճիքլեանը, կը բնութագրեն որպէս չափազանց համեստ անձաւորութիւն։ «Ան երբեք չէ ձգտած պաշտօնի, պարզապէս չափազանց խելացի է», ըսած են անոնք:
Իր բարձր պաշտօնին առընթեր մամուլը անդրադարձած է նաեւ Պէրէճիքլեանի նախասիրութիւններուն՝ ան կը սիրէ գինի, օփերա, պատմական գիրքեր, կը խաղայ կոլֆ: Ամուսնացած չէ եւ միշտ այս նիւթին շուրջ կատակած է, թէ ամուսնացած է աշխատանքին հետ:
Կլէյտիս Պէրէճիքլեան, նախքան վերջին բարձր պաշտօնը ստանձնելը՝ մամլոյ ասուլիս մը տուած է: Հանդիպման ժամանակ աւստրալական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները փորձած են Կլէյտիսը շուարեցնել՝ անձնական բնոյթի հարցումներ ուղղելով անոր:
Լրագրողներէն մին Նոր Հարաւային Ուելսի ապագայ վարչապետին քանի մը անգամ հարցուցած է՝ արդեօք ան պատրա՞ստ է պատասխանելու իր անձնական կեանքին վերաբերող հարցումներուն:
«Արդէն շատ տարիներ է, որ ես կ՚ապրիմ հրապարակային կեանքով: Վեց տարի աւագ նախարար եղած եմ: Ես ամէն ինչի պատրաստ եմ», պատասխանած է ան:
Այս պատասխանէն յետոյ Պէրէճիքլեանին հարցուցած են՝ ինչո՞ւ ինքը, ինչպէս նաեւ Աւստրալիոյ առաջին կին վարչապետ՝ Ճուլիա Քիլըրտ, երախաներ չունին եւ արդեօք այդ հանգամանքը կրնա՞յ անդրադառնալ իր քաղաքական կեանքին վրայ:
«Ես այն եմ, ինչ որ կամ: Ամէնքս չէ, որ կրնանք ծրագրել, թէ մեր կեանքը ինչպէս կը դասաւորուի: Ես շատ երջանիկ մարդ եմ: Եթէ ինծի քսան տարի առաջ հարցնէիք, թէ իմ կեանքը այսպէս կ՚ըլլա՞ր, ես հաւանաբար ուրիշ տեսակ կը պատկերացնէի: Բայց ես շնորհակալ եմ բոլոր հնարաւորութիւններուն համար, որոնք ունեցած եմ: Կը փափաքիմ նաեւ ըսել, ոչ այն պատճառով, որ պարտաւոր եմ, այլ այն պատճառով, որ կ՚ուզեմ, որ իմ կեանքին մէջ ամենէն մտերիմ մարդիկը իմ ընտանիքի անդամներն են: Ես չեմ ուզեր ոեւէ մէկուն մասին դատողութիւններ ընել, ըստ անձնական հանգամանքներու: Ես բոլորին համար այստեղ եմ, որպէսզի կառավարեմ եւ յոյս ունիմ, որ մարդիկ զիս իմ արժանիքներով կը դատեն, թէ ինչ կարող եմ ընել», պատասխանած է ան:
Մամլոյ ասուլիսը մեծ արձագանգ յառաջացուցած է: Աւստրալական որոշ լրատուամիջոցներ գրած են, թէ վարչապետը պարտաւոր չէ հաշուետու ըլլալու իր անձնական կեանքին համար:
Իր կարգին, Նոր Հարաւային Ուելսի 42-րդ վարչապետ՝ Քրիսթինա Քենիլի լրատուամիջոցներուն կոչ ըրած է տղամարդոց եւ կիներու անհիմն տարբերակումներ պարունակող դիտարկումներ չընել:
ԱՅՑ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ԱՐՑԱԽ
2013 թուականին, Նոր Հարաւային Ուելս նահանգի խորհրդարանի երեսփոխաններու պատուիրակութեան կազմին հետ Կլէյտիս Պէրէճիքլեան այցելած է Լեռնային Ղարաբաղ, որմէ ետք ան յայտնուած է Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան ծանօթ «սեւ ցուցակին» վրայ: Ըստ այդ ցուցակին, Ատրպէյճան persona not grata կը նկատէ օտարերկրեայ ծագումով բոլոր ծանօթ անձնաւորութիւնները, որոնք կ՚այցելեն Արցախ: Այդ ցանկը զետեղուած է Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան կայքէջին վրայ եւ այս պահուս անոր մէջ կան տարբեր երկիրներու 324 քաղաքացիներ՝ քաղաքական գործիչներ, արուեստագէտներ, լրագրողներ, հասարակական գործունէութիւն ծաւալող մարդիկ:
Նոյն տարին, Պէրէճիքլեանը՝ Նոր Հարաւային Ուելս նահանգի խորհրդարանի եւ Աւստրալիոյ Հայ ազգային կոմիտէի ներկայացուցիչներու պատուիրակութեան հետ, Երեւանի մէջ ընդունած է Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան՝ բարձր գնահատելով հայ-աւստրալական յարաբերութիւնները:
ՀԱՆՐԱՅԻՆ ՓՈԽԱԴՐԱՄԻՋՈՑՈՎ
Վարչապետ ընտրուելու յաջորդ օրն իսկ մամուլը որսացած է Կլէյտիս Պէրէճիքլեանի քայլերը եւ արձանագրած է, որ նորընտիր վարչապետն ու կուսակցութեան առաջնորդը, առաւօտեան, սովորականին պէս աշխատանքի ներկայացած է հանրային փոխադրակառքով՝ թիւ 205 հանրակառքի սովորական ուղեւորի մը պէս: Ժամը 07.10-ին ան արդէն աշխատանքի ճամբուն էր՝ սուրճի գաւաթը ձեռքին կը շտապէր աշխատանքի եւ անոր ո՛չ թիկնապահները կ՚ուղեկցէին, ոչ ալ մամուլի քարտուղարները: Թիւ 205 հանրակառքի ուղեւորները, որոնցմէ շատեր զինք կը ճանչնային հանրակառքէն, շնորհաւորած են նորընտիր գործիչը եւ յաջողութիւն մաղթած անոր:
Հանրակառքով աշխատանքի երթալու Պէրէճիքլեանի սովորութեան մասին բոլորը գիտեն: Այդ սովորութիւնը ծանօթ էր, երբ ան տակաւին փոխադրամիջոցներու նախարար էր: Ընկերները վկայած են, որ այդ մէկը Կլէյտիս Պէրէճիքլեանի համար մարդոց հետ կապ պահելու ձեւական փորձ չէ, այլ իր երկարամեայ աշխատանքային գործունէութեան ընթացքին ան բազմիցս ապացուցած է այդ մէկը: Իբրեւ փոխադրամիջոցներու նախարար, ան դէմ արտայայտուած է Նոր Հարաւային Ուելսի կառավարութեան գնացքներու, հանրաշարժներու եւ լաստանաւերու բեռնաթափման աշխատանքներուն: Պաշտօնավարման ընթացքին անոր ձեռքբերումներէն էր Սիտնիի թեթեւ երկաթգծային փոխադրամիջոցներու ընդլայնումը, Opal քարթի փուլային ներդրումը եւ Սիտնիի ստորգետնեայ փոխադրամիջոցի հարաւ-արեւմտեան ցանցի կառուցման նախաձեռնումը:
ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԳՐԵՐ
Կարեւոր քաղաքական այս պաշտօնը ստանձնելուն առթիւ Կլէյտիս Պէրէճիքլեան ստացած է բազմաթիւ շնորհաւորանքներ, որոնց մէջ զգալի մաս կազմած են հայկական շնորհաւորութիւնները: Անոր շնորհաւորած է Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան, որուն յղած խօսքին մէջ մասնաւորապէս նշուած է.
Յարգելի Տիկին Պէրէճիքլեան,
Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ անձամբ իմ անունով, ջերմօրէն կը շնորհաւորեմ Ձեզ՝ Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուելս նահանգի վարչապետի պաշտօնը ստանձնելու կապակցութեամբ:
Ողջունելի է, որ Աւստրալիոյ հայ համայնքը, աշխուժօրէն ներգրաւուած ըլլալով երկրի հասարակական-քաղաքական կեանքին մէջ, իր ուրոյն նպաստը բերած է զանազան բնագաւառներէ ներս Աւստրալիոյ զարգացման գործին մէջ, որուն վկան է Ձեր արգասաբեր գործունէութիւնը:
Յոյսով եմ, որ Ձեր պաշտօնավարութեան ընթացքին նոր լիցք կը հաղորդուի Հայաստանի եւ Աւստրալիոյ միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման, մասնաւորապէս, մեր մարզերուն եւ քաղաքներուն միջեւ ապակեդրոնացուած համագործակցութեան առումով:
Օգտուելով առիթէն, կը մաղթեմ Ձեզի յաջողութիւն եւ նորանոր ձեռքբերումներ՝ ի շահ Աւստրալիոյ բարեկամ ժողովուրդի բարեկեցութեան եւ հայ-աւստրալական բարեկամութեան ամրապնդման:
*
Նորընտիր վարչապետին իր շնորհաւորական ուղերձը յղած է նաեւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան.
Սիրելի՛ Տիկին Պէրէճիքլեան,
Հպարտութեան եւ ուրախութեան անասելի զգացումներ ունեցանք, երբ ստացանք Ձեր՝ Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուելս նահանգի վարչապետ ընտրուելուն աւետիսը: Սիրով, ջերմութեամբ եւ ազգային վառ ապրումներով կը շնորհաւորեմ Ձեզ՝ այս պատասխանատու, բարձր եւ պատուաբեր պաշտօնին նշանակուելուն առթիւ: Ուրախ եմ, որ առիթ ունեցած եմ Ձեզ մօտէն ճանչնալու եւ հասկնալու, որ Դուք Ձեր գեղեցիկ կենսագրութիւնը հիւսած էք ո՛չ միայն որակեալ եւ բարձր կրթութիւն ստանալով, ո՛չ միայն Հայ դատին մէջ պաշտօնավարելով, այլեւ աւստրալական քաղաքական հարթակներուն վրայ արժանի տեղ եւ դեր ունենալուն շնորհիւ:
Ձեր տաղանդին, շնորհքին, մարդոց հետ աշխատելու անզուգական կարողութեամբ Դուք քայլ առ քայլ յառաջացաք՝ դրսեւորելով խելացի եւ բանիմաց քաղաքական, պետական գործիչին բնորոշ յատկանիշներ: Դուք ներկայացուցիչն էք Աւստրալիոյ հայ համայնքին, որ երկար տարիներէ ի վէր, եւ նաեւ Ձեր շնորհիւ, նուաճած է Աւստրալիոյ իշխանութիւններու եւ աւստրալացիներու վստահութիւնը՝ Ձեր աշխատասիրութեան, նուիրումին, երկրի զարգացման գործին մէջ ունեցած աւանդին շնորհիւ:
Նոր Հարաւային Ուելսի թէ՛ օրէնսդիր եւ թէ՛ գործադիր իշխանութիւններու կազմին մէջ Ձեր բազմամեայ գործունէութեամբ բարձր կը պահէք Հայուն պատիւը՝ որպէս ազգի արժանաւոր զաւակ եւ Աւստրալիոյ լաւագոյն քաղաքացի: Անգնահատելի է Ձեր աւանդը նաեւ համազգային նշանակութիւն ունեցող հիմնախնդիրները ամենազանազան հարթակներէն բարձրաձայնելու միջոցաւ հասարակութեան լայն շերտերուն ներկայացնելու հայրենանուէր գործին մէջ:
Ձեր անմիջական ջանքերուն շնորհիւ է նաեւ, որ Նոր Հարաւային Ուելս նահանգը պաշտօնապէս ճանչցած է Հայոց Եղեռնը, ինչպէս նաեւ՝ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման արդար իրաւունքը: Ձեր ճկուն միտքով, լաւագոյն փորձով, աշխատասիրութեամբ ու նպատակասլացութեամբ, ինչպէս նաեւ՝ համեստ ու առաքինի կեցուածքով, ժամանակակից կնոջ, քաղաքական գործիչի լաւագոյն կերպարն էք: Ինչպէս տակաւին 12-րդ դարուն իրաւացիօրէն նշած է Մխիթար Գօշ. «Կրթուած կիները գանձ են հասարակութեան համար»:
Յիրաւի, Դուք իսկական գանձ էք աւստրալացիներու եւ համայն հայութեան, ի մասնաւորի՝ աւստրալահայ համայնքին համար: Անգամ մը եւս կը շնորհաւորեմ Ձեզ՝ մաղթելով անսպառ ուժ ու եռանդ՝ իրականացնելու Ձեր փխրուն ուսերուն դրուած բարդ ու պատասխանատու առաքելութիւնը՝ յանուն Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուելս նահանգի զարգացման եւ յառաջընթացին, յանուն հայ համայնքի զօրացման, յանուն երկու երկիրներու բարեկամութեան ամրապնդման եւ զարգացման:
*
Հեռաւոր Աւստրալիա շնորհաւորական գիր հասած է նաեւ Արցախէն: Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեան իր ուղերձին մէջ նշած է.
Յարգարժա՛ ն Տիկին Պէրէճիքլեան,
Արցախի ժողովուրդին, իշխանութիւններուն եւ անձամբ իմ անունով, ի սրտէ կը շնորհաւորեմ Ձեզ՝ Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուելս նահանգի վարչապետի պաշտօնը ստանձնելու կապակցութեամբ։
Վստահ եմ, որ Ձեր գիտելիքներն ու հարուստ փորձը լաւագոյնս կը ծառայեն՝ ի բարօրութիւն նահանգի բնակչութեան։
Նոր Հարաւային Ուելսը, յառաջատար դերակատարութիւն ունենալով Աւստրալիոյ տնտեսական ու քաղաքական կեանքէն ներս, ծանօթ է նաեւ որպէս երկրամաս մը, ուր մշտապէս կարեւորած են ժողովուրդներու ազատութիւնն ու իրաւահաւասարութիւնը, մարդու իրաւունքներն ու համընդհանուր ժողովրդավարական արժէքները։
Այդ իրողութեան վառ արտայայտութիւնն է նաեւ 25 Հոկտեմբեր, 2012 թուականի նահանգի օրէնսդիր մարմնին կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան եւ անոր բնակչութեան ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչման վերաբերեալ բանաձեւի ընդունումը:
Լիայոյս եմ, որ Ձեր պաշտօնավարման ընթացքին նոր շունչ ու բովանդակութիւն կը հաղորդուին Արցախի եւ Նոր Հարաւային Ուելսի միջեւ բարեկամական կապերուն՝ նպաստելով փոխշահաւէտ համագործակցութեան հաստատման։
Անգամ մը եւս կը շնորհաւորեմ Ձեզ եւ կը մաղթեմ քաջառողջութիւն ու մեծագոյն յաջողութիւններ՝ Ձեր առաքելութեան իրականացման ճանապարհին:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ընկերամշակութային
- 11/26/2024
- 11/26/2024