ՓՈՒԹԻՆԻ ԿՈՂՄԷ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՄ

Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին վա­ւե­րա­ցուց Թրքա­կան հոսք բնա­կան կա­զի խո­ղո­վա­կա­շա­րի կա­ռուց­ման ծրագ­րին վե­րա­բե­րեալ հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը։ Ծա­նօթ է, որ Թուր­քիոյ եւ Ռու­սաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ գո­յա­ցած էր հա­մա­պա­տաս­խան հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը։ Փու­թի­նի վա­ւե­րաց­ման վե­րա­բե­րեալ հրա­մա­նա­գի­րը ե­րէկ հրա­պա­րա­կուե­ցաւ այն հա­մա­ցան­ցա­յին կայ­քէ­ջին վրայ, ուր կը ներ­կա­յա­ցուին ռու­սա­կան պե­տու­թեան պաշ­տօ­նա­կան փաս­տա­թուղ­թե­րը։

Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վը այս հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը վա­ւե­րա­ցու­ցած էր ան­ցեալ տա­րե­վեր­ջին։ Ռու­սաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի եր­կու պա­լատ­ներն ալ ներ­կայ ամ­սուան սկիզ­բին ար­դէն վա­ւե­րա­ցու­ցած էին հա­մա­ձայ­նա­գի­րը։

10 Հոկ­տեմ­բեր 2016 թուա­կա­նին Թուր­քիա եւ Ռու­սաս­տան հա­մա­ձայ­նու­թիւն կնքած էին կա­ռու­ցե­լու հա­մար կա­զա­մուղ եր­կու խո­ղո­վա­կա­շար­ներ, ո­րոնց իւ­րա­քան­չիւ­րին տա­րո­ղու­թիւ­նը պի­տի հաս­նի 15.75 մի­լիառ խո­րա­նարդ մեթ­րի։ Այդ եր­կու խո­ղո­վա­կա­շար­նե­րէն մին կա­զա­մա­տա­կա­րա­րում պի­տի ա­պա­հո­վէ Թուր­քիոյ հա­մար։ Իսկ երկ­րորդ խո­ղո­վա­կա­շա­րը նա­խա­տե­սուած է դէ­պի Եւ­րո­պա բնա­կան կա­զի ա­ռա­քում­նե­րու հա­մար՝ անհ­րա­ժեշտ ե­րաշ­խիք­նե­րու ա­պա­հով­ման պա­րա­գա­յին։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 8, 2017