ԻՐԱՔԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ՎՃՌԱԿԱՆ
Իրաքի Վարչապետ Հայտար Էլ Իպատի յայտարարեց, որ ԻՇԻՊ («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) լրջօրէն ուժ կորսնցուցած է։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Պաղտատի մէջ Էլ Իպատի կառավարական պալատէն ներս սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին անդրադարձաւ Մուսուլի ազատագրման նպատակով ձեռնարկուած գործողութիւններուն։ Ըստ իրեն, ԻՇԻՊ մեծ ուժ կորսնցուցած է։ Անդրադառնալով Մուսուլի արեւմուտքի ազատագրման՝ ան յայտնեց, որ յառաջիկայ այդ գործը աւելի դիւրին է եւ Իրաքի զօրքերը պատրաստ են այդ մէկուն։ «Այս փուլին պիտի դիմագրաւենք դժուարութիւններ, սակայն կը շարունակենք մեր զինուորական ծրագրերը ի կատար ածելու», ըսաւ Էլ Իպատի եւ աւելցուց, որ ԻՇԻՊ-էն ազատագրուած Մուսուլի արեւելեան հատուածներէն ներս սկսած են գործել պետական կառոյցները։ Այդ նոյն շրջաններէն ներս բազմաթիւ ընտանիքներ վերադարձած են իրենց տուները եւ ծառայութիւններն ալ սկսած են անոնց համար։
Էլ Իպատի խօսեցաւ նաեւ Իրաքի հիւսիսի՝ քրդական ինքնավար շրջանի անկախացման հաւանականութեան շուրջ։ Այս կապակցութեամբ ան ըսաւ. «Այս նիւթը քաղաքական առումով չէ ներկայացուած մեզի։ Բնականաբար ժողովուրդները ունին ինքնորոշման իրաւունք, սակայն այս խնդիրը տեսական հարթութեան վրայ է եւ գործնական որեւէ քայլ չէ առնուած։ Մենք կողմնակից ենք Իրաքի մը, որ բոլորին նկատմամբ յարգանք կը տածէ ու բոլորին համար ծառայութիւն կը մատուցէ։ Մենք կը ձգտինք զօրացնել մէկ ու միասնական Իրաքը։ Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան հետ կը շարունակուի մեր համատեղ աշխատանքը՝ խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ։ Առաջին անգամ համագործակցութիւն մը եւ զօրակցութիւն մը եղաւ Փեշմերկէին ու մեր անվտանգութեան ուժերուն միջեւ։ Բնականաբար արգիլուած չէ որեւէ նիւթի քննարկում, սակայն արգիլուած է միակողմանի որոշում առնելը։ Իրաք այսօր աւելի քան երբեք մօտ է վերամիաւորման։ Կը փափաքինք պետական կառոյցին տալ այնպիսի բնոյթ մը, որ ներկայացնէ ու պաշտպանէ բոլորը»։