ՍԹՈՔՀՈԼՄԷՆ ՀԻՒՐԵՐ

Շուէ­տէն խորհր­դա­րա­նա­կան պա­տուի­րա­կու­թիւն մը ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Շուէ­տի խորհր­դա­րա­նի Ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Քե­նետ Ֆորշ­լուն­տի կող­մէ գլխա­ւո­րուած պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը ե­րէկ բազ­մա­կող­մա­նի շփում­ներ ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Գա­լուստ Սա­հա­կեան տե­սակ­ցե­ցաւ Սթոք­հոլ­մէն ժա­մա­նած հիւ­րե­րուն հետ։ Շուէ­տա­ցի խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րը օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան հիւ­րըն­կա­լուե­ցան Հա­յաս­տա­նի օ­րէնս­դիր եւ գոր­ծա­դիր իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեանն ալ տե­սակ­ցե­ցաւ Քե­նետ Ֆորշ­լուն­տի եւ ըն­կե­րա­կից­նե­րուն հետ։ Հան­դիպ­ման ներ­կայ էր նաեւ Հա­յաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի Ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Ար­տակ Զա­քա­րեան։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, եր­կուս­տեք շեշ­տուե­ցաւ, որ Հա­յաս­տա­նի եւ Շուէ­տի մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ամ­րապնդ­ման եւ ընդ­լայն­ման գոր­ծին մէջ մեծ է եր­կու եր­կիր­նե­րու խորհր­դա­րան­նե­րուն դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը։ Անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ Եւ­րո­միու­թիւն-Հա­յաս­տան նոր շրջա­նա­կա­յին հա­մա­ձայ­նագ­րին շուրջ ձեռ­նար­կուած բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն։ Նա­խա­րար Նալ­պան­տեան ներ­կա­յա­ցուց Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցը յա­ռաջ մղե­լու ուղ­ղու­թեամբ Հա­յաս­տա­նի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րուն կող­մէ ձեռ­նար­կուած ջան­քե­րը։ Հիւ­րե­րու խնդրան­քով ան բա­ցատ­րեց նաեւ Ե­րե­ւա­նի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րը։

Զրու­ցա­կից­նե­րը կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կե­ցին նաեւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին կամ մի­ջազ­գա­յին բնոյ­թով հրա­տապ հար­ցե­րու շուրջ։ 

Չորեքշաբթի, Փետրուար 8, 2017