ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԴԵՍՊԱՆ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ ըն­դու­նեց Ե­րե­ւա­նի մօտ Թայ­լան­տի նո­րան­շա­նակ դես­պան Քրիանկ­սաք Քի­թի­չայ­սէ­րը, որ յանձ­նեց իր հա­ւա­տար­մա­գի­րը։ Հարկ է նշել, որ Թայ­լան­տի դես­պա­նին նստա­վայ­րը կը գտնուի Մոս­կուա­յի մէջ։ Զրոյ­ցի ըն­թաց­քին Սերժ Սարգ­սեան անհ­րա­ժեշտ հա­մա­րեց նոր թափ մը հա­ղոր­դել կող­մե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան՝ նկա­տի ու­նե­նա­լով զա­նա­զան ո­լորտ­նե­րէ ներս մեծ նե­րուժն ու ստեղ­ծուած նա­խադ­րեալ­նե­րը։ Իր կար­գին, դես­պան Քի­թի­չայ­սէր նշեց, որ ար­դէն շատ մը քննար­կում­ներ եւ հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցած է Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Ան երկ­կող­մա­նի ա­ռեւտ­րատն­տե­սա­կան կա­պե­րուն եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան տե­սա­կէ­տէ հե­ռան­կա­րա­յին հա­մա­րեց՝ ոս­կեր­չու­թեան, զբօ­սաշր­ջու­թեան, գիւ­ղատն­տե­սու­թեան եւ դե­ղա­գոր­ծու­թեան բնա­գա­ւառ­նե­րը։

Սերժ Սարգ­սեան Թայ­լան­տի դես­պա­նին հետ կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կեց մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու շրջա­նակ­նե­րէն ներս եր­կու բա­րե­կամ եր­կիր­նե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան շուրջ։ Քի­թի­չայ­սէր նշեց, որ իր եր­կի­րը հե­տաքրք­րուած է Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան (ԵՏՄ) հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­մամբ եւ այս ուղ­ղու­թեամբ կ՚ակն­կա­լէ այդ կա­ռոյ­ցի ան­դամ եր­կիր­նե­րէն Հա­յաս­տա­նի ա­ջակ­ցու­թիւ­նը։

Թայ­լան­տի դես­պա­նը վեր­ջին օ­րե­րուն տե­սակ­ցե­ցաւ նաեւ Հա­յաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թե­նէն այլ դէմ­քե­րու հետ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 8, 2017