ՊԱՔՈՒԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՍԱԴՐԱՆՔԸ

Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ առ­կայ  լա­րուա­ծու­թիւ­նը վեր­ջին օ­րե­րուն կ՚ա­ւել­նայ հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն։ Ե­րէկ մտա­հո­գիչ նոր ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ տե­ղի ու­նե­ցան՝ Ատր­պէյ­ճա­նի զի­նեալ ու­ժե­րուն կող­մէ հրա­դա­դա­րի հեր­թա­կան խախտ­ման հե­տե­ւան­քով։

Ե­րէկ, ԵԱՀԿ-ի ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ-Ատր­պէյ­ճան շփման գծին վրայ ի­րա­կա­նա­ցուց դի­րար­կում մը։ Ատր­պէյ­ճան թոյլ չտուաւ, որ ԵԱՀԿ-ի ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը եր­թայ նաեւ իր ա­ռաջ­նա­յին դիր­քե­րը։ Այդ քայ­լէն ան­մի­ջա­պէս վերջ ալ Ատր­պէյ­ճան ի­րա­կա­նա­ցուց հեր­թա­կան սադ­րիչ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը։

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան աղ­բիւր­նե­րը հա­ղոր­դե­ցին, որ ե­րէկ, ժա­մը՝ 17.00-18.50-ին Ատր­պէյ­ճան իր բնա­կա­վայ­րե­րու մեր­ձա­կայ­քին տե­ղա­կա­յուած կրա­կա­յին յե­նա­կէ­տե­րէ ու­ղիղ նշա­նա­կու­թեամբ ռմբա­կո­ծեց Ար­ցա­խի Պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի ա­րե­ւե­լեան ուղ­ղու­թեամբ տե­ղա­կա­յուած մար­տա­կան դիր­քե­րը։ Հիւ­սի­սա­յին ուղ­ղու­թիւնն ալ ան­մասն չմնաց այդ յար­ձա­կում­նե­րէն, մաս­նա­ւոր­պէս Թա­լի­շը։

Ար­ցա­խի Պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կը կո­րուստ­ներ չու­նե­ցաւ ա­զէ­րի զօր­քե­րու նա­խա­յար­ձակ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն հե­տե­ւան­քով։ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը յայ­տա­րա­րեց, որ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ ձեռ­նար­կուած սադ­րիչ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու եւ ա­նոնց հե­տե­ւանք­նե­րու ամ­բողջ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը կը պատ­կա­նի Պա­քուի ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան։ «Նման սադ­րանք­նե­րու շա­րու­նա­կու­թեան պա­րա­գա­յին Ար­ցա­խի պե­տա­կան սահ­ման­նե­րու անվ­տան­գու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու նպա­տա­կով՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կը ինք­զին­քին ի­րա­ւունք կը վե­րա­պա­հէ դի­մե­լու ոչ-հա­մար­ժէք քայ­լե­րու», ը­սուած է նա­խա­րա­րու­թեան յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ։ 

Չորեքշաբթի, Փետրուար 8, 2017