ԱՌԱՋԻՆ ՇՓՈՒՄԸ…
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ կէս գիշերին (այսօրուան առաջին ժամերուն) հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Արդէն միջոցէ մը ի վեր կը սպասուէր այս զրոյցին։ Յունուարի 20-ին պաշտօնի ձեռնարկած Թրամփի եւ Էրտողանի միջեւ առաջին պաշտօնական շփումը հանդիսացաւ այս հեռախօսազրոյցը։
Տեղական մամուլի հաղորդումներով, երկու ղեկավարները այս առաջին հեռախօսազրոյցին ժամանակ քննարկեցին թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու օրակարգային հարցերը։ Անոնք կարծիքներ փոխանակեցին՝ յարաբերութիւններու առաւել զարգացման առաջադրութեամբ առնուելիք փոխադարձ քայլերուն շուրջ։
Երէկուան հեռախօսազրոյցը առիթ հանդիսացաւ նաեւ, որպէսզի ուրուագծուի Էրտողանի եւ Թրամփի միջեւ ուղղակի առաջին հանդիպման հեռանկարը։ Արդարեւ, յառաջիկայ Մայիսի վերջաւորութեան Պրիւքսելի մէջ նախատեսուած է ՆԱԹՕ-ի անդամ ու գործընկեր երկիրներուն գագաթաժողովը։ Սա պիտի ըլլայ Թրամփի մասնակցութեամբ կայանալիք դաշինքի առաջին գագաթը։ Օրակարգի վրայ պիտի գայ ՆԱԹՕ-ի վերակառուցման խնդիրը։ Նկատի ունենալով, որ երկու նախագահներն ալ պիտի մասնակցին այդ գագաթաժողովին՝ Պրիւքսելի մէջ անոնք ծաւալուն քննարկում մը պիտի ունենան։ Երէկուան հեռախօսազրոյցին ընթացքին կողմերուն միջեւ արդէն համաձայնութիւն գոյացած է այս ուղղութեամբ։
Էրտողան եւ Թրամփ առաջին հեռախօսազրոյցին ընթացքին առաջնահերթօրէն կանգ առին Մերձաւոր Արեւելքի իրադարձութիւններուն, մասնաւորապէս Սուրիոյ ճգնաժամին վրայ։ Անոնք անդրադարձան այն քայլերուն, զորս երկու դաշնակից երկիրները պէտք է առնեն Սուրիոյ պարագային։ Նախագահները խօսեցան նաեւ ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) դէմ պայքարի հարցին շուրջ։ Ըստ Էրտողանի, ԻՇԻՊ-ի դէմ պայքարը պէտք չէ յառաջ մղուի այլ ահաբեկչական կազմակերպութեան մը՝ ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի հետ։ Հանրապետութեան նախագահը Թուրք զինեալ ուժերու «Եփրատի վահան» ծրագրին շուրջ տեղեկութիւններ փոխանցեց իր ամերիկացի պաշտօնակցին։ Ան խօսեցաւ նաեւ Սուրիոյ տագնապի կարգաւորման վերաբերեալ Թուրքիոյ տեսակէտներուն շուրջ։
Էրտողան-Թրամփ հեռախօսազրոյցին ընթացքին շօշափուեցաւ նաեւ ՖԵԹԷՕ-ի հարցը։ Արդարեւ, այս ահաբեկչական կառոյցը վերջին շրջանին ստուեր կ՚ածէ Թուրքիա-ԱՄՆ յարաբերութիւններուն վրայ։ Թրամփի հետ զրուցելու ընթացքին Էրտողան յիշեցուց, որ ՖԵԹԷՕ-ի պարագլուխը՝ Ֆեթհուլլահ Կիւլէն պատասխանատուն է՝ 15 Յուլիսին տեղի ունեցած զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձին։ Հետեւաբար, Էրտողան ընդգծեց, որ Կիւլէն ժամ առաջ պէտք է արտայանձնուի Թուրքիոյ։
Պեշթեփէի պաշտօնական աղբիւրները այս առաւօտ հաղորդեցին, որ Էրտողան Թրամփին մաղթած է յաջողութիւններ։ Ան շեշտած է, որ Թուրքիա եւ ԱՄՆ միշտ իրարու կապուած են դաշնակցային կապերով եւ կը հանդիսանան բարեկամ ու դաշնակից երկիրներ։ Երկու ղեկավարները վերահաստատած են Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի վճռականութիւնը՝ ամէն տեսակ ահաբեկչութեան դէմ համատեղ պայքար մղելու ուղղութեամբ։ Տանըլտ Թրամփ շեշտած է, որ Թուրքիա իր երկրի ռազմավարական գործընկերն է եւ ՆԱԹՕ-ի դաշնակիցը։ Ամերիկացի ղեկավարը զօրակցութիւն յայտնեց ի նպաստ Թուրքիոյ եւ գոհունակութեամբ անդրադարձաւ ԻՇԻՊ-ի դէմ պայքարի հարցին շուրջ անոր բերած նպաստին։
Պաշտօնական աղբիւրները ընդգծեցին նաեւ, որ հեռախօսազրոյցը եղած է դրական եւ անկեղծ։ Երկու նախագահները համակարծիք գտնուած են դէպի Էլ Պապ եւ Ռաքքա գործողութիւններու հարցին շուրջ։
Էրտողան-Թրամփ հեռախօսազրոյցին զուգահեռ հաղորդուեցաւ նաեւ, որ ԱՄՆ-ի Կեդրոնական հետախուզական գործակալութեան՝ CIA-ի նախագահ Մայք Փոմփէօ վաղը պիտի այցելէ Անգարա։