ՍԹԱԺԻ ՀԱՄԱՐ ԾՐԱԳԻՐ

Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մա­ձայ­նա­գիր մը ստո­րագ­րուե­ցաւ՝ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին փո­լի­թեք­նիկ հա­մալ­սա­րա­նի եւ «Շնայ­տըր է­լէքթ­րիկ» աշ­խար­հահռ­չակ ըն­կե­րու­թեան մի­ջեւ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, այս հա­մա­ձայ­նու­թեան նպա­տակն է՝ կրթա­կան, գի­տա­կան եւ նո­րա­րա­րու­թեան նե­րու­ժի հա­մարկ­ման հի­ման վրայ եր­կու կող­մե­րուն մի­ջեւ հաս­տա­տել ու զար­գաց­նել եր­կա­րա­ժամ­կէտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն։ Այս­պէ­սով հայ ու­սա­նող­նե­րու հա­մար կը ստեղ­ծուին եւ­րո­պա­կան այս հե­ղի­նա­կա­ւոր ու­ժա­նիւ­թա­մե­քե­նա­շի­նա­րա­րա­կան ըն­կե­րու­թե­նէն ներս սթաժ­ներ կա­տա­րե­լու եւ յա­ռա­ջի­կա­յին ա­ւե­լի մրցու­նակ դառ­նա­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ։

«Այս հա­մա­ձայ­նա­գի­րը կող­մե­րուն հնա­րա­ւո­րու­թիւն կու տայ զա­նա­զան բնա­գա­ւառ­նե­րէ ներս ար­դիւ­նա­ւէտ օգ­տա­գոր­ծել մեր եւ «Շնայ­տըր է­լէքթ­րիկ»ի մտա­ւո­րա­կան, անձ­նա­կազ­մա­յին եւ այլ մի­ջոց­նե­րը», ը­սաւ հա­մալ­սա­րա­նի վե­րա­տե­սուչ Ոս­տա­նիկ Մա­րու­խեան եւ ա­ւել­ցուց, որ այս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հի­ման վրայ հա­մալ­սա­րա­նի ու­սա­նող­նե­րուն հա­մար դա­սա­խօ­սու­թիւն­ներ պի­տի կար­դան հե­ղի­նա­կա­ւոր մաս­նա­գէտ­ներ։ Ակն­կա­լու­թիւն­ներ կան նաեւ թեք­նիկ օգ­նու­թեան բնա­գա­ւա­ռին մէջ, մաս­նա­գի­տա­կան կրթա­կան ծրա­գի­րը ա­ւար­տած ու­սա­նող­նե­րը պի­տի կա­րե­նան մրցու­նակ ըլ­լալ աշ­խա­տա­շու­կա­յէն ներս։ Վե­րա­տե­սու­չին խօս­քե­րով, այս կազ­մա­կեր­պու­թեան Հա­յաս­տա­նի մէջ ներ­կա­յա­ցուց­չու­թեան հաս­տատ­ման ա­ռի­թով ի­րենք եր­կու ան­գամ հան­դի­պած են ընդ­հա­նուր տնօ­րէ­նին հետ։ Հա­մո­զում գո­յա­ցած է, թէ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին փո­լի­թեք­նիկ հա­մալ­սա­րա­նը այն հաս­տա­տու­թիւնն է, ո­րու մտա­ւո­րա­կան նե­րու­ժի օգ­տա­գործ­մամբ կա­րե­լի է հաս­նիլ լուրջ յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րու։ Ըստ Մա­րու­խեա­նի, հա­ւա­նա­կան է նաեւ, որ հե­տա­գա­յին հա­մա­տեղ հե­տա­զօ­տա­կան կեդ­րոն մը ստեղ­ծուի՝ օգ­տա­գոր­ծե­լով հա­մալ­սա­րա­նի տար­րա­լու­ծա­րա­նի հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։

«Շնայ­տըր է­լէքթ­րիկ»ի ընդ­հա­նուր տնօ­րէն Եո­հան Վան­տերփ­լաէստ ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց կրկին Հա­յաս­տա­նի մէջ գտնուե­լու բե­րու­մով։ Ըստ ի­րեն, սոյն հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը կ՚ամ­րապն­դէ «Շնայ­տըր է­լէքթ­րիկ»ի եւ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին փո­լի­թեք­նիկ հա­մալ­սա­րա­նի կա­պը զա­նա­զան ո­լորտ­նե­րէ ներս. օ­րի­նակ՝ ե­լեկտ­րա­կան ու­ժա­նիւթ, ա­թո­մա­յին ու­ժա­նիւթ եւ այլն։

Իր կար­գին, ԱՊՀ-ա­կան եր­կիր­նե­րէ եւ Ռու­սաս­տա­նէ ներս «Շնայ­տըր է­լէքթ­րիկ»ի կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու հետ փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար Ին­կա Պաթ­մա­նո­վա ընդգ­ծեց, որ ի­րենք մրցոյթ­ներ կը կազ­մա­կեր­պեն տա­ղան­դա­ւոր ու­սա­նող­նե­րու մի­ջեւ։ Յա­ջո­ղա­գոյն­նե­րը կրնան սթաժ կա­տա­րել «Շնայ­տըր է­լէքթ­րիկ»է ներս։ Ա­նոնք նաեւ աշ­խա­տան­քի անց­նե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն կրնան ու­նե­նալ մեր ըն­կե­րու­թեան զա­նա­զան մաս­նա­ճիւ­ղե­րէն ներս՝ ե­թէ լիար­ժէք դրսե­ւո­րեն ի­րենց ի­մա­ցա­կան կա­րո­ղու­թիւն­ներն ու հմտու­թիւն­նե­րը», ը­սաւ Պաթ­մա­նո­վա։

«Շնայ­տըր է­լէքթ­րիկ» եւ­րո­պա­կան ըն­կե­րու­թիւ­նը ու­նի 170 տա­րուան պատ­մու­թիւն։ Ան կը զբա­ղի ար­դիւ­նա­բե­րա­կան ձեռ­նար­կու­թիւն­նե­րու, ու­ժա­նիւ­թի են­թա­հա­մա­կար­գե­րու, քա­ղա­քա­ցիա­կան եւ բնա­կա­րա­նա­յին շի­նա­րա­րու­թեան հա­մար նա­խա­տե­սուած սար­քա­ւո­րում­նե­րու ար­տադ­րու­թեամբ։ Ա­նոր հե­տաքրք­րու­թիւն­նե­րու շրջա­նա­կին մաս կը կազ­մեն՝ ե­լեկտ­րա­կան ու­ժա­նիւ­թի, ա­թո­մա­յին ու­ժա­նիւ­թի, վե­րա­կանգ­նուող ու­ժա­նիւ­թի աղ­բիւր­նե­րը՝ մաս­նա­ւո­րա­պէս ա­րե­ւա­յին ու­ժա­նիւ­թը, ու­ժա­նիւ­թա­կա­ռա­վա­րումն ու ու­ժա­նիւ­թաար­դիւ­նա­ւէ­տու­թիւ­նը, բնա­պահ­պա­նու­թիւ­նը, ու­ժա­նիւ­թա­յին գոր­ծըն­թաց­նե­րը ինք­նա­գործ դարձ­նե­լը եւ այլն։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 8, 2017