Մաթիլտ Պուտաքեան (1917-2006)
Ինչպէս նախապէս անդրադարձած էի, Մաթիլտ Պուտաքեան եղած է Լիբանանի մէջ առաջին հայերէն երգողը, որ այդ օրերուն արձանագրած է հայերէն ձայնապնակներ. ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ այնքան հազուադէպ էր եւ տակաւին չէր ընդհանրացած արձանագրութեան արհեստագիտութիւնը:
Իմ նախորդ սերունդիս կողմէ, ճանչցուած անուն մըն է Մաթիլտ Պուտաքեանը, սակայն իմ սերունդէն շատերս լսած ենք այդ անունը՝ որպէս երգչուհի, առանց յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալու մեծ արուեստագիտուհիին կեանքին ու գործունէութեան մասին. իսկ ինծի յաջորդող սերունդը հաւանաբար նոյնիսկ չէ լսած անունը, որ երկար տարիներ եղած է լիբանանահայութեան պարծանքը:
Բարեբախտաբար մօտէն ծանօթութիւն ունիմ, իր եղբօր աղջկան, շատերու ծանօթ մանկավարժ, երկար տարիներ Նշան Փալանճեան Ճեմարանի մանկապարտիզպանուհի Գարմէն Տէր Կարապետեանին հետ, որմէ կրցայ կարգ մը տեղեկութիւններ քաղել, եւ պարտք կը զգամ բաժնեկից դարձնել ներկայ սերունդը՝ նախքան մոռացութեան գիրքերու էջերու մէջ արձանագրուիլը:
Ո՞վ է Մաթիլտ Պուտաքեան:
Հայոց չարաշուք թուականէն երկու տարի ետք, 1917-ին Պոլսոյ մէջ վանեցի եւ պոլսեցի ծնողներու յարկին տակ լոյս աշխարհ եկած է Մաթիլտ Պուտաքեանը: Անուն մը, որ տարիներ ետք պիտի դառնար արդի հայ երաժշտութեան ռահվիրաներէն մին:
Ունեցած է չորս եղբայրներ, որոնք բոլորն ալ եղած են ինքնուս երաժիշտներ եւ Մաթիլտ հասակ առնելով երաժշտական մթնոլորտով ընտանիքի մը մէջ՝ բնական է, որ պիտի ժառանգէր իր ընտանիքի անդամներուն երաժշտական յատկութիւնները, որուն վրայ աւելցած է նաեւ իր երգելու շնորհքը, ժառանգած՝ իր մեծ հօրմէն, որ փնտռուած ժողովրդային երգիչ եղած է իր շրջանակին մէջ:
«Մաթիլտ միայն վեց տարեկան էր, երբ սկսաւ երգեր յօրինել ու երգել»:
1926-ին, ինն տարեկանին կը հաստատուի Պէյրութ ու կը յաճախէ նախ Սուրբ Նշան, ապա Հռիփսիմեանց քոյրերուն վարժարանները:
Իր ֆրանսացի դրացուհին լսելով զինք՝ անձամբ ներկայացուցած է Մաթիլտը ռատիօկայանի տնօրէնութեան, որ հմայուած անոր իւրայատուկ ձայնէն, առաջարկած է շաբաթական դրութեամբ ելոյթներ ունենալ ձայնասփիւռէն, որ շարունակուած է ամբողջ քսանհինգ տարի:
Նոյն շրջանին բազմաթիւ ելոյթներ ունեցած է լիբանանահայ գաղութային ձեռնարկներու ընթացքին:
Նիկոլ Աղբալեան կոչած է զինք «Սայաթ Նովայի երգերու իւրայատուկ մեկնաբան»:
1945-ին ընտանիք կը կազմէ Օշին Քէշիշեանին հետ, որուն քաջալերանքով եւ արհեստագիտական կարողութիւններուն շնորհիւ՝ հրատարակած է 9 ձայնապնակներ, որոնք կը բաղկանային 18 երգերէ, նուագախումբ ունենալով նախ՝ Գուրգէն Խանճեան եւ եղբայրները, իսկ աւելի ուշ՝ հանրածանօթ երաժիշտ Պօղոս Ճելալեանի գլխաւորութեամբ յայտնի երաժիշտներէ բաղկացած նուագախումբը:
Տուած է երգահանդէսներ հայաշատ գաղութներու մէջ:
1954-ին Հալէպ, իսկ 1955-ին՝ Պոլիս:
Մասնակցած է Տքթ. եւ Տիկին Աբրահամեաններու ղեկավարած Համազգայինի երգի-պարի համոյթի նուագախումբին՝ մանտոլին նուագելով:
Մեր մանկութեան տարիներուն Շարլ Ազնաւուր անունը չէինք լսած, սակայն մեզմէ տարեցներէն յաճախ կը լսէինք «Մաթիլ Տուտաքեան» անունը (այդպէս կը կարծէինք):
Չէինք գիտեր՝ ո՞վ է, ի՞նչ կ՚ընէ, սակայն գիտէինք, որ նշանաւոր անձ մը ըլլալու է:
Եղած է Համազգայինի ընկերակցութեան գործունեայ անդամներէն եւ 50-ական թուականներուն եղած է այդ միութեան առաջին ռատիօժամին խօսնակը:
Իր արուեստագիտուհիի շնորհքներուն վրայ կ՚աւելնայ նաեւ իր գրական շնորհքը:
Եօթանասունական թուականներուն մաս կազմած է «Բագին» գրական ամսաթերթի անձնակազմին եւ դասաւանդած է Նշան Փալանճեան Ճեմարանի նախակրթարանի բաժնին մէջ:
***
Կը բնակէր այն շէնքին մէջ, ուր կը գտնուէր «Ազդակ»ի նախկին տպարանը:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն միշտ եղած է «Ազդակ»ի խմբագրական կազմին հետ՝ խրախուսելով հոն գտնուող հայ մարտական տղաքն ու «Ազդակ»ի նուիրեալ անձնակազմը:
Իր երգերով «մոռցնել» տուած է ռումբերու ձայները:
Զաւէն Թորիկեանի վկայութեամբ, «Ամէն անգամ, երբ կը դիմէինք «Ազդակ»ի գետնայարկ խմբագրատունը, աստիճաններէն վար իջած ժամանակ, մեր ականջներուն կը հասնէր Մաթիլտի անուշ եւ իւրայատուկ ձայնը: Ֆրանսացի աշխարհահռչակ երգչուհի Էտիթ Փիաֆի երգերը մեկնաբանած ժամանակ այն տպաւորութիւնը կ՚ունենայինք, որ Էտիթ Փիաֆ ներկայ է այդ շէնքին մէջ»:
Տարիներ անցան: Վրայ հասան Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի դաժան տարիները:
1989-ին, մեծ թիւով լիբանանահայերու նման, չդիմանալով Լիբանանի աւերիչ ռումբերուն, կը հաստատուի Լոս Անճելըս՝ բնակելով նախ Բաբգէն Սասունիի ընտանիքին մօտ, ապա իր եղբօր աղջկան՝ Գարմէն Տէր Կարապետեանին հետ:
Լիբանանի մէջ, նաեւ Լոս Անճելըս, ստանձնած է վարչական պաշտօններ: Ամբողջ կէս դար անդամակցած է ՀՕՄ-ին եւ Հայ տարեցներու միութեան Էնսինոյի մասնաճիւղին, որ 2002-ին տօնեց իր երգարուեստի յիսնամեակը՝ նուիրելով յուշատախտակ մը:
Մաթիլտ Պուտաքեան սիրած է երգն ու արուեստը: Եղած է միշտ կեսուրախ եւ փնտռուած՝ իր շրջապատին մէջ: Բազմալեզու երգչուհին հաւաքոյթներու ժամանակ ճոխացուցած է մթնոլորտը:
Իր մտերիմներու վկայութեամբ, «Երգելու նազ ու տուզ կ՚ընէր, սակայն անգամ մը, որ սկսէր, երգերու շարքը վերջ չէր գտներ»:
Մաթիլտ Պուտաքեանի երգացանկը հարուստ էր ֆրանսերէն, արաբերէն եւ մանաւանդ հայերէն երգերով: Այն թուականներուն, երբ Միջին Արեւելքի մէջ հազուադէպ եւ այնքան ալ հեշտ չէր ձայնապնակ արձանագրելը, ան ունէր հայերէն 18 երգերէ բաղկացած 9 ձայնապնակներ, որոնցմէ մէկ քանին, մինչեւ օրս կ՚երգուին տարբեր երգիչներու կողմէ, որոնք շատ հաւանաբար անտեղեակ են երգերու իսկական հեղինակին անունին՝ յանձինս Մաթիլտ Պուտաքեանի:
Իր ամենաշատ ժողովրդականութիւն ունեցող երգերէն կարելի է յիշել՝ «Մի անգամ նայուածքովդ», «Գիշերն անուշ է», «Արի՛, եա՛ր ջան», «Մարալ աղջիկ» եւ տասնեակ մը ուրիշներ:
Բացի 18 ձայնագրուած երգերէն, ունի նուազագոյնը 6 յօրինումներ, որոնք չեն ձայնագրուած:
***
Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի կազմակերպած ընկերային ձեռնարկի մը ներկայ ենք: Մտերմիկ մթնոլորտ: Երգ ու պար:
Մոռցած ըլլալ կը թուինք Պէյրութի ռումբերը: Ուրախ է ամէն մարդ:
Ներկաներէն մէկը բարձրաձայն՝ «Մաթիլտէն երգ մը, եթէ կարելի է»:
Բոլորը միաբերան, «Կ՚ուզե՛նք, կ՚ուզե՛նք»:
Ընդունուած սովորութիւն դարձած, քիչ մը «չեմ ու չում»է ետք բեմ կը բարձրանայ Մաթիլտ Պուտաքեանը, մեր մանկութեան տարիներու «Մաթիլ Տուտաքեան»ը:
Ու կը սկսի.
«Մի անգամ նայուածքովդ, հոգիս մաշեցիր Ինծի մեճնուն արեցիր, չոլեր ձգեցիր: Թէ ասում են դիմացիր, ես ո՞նց դիմանամ»:
Ներկաները կը մասնակցին երգեցողութեան: Մեներգը վերածուած է խմբերգի:
Մանկութեանս շատ լսած էի այդ երգը, անգիր գիտեմ բառերը, սակայն չեմ մասնակցիր: Կը դիտեմ զինքը երկար:
Ուրեմն այս է Մաթիլտը, որուն մասին այնքա՜ն լսած եմ մանկութեանս տարիներուն: Նոյնինքն Մաթիլտը, որ Լիբանանի մէջ եղաւ ԱՌԱՋԻՆ հայերէն երգողը: Կը յիշեմ, երբ մարդիկ ձայնասփիւռին դիմաց նստած՝ անհամբեր կը սպասէին Մաթիլտի հայերէն երգերը ունկնդրելու:
Նոյնինքն Մաթիլտը, որ ինչպէս կը վկայեն երկու բարեկամներս, «Ազդակ»ի նախկին խմբագիր Սարգիս Մահսէրէճեան եւ աշխատակից Զաւէն Թորիկեան, թէ ինչպէս Մաթիլտի անուշ ձայնը «Ազդակ»ի տպարանին մէջ կը «չէզոքացնէր» ռումբերու գոռոցը: Խմբագիր, անձնակազմ, գրաշար ու էջադրող, բոլորը միասին կը շրջապատէին զինք: Բոլորին սիրելի Մաթիլտը:
Այդ երեկոյ առաջին եւ վերջին հանդիպումս եղաւ Մաթիլտին:
Օրերը դարձան շաբաթներ, ամիսները վերածուեցան տարիներու:
«Համազգային»ի այդ օրուան ձեռնարկը, բազմաթիւ հաճելի օրերու նման, արդէն մոռացութեան անցած էր, երբ «Ասպարէզ» օրաթերթի մէջ աչքիս զարկաւ մահազդ մը, որ կը գուժէր Մաթիլտ Պուտաքեանին մահը:
Յուզումով յիշեցի այդ երեկոն, երբ հակառակ իր յառաջացած տարիքին, կը խանդավառէր ներկաները:
Աչքերս յառած թերթի այդ ծանուցումին՝ կ՚անդրադառնամ, որ յաւերժ լռած է իր հմայիչ ձայնը, սակայն …
Մաթիլտի նման արուեստագէտներ չեն մահանար: Կ՚անմահանան:
Այս տարի իր ծննդեան 100-ամեակն է, եւ այդ առիթով իր սիրելիներուն եւ համայն հայութեան անունով թոյլ տուէք, որ բարձրաձայն ըսեմ:
«Թէ ասում են դիմացիր, ես ո՞նց դիմանամ»:
Հայ երգարուեստի պատմութեան մէջ ոսկետառով յիշուած անուն մը:
Մաթիլտ Պուտաքեան:
ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Լոս Անճելըս, 2017