ԱՆՁԵՐՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐԸ՝ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՄԱՁԱՅՆ - Գ -

ՎԱՐ­ԴԱ­ՊԵՏ­ՆԵՐ

Վար­դա­պետ­նե­րու եր­կու դա­սա­կարգ գո­յու­թիւն ու­նի Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ 1.- «Մաս­նա­ւոր», որ ու­նի չորս աս­տի­ճան­ներ, եւ 2.- «Ծայ­րա­գոյն» կամ «Ա­ւագ», որ նա­խոր­դէն ա­ւե­լի ու­նի տա­սը աս­տի­ճան­ներ եւս։

Մաս­նա­ւոր Վար­դա­պե­տու­թեան իշ­խա­նու­թիւն ու­նե­ցո­ղը կրնայ քա­րո­զել ե­կե­ղեց­ւոյ բե­մէն գա­ւա­զան ի ձե­ռին։

Իսկ Ծայ­րա­գոյն Վար­դա­պե­տը ի­րա­ւունք ու­նի, 1.- Մեկ­նե­լու Ս. Գիր­քը, եւ 2.- Մաս­նա­ւոր Վար­դա­պե­տու­թեան իշ­խա­նու­թիւն տա­լու իր ձեռ­նա­սուն­նե­րուն։ Ծայ­րա­գոյն Վար­դա­պե­տը պէտք չէ՝ անխտ­րա­բար վար­դա­պե­տու­թեան իշ­խա­նու­թիւն տայ. «ե­թէ ոչ ի­ցէ նուի­րեալն կա­տա­րեալ ուս­մամբ՝ եւ ա­ռա­քի­նու­թեամբ, եւ հա­սա­կաւ, եւ աս­տուա­ծա­յին եր­կիւ­ղիւ» (Եէմ. 8)։

­ՔՈ­ՐԵ­ՊԻՍ­ԿՈ­ՊՈՍ­ՆԵՐ

«Քո­րե­պիս­կո­պոս» կ՚ը­սուին այն ե­պիս­կո­պոս­նե­րուն՝ ո­րոնք կը գտնուին թե­մա­կալ ե­պիս­կո­պո­սի մը ձե­ռին տակ ի­բերւ «օգ­նա­կան ե­պիս­կո­պոս»։

­Քո­րե­պիս­կո­պո­սը կրնայ տալ.

1.- Դպրու­թեան չորս աս­տի­ճան­ներ,

2.- Կի­սա­սար­կա­ւա­գի աս­տի­ճան, բայց ա­ռանց իր ե­պիս­կո­պո­սին կամ­քին չի՛ կրնար,

1.- Ե­րէց օ­ծել. (Անկ. 14), (Անտ. Ժ),

2.- Սար­կա­ւագ ձեռ­նադ­րել. (Անկ. 14), (Անտ. Ժ)։

Ե­ՊԻՍ­ԿՈ­ՊՈՍ­ՆԵՐ

Ե­պիս­կո­պոս­նե­րը բարձ­րա­գոյն հե­ղի­նա­կու­թիւնն են ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ Ա­նոնք ի­րենց իշ­խա­նու­թիւ­նը յա­ջոր­դա­բար ստա­ցած են ա­ռա­քեալ­նե­րէն։ Ա­նոնք կը կա­ռա­վա­րեն ստո­րա­դաս ե­կե­ղե­ցա­կան­նե­րը եւ հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դը, պա­հա­պան­ներն են ուղ­ղա­փար հա­ւատ­քին, իշ­խա­նու­թիւն ու­նին դա­տե­լու եւ պատ­ժե­լու յան­ցա­ւոր­նե­րը. կրնան կա­տա­րել բո­լոր խոր­հուրդ­նե­րը, մաս­նա­ւո­րա­բար ձեռ­նադ­րու­թիւ­նը ի­րենց սե­փա­կան է։

Ե­պիս­կո­պոս­նե­րու յա­տուկ ի­րա­ւունք­ներն են.

1.- Աջ ճկոյ­թին կրել «ե­պիս­կո­պո­սա­կան մա­տա­նի», զոր պէտք է հա­նէ Ս. Պա­տա­րագ մա­տու­ցած պա­հուն։

2.- Հագ­նիլ ե­մի­փո­րոն՝ քա­հա­նա­յա­կան զգեստ­նե­րու վրա­յէն եւ գլխուն կրել խոյր։

3.- Կա­տա­րել ձեռ­նադ­րու­թիւ­նը քա­հա­նա­նե­րու եւ ա­նոնց­մէ վար ե­կե­ղե­ցա­կան պաշ­տօ­նեա­նե­րուն։

4.- Մաս­նակ­ցիլ ե­պիս­կո­պո­սի օծ­ման՝ կա­թո­ղի­կո­սի գլխա­ւո­րու­թեամբ։

5.- Օ­ծել ե­կե­ղե­ցի­ներ եւ ե­կե­ղե­ցա­կան ի­րեր։ Սե­ղան կանգ­նել եւ մար­տի­րո­սաց նշխար­ներ զե­տե­ղել. (Շահպ. 17), (Թագ. Է)։

6.- Նա­խա­գա­հել կրօ­նա­կան ա­տեան­նե­րու եւ դա­տաս­տան ը­նել։

7.- Մաս­նակ­ցիլ Ազ­գա­յին-Ե­կե­ղե­ցա­կան Ժո­ղով­նե­րու։

8.- Թեկ­նա­ծու­թիւն վա­յե­լել թե­մա­կան ա­ռաջ­նոր­դու­թեան եւ կա­թո­ղի­կո­սու­թեան։

9.- Քա­րո­զել Սուրբ Ա­ւե­տա­րա­նը։

10.- Ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ յա­տուկ գոր­գի վրայ կանգ­նիլ եւ ա­թո­ռի վրայ բազ­միլ։

11.- Նոր հաս­տա­տուած սո­վո­րու­թեան հա­մա­ձայն իր կուրծ­քին վրայ կրել պա­նա­կէ։

Ե­պիս­կո­պո­սը պէ՛տք է որ

1.- Ե­կե­ղեց­ւոյ Սուրբ Գիր­քե­րը ա­րուես­տա­ւոր, ուղ­ղա­փառ եւ գի­տուն մար­դոց գրել տայ. (Սիս 10)։

2.- Տա­րին եր­կու ան­գամ շրջի իր թե­մը եւ այ­ցե­լէ իր հօ­տին. (Սիս 11)։­

Ե­պիս­կո­պո­սը պէտք չէ՛ որ

1.- Բան մը ը­նէ ա­ռանց կա­թո­ղի­կո­սի կամ­քին. (Ան­տիոք Թ, Կղեմ. ԼԴ, Մխ. Ա կզ)։

2.- Լքէ այն վի­ճա­կը՝ ո­րուն վրայ օ­ծուած է։

3.- Իր վի­ճա­կէն դուրս ձեռ­նադ­րու­թիւն կա­տա­րէ, տե­ղա­ցի­նե­րուն կամ­քին հա­կա­ռակ։

4.- Նշա­նա­կուի գիւ­ղի մը կամ դուզ­նա­քեայ, այ­սինքն՝ փոքր, անն­շան քա­ղա­քի մը՝ ո­րուն մէջ ե­րէց բա­ւա­կան է. (Սարդ. Զ)։

5.- Տգէտ­նե­րը եւ ա­նար­ժան­նե­րը քա­հա­նայ կամ սար­կա­ւագ ձեռ­նադ­րէ. (Թադ. Ա)։

6.- Ու­րիշ ե­պիս­կո­պո­սէ մը բա­նադ­րուած քա­հա­նայ մը կամ աշ­խար­հա­կան մը ար­ձա­կէ. (Շնորհ. 37)։

7.- Քո­րե­պիս­կո­պոս­նե­րուն կամ քա­հա­նա­նե­րուն սե­ղան հաս­տա­տել կամ ե­կե­ղե­ցի օրհ­նել տայ. (Պարտ. 4)։

8.- Միւ­ռոն օրհ­նէ, կամ վրան ա­ւելց­նէ եւ քա­հա­նա­նե­րուն տայ. (Պարտ. 5)։

9.- Ու­րի­շի մը վի­ճա­կին մէջ սե­ղան՝ հաս­տա­տէ։

ԱՐ­ՔԵ­ՊԻՍ­ԿՈ­ՊՈ­ՍՈՒ­ԹԻՒՆ

«Ար­քե­պիս­կո­պո­սու­թիւն»ը Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ այժմ մաս­նա­ւոր պա­տիւ մը դար­ձած է՝ զոր կա­թո­ղի­կո­սը կը շնոր­հէ ար­ժա­նա­ւոր ե­պիս­կո­պոս­նե­րու՝ յա­տուկ կոն­դա­կով։

ՊԱՏ­ՐԻԱՐՔ­ՆԵՐ

Հայ Ե­կե­ղե­ցին նա­խա­պէս ու­նէր մէկ պատ­րիարք՝ Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ։ Թուր­քե­րը Պո­լի­սը առ­նե­լէ ետք հոն հաս­տա­տե­ցին նոր Պատ­րիար­քու­թիւն մը Թուր­քիոյ հա­յոց հա­մար։ Իսկ Ե­րու­սա­ղէ­մի պատ­րիար­քու­թիւ­նը են­թա­կայ է այժմ Ս. Էջ­միած­նի Ա­մե­նայն Հա­յոց Հայ­րա­պե­տու­թեան։

Ե­րու­սա­ղէ­մի պատ­րիարք­նե­րուն ի­րա­ւունք­ներն են.

1.- Ստա­նալ ար­քա­յա­կան հրո­վար­տակ, կամ պե­տա­կան ճա­նա­չում, ի­րենց պաշ­տօ­նը եւ ա­ռանձ­նաշ­նոր­հում­նե­րը հաս­տա­տող։

2.- Նա­խա­գա­հել Միա­բա­նա­կան եւ Տնօ­րէն Ժո­ղով­նե­րու. (Միաբ. Կա­նոն 1888, յօդ. 22)։

3.- Ա­զատ ըլ­լալ տուր­քե­րէ։

4.- Ցկեանս վա­րել ի­րենց պաշ­տօ­նը. (յօդ. 22)։

5.- Պա­տա­րա­գե­լու ժա­մա­նակ կրել ե­պիս­կո­պո­սա­կան խոյր, նախ­քան այդ աս­տի­ճա­նը ստա­նա­լը. (Սի­մէոն Կա­թո­ղի­կոս Ե­րե­ւան­ցի. 1763-1780)։­

Ե­րու­սա­ղէ­մի պատ­րիարք­նե­րուն պար­տա­կա­նու­թիւն­ներն են.

1.- Ան­կո­րուստ եւ պայ­ծառ պա­հել Ս. Տե­ղե­րը։

2.- Ս. Ա­թո­ռի սե­փա­կան կա­լուած­նե­րուն բար­գա­ւաճ­ման հոգ տա­նիլ։

3.- Ս. Ա­թո­ռի թե­մա­կան ժո­ղո­վուր­դը հո­վուել։

4.- Վա­նա­կան Կա­նո­նագ­րի ան­թե­րի գոր­ծադ­րու­թեան հսկել։

5.- Հա­ւա­տա­րիմ մնալ Տէ­րու­թեան, Ազ­գին եւ Ս. Ա­թո­ռին Ե­րու­սա­ղէ­մի. (յօդ. 27)։

­ԿԱ­ԹՈ­ՂԻ­ԿՈՍ­ՆԵՐ

Ներ­կա­յիս Հա­յաս­տա­նեայց Ե­կե­ղե­ցին ու­նի եր­կու կա­թո­ղի­կո­սու­թիւն­ներ.- Ա. Ընդ­հան­րա­կան, ի Ս. Էջ­միա­ծին, Ա­մե­նայն Հա­յոց Հայ­րա­պե­տը, եւ Բ. մաս­նա­ւոր, յԱն­թի­լիաս, Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սը։

Կա­թո­ղի­կո­սա­կան մա­նա­ւոր ի­րա­ւունք­ներն են.

1.- Իր վի­ճա­կին հա­մար ե­պիս­կո­պոս ձեռ­նադ­րել եւ օ­ծել (Երս. 1), ու­նե­նա­լով առն­թե­րա­կայ գո­նէ եր­կու ե­պիսկս­պոս (Նիկ. 4)։

2.- Միւ­ռոն պատ­րաս­տել եւ օրհ­նել. (Ե. Դուին 9)։

3.- Ազ­գա­յին-Ե­կե­ղե­ցա­կան Ժո­ղով գու­մա­րել եւ նա­խա­գա­հել եւ հաս­տա­տել Ժո­ղո­վին ո­րո­շում­նե­րը, ի գոր­ծադ­րու­թիւն։

4.- Ե­կե­ղեց­ւոյ բա­րե­կար­գու­թեան հա­մար Կա­նոն­ներ գծել եւ յա­տուկ Կոն­դա­կով հրա­տա­րա­կել։

5.- Ե­կե­ղե­ցա­կան Կա­նոն­նե­րու դէմ գոր­ծուած մեծ յան­ցանք­ներ պատ­ժել։

6.- Նուի­րակ­ներ եւ Պա­տուի­րակ­ներ ու­ղար­կել մաս­նա­ւոր խնդիր­նե­րու կար­գադ­րու­թեան հա­մար։

7.- Ա­ռաջ­նորդ­ներ նշա­նա­կել կամ հաս­տա­տել ըստ պա­րա­գա­յին։

8.- Կոն­քեռ կրել աջ կող­մին. (Ժո­ղով Կար­նոյ. Կան. Թ)։

9.- Վե­ղա­րին վրայ կրել ա­դա­ման­դեայ խաչ, ըստ նոր հաս­տա­տուած սո­վո­րու­թեան։

10.- Հաս­տա­տել Գե­րա­գոյն Հո­գե­ւոր Խոր­հուր­դի ո­րո­շում­նե­րը եւ վճիռ­նե­րը։

11.- Ա­նու­նը յի­շել տալ՝ յի­շա­տա­կել տալ ե­կե­ղե­ցա­կան պաշ­տա­մունք­նե­րու ըն­թաց­քին։

12.- Ար­քե­պիս­կո­պո­սու­թեան պա­տիւ շնոր­հել պատ­րիարք­նե­րու եւ ար­ժա­նա­ւոր ե­պիս­կո­պոս­նե­րու։

13.- Նոր թե­մեր հաս­տա­տել։

14.- Ե­պիս­կո­պոս­նե­րու ար­ձա­կած վճիռ­նե­րուն դէմ բո­ղոք­նե­րը նկա­տի առ­նել եւ պատ­շա­ճը տնօ­րի­նել։

15.- Ա­մուս­նու­թեան եւ ա­մուս­նա­լուծ­ման վե­րա­բեր­մամբ կա­տա­րել ի հար­կին բա­ցա­ռիկ տնօ­րի­նու­թիւն­ներ։

16.- Իր ի­րա­ւա­սու­թեան ներ­քեւ գտնուող ե­պիս­կո­պոս­նե­րը հրա­ւի­րել խորհր­դակ­ցա­կան ժո­ղո­վի եւ ներ­կա­յաց­նել ա­նոնց կրօ­նա­կան-ե­կե­ղե­ցա­կան հար­ցեր ի քննու­թիւն եւ ի տե­ղե­կագ­րու­թիւն, կամ յանձ­նա­րա­րել ո­րոշ գրա­ւոր աշ­խա­տանք­ներ մա­տու­ցա­նե­լի ի­րեն, զորս, իր կար­գին, ե­թէ յար­մար տես­նէ, կը ներ­կա­յաց­նէ «Ազ­գա­յին-Ե­կե­ղե­ցա­կան Ժո­ղով»ին, կամ առ որ անկ է, ի նկա­տա­ռումն եւ ի տնօ­րի­նու­թիւն պարտ ու պատ­շա­ճին։

17.- Մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան Ժո­ղով­նե­րու մաս­նակ­ցիլ յա­նուն Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ, կամ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ դի­տող­ներ ղրկել ըստ պա­րա­գա­յին։

Կա­թո­ղի­կո­սա­կան այս ի­րա­ւունք­նե­րէն եր­րոր­դը, ին­նե­րոր­դը եւ տաս­նեօ­թե­րոր­դը Ա­մե­նայն Հա­յոց Հայ­րա­պե­տին միայն յա­տուկ են, իսկ միւս­նե­րը իւ­րա­քան­չիւր կա­թո­ղի­կոս իր թե­մե­րուն հա­մար ի գործ կը դնէ։

Կա­թո­ղի­կո­սը պէտք չէ՛.

1.- Ա­ռանց միւս ե­պիս­կո­պոս­նե­րու միա­բա­նու­թեան բան մը ը­նէ. (Ան­տիոք Թ, Մխ. Ա. կզ)։

2.- Ե­պիս­կո­պոս ձեռ­նադ­րէ «Թարց խնդրա­նաց ժո­ղովր­դեան, եւ վկա­յա­կան թղթոյ» (Երս. 3), եւ շատց­նէ ան­թեմ ե­պիս­կո­պոս­նե­րու թի­ւը ա­ռանց յայտ­նի հար­կա­ւո­րու­թեան։

Կա­թո­ղի­կո­սը ի­րա­ւունք չու­նի իր բո­լոր ի­րա­ւունք­նե­րը ու­րի­շի մը փո­խան­ցե­լու, տա­լու։

- Սկզբնաղ­բիւր­ներ.-

ա) Ներ­սէս Վար­դա­պետ Մե­լիք-Թան­գեան, «Հա­յոց Ե­կե­ղե­ցա­կան Ի­րա­ւուն­քը», վե­րահ­րա­տա­րա­կու­թիւն, Ս. Էջ­միա­ծին, 2011

բ) Վազ­գէն Յա­կո­բեան, «Կա­նո­նա­գիրք Հա­յոց», Ե­րե­ւան, Ա. հա­տոր՝ 1964, Բ. հա­տոր՝ 1971

գ) Նո­րայր Ար­քե­պիս­կո­պոս Պո­ղա­րեան, «Կա­նո­նա­գի­տու­թիւն», Ե­րու­սա­ղէմ, 1992։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

­Փետ­րուար 3, 2017, Իս­թան­պուլ

Չորեքշաբթի, Փետրուար 8, 2017