ՕՔՍՖՈՐՏԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԸ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՁԵՌԱԳՐԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ՁԵՌՆԱՐԿ ՄԸ ՊԻՏԻ ԻՐԱԿԱՆԱՑՆԷ

Օքս­ֆոր­տի հա­մալ­սա­րա­նը կը նա­խա­տե­սէ ի­րա­կա­նաց­նել հայ­կա­կան ձե­ռագ­րե­րու թուայ­նաց­ման ձեռ­նարկ մը։ Վեր­ջերս, Վիեն­նա­յի հա­մալ­սա­րա­նի Պատ­մա­կան եւ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու ֆա­քիւլ­թէի Բիւ­զան­դա­կան եւ յու­նա­կան ժա­մա­նա­կա­կից ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու ամ­պիո­նը կազ­մա­կեր­պեց հա­յա­գի­տա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու ձօ­նուած ձեռ­նարկ մը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, մաս­նա­կից­նե­րու շար­քին էր Վիեն­նա­յի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Ար­ման Կի­րա­կո­սեան։

Օքս­ֆոր­տի եւ Վիեն­նա­յի հա­մալ­սա­րան­նե­րու դա­սա­խօս Փրոֆ. Է­մի­լիօ Պոն­ֆի­լիօ այս առ­թիւ ներ­կա­յա­ցուց հայ­կա­կան ձե­ռագ­րա­կան մշա­կոյ­թի զար­գա­ցու­մը պատ­մու­թեան զա­նա­զան ժա­մա­նա­կաշր­ջան­նե­րուն։ Դա­սա­խօ­սը ընդգ­ծեց ա­նոնց պատ­մա­կան, գրա­կան եւ մշա­կու­թա­յին ար­ժէ­քը, ինչ­պէս նաեւ զար­դա­րուես­տի նշա­նա­կու­թիւ­նը։ Է­մի­լիօ Պոն­ֆի­լիօ տե­ղե­կա­ցուց նաեւ, որ Օքս­ֆոր­տի մէջ կը նա­խա­տե­սուի հրա­տա­րա­կել հայ­կա­կան ձե­ռագ­րե­րու թուայ­նա­ցեալ ձեռ­նարկ մը։

Սոյն դա­սա­խօ­սու­թեան ներ­կայ գտնուե­ցան աւստ­րիա­ցի գիտ­նա­կան­ներ, հա­սա­րա­կա­կան շրջա­նակ­նե­րէն դէմ­քեր եւ հայ հա­մայն­քէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։

Դես­պան Ար­ման Կի­րա­կո­սեան հա­մալ­սա­րա­նէն ներս հան­դի­պում մըն ալ ու­նե­ցաւ Պատ­մա­կան եւ մշա­կու­թա­յին ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու ֆա­քիւլ­թէի տե­սուչ Տքթ. Լիո­պա Թայ­սի հետ։ Զրոյ­ցի ըն­թաց­քին քննար­կուե­ցան հա­յա­գի­տու­թեան բնա­գա­ւա­ռէ ներս հայ եւ աւստ­րիա­ցի գիտ­նա­կան­նե­րու մի­ջեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խո­րաց­ման վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։

Հարկ է նշել, որ Վիեն­նա­յի հա­մալ­սա­րա­նի Պատ­մա­կան եւ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու ֆա­քիւլ­թէի Բիւ­զան­դա­կան եւ յու­նա­կան ժա­մա­նա­կա­կից ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու ամ­պիո­նի ու­սում­նա­կան ծրագ­րե­րուն շրջագ­ծով կը դա­սա­ւան­դուի նաեւ գրա­բար՝ հայ­կա­կան ձե­ռագ­րե­րը կար­դա­լու նպա­տա­կով։

Հինգշաբթի, Փետրուար 9, 2017