ԾԱՒԱԼՈՒՆ ՆԵՐԴՐՈՒՄՆԵՐ

Հա­յաս­տա­նի Փո­խադ­րու­թեան, կա­պի ու տե­ղե­կա­տուու­թեան փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու նա­խա­րար Վա­հան Մար­տի­րո­սեան ե­րէկ այ­ցե­լեց Հիւ­սիս-հա­րաւ ճա­նա­պար­հա­յին մի­ջանց­քի ներդ­րու­մա­յին ծրագ­րի գրա­սե­նեա­կը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, նա­խա­րա­րը ծա­նօ­թա­ցաւ ըն­թա­ցիկ աշ­խա­տանք­նե­րու ըն­թաց­քին եւ քննար­կեց այն առ­կայ խնդիր­նե­րը, ո­րոնք լուծ­ման կը կա­րօ­տին։

Քննար­կում­նե­րու ժա­մա­նակ Հիւ­սիս-հա­րաւ մայ­րու­ղիի կա­ռուց­ման ըն­թաց­քին յայտ­նա­բե­րուած բնա­գի­տա­կան ար­ժէք ներ­կա­յաց­նող վայ­րե­րու մա­սին ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը ա­ռար­կայ դար­ձան ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան։ Այդ հի­ման վրայ կը կա­տա­րուին նա­խագ­ծա­յին փո­փո­խու­թիւն­ներ։ Այս ծի­րին մէջ կը յա­ռա­ջա­նայ Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան հետ հա­մա­տեղ աշ­խա­տան­քի անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն։ Կիւմ­րիի շրջան­ցիկ ճա­նա­պար­հի նա­խագ­ծա­յին այ­լընտ­րան­քա­յին տար­բե­րակ­նե­րը ու­սում­նա­սի­րուե­ցան նա­խա­րա­րին ներ­կա­յու­թեամբ եւ հա­րա­ւա­յին հա­տուա­ծէն ներս պե­տու­թիւն-մաս­նա­ւոր հա­տուած հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ նա­խա­տե­սուած աշ­խա­տանք­ներն ու նա­խագ­ծա­յին տար­բե­րակ­նե­րը ե­կան օ­րա­կար­գի վրայ։

Վա­հան Մար­տի­րո­սեան առ­կայ հար­ցե­րուն շուրջ ներ­կա­յա­ցուց իր ա­ռա­ջարկ­նե­րը։ Քննարկ­ման ըն­թաց­քին ներ­կա­յա­ցուե­ցան լու­ծում­նե­րու ա­ռա­ւել ար­դիւ­նա­ւէտ տար­բե­րակ­ներ, ո­րոնք անհ­րա­ժեշ­տու­թեան պա­րա­գա­յին պի­տի քննար­կուին ծրագ­րի կա­ռա­վար­ման խոր­հուր­դին կող­մէ։

Հարկ է յի­շեց­նել, որ Հիւ­սիս-հա­րաւ մայ­րու­ղիի ծրա­գի­րը Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան մշտա­կան ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ է։ Սա մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ երկ­րէ ներս ճա­նա­պար­հա­շի­նու­թեան, բեռ­նա­փո­խադ­րում­նե­րու եւ ընդ­հան­րա­պէս են­թա­կա­ռու­ցուածք­նե­րու տե­սա­կէ­տէ, ինչ որ կրնայ Հա­յաս­տա­նի առ­ջեւ նոր հո­րի­զոն­ներ բա­նալ՝ մի­ջազ­գա­յին տա­րան­ցիկ բեռ­նա­փո­խադ­րում­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ։

Միւս կող­մէ, Վա­հան Մար­տի­րո­սեան «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թեան յայ­տա­րա­րեց, որ իր նա­խա­րա­րու­թիւ­նը ներ­կայ տա­րուան տե­ւո­ղու­թեան կը նա­խա­տե­սէ ի­րա­կա­նաց­նել շուրջ 116 մի­լիոն ա­մե­րի­կեան տո­լար ար­ժո­ղու­թեամբ ներդ­րու­մա­յին ծրագ­րեր։ Իր բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րով, այդ նա­խա­գի­ծե­րը կեան­քի պի­տի կո­չուին ե­րեք բնա­գա­ւառ­նե­րու մէջ, ո­րոնք ու­նին ա­ռանց­քա­յին նշա­նա­կու­թիւն։ Այդ բնա­գա­ւառ­ներն են՝ ճա­նա­պար­հա­շի­նու­թիւ­նը, հե­ռա­հա­ղոր­դակ­ցու­թիւնն ու տե­ղե­կա­տուու­թեան փոր­ձա­գի­տու­թին­նե­րը։ Կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կը նա­խա­տե­սէ նա­խա­րա­րու­թեան հիմ­նա­կան ներդ­րու­մա­յին ծրագ­րե­րը գան­ձատ­րել ե­րեք ձե­ւա­չա­փով՝ պե­տա­կան պիւտ­ճէ, վար­կեր եւ մաս­նա­ւոր ներդ­րում­ներ։

«Վար­կա­յին մի­ջոց­նե­րէ ներդ­րում­նե­րը կրնան տա­րուան ըն­թաց­քին փո­խուիլ դէ­պի յա­ւե­լում։ Սա կա­խում ու­նի Հա­յաս­տա­նի պիւտ­ճէի մուտ­քե­րէն, ո­րով­հե­տեւ վար­կա­յին ծրագ­րե­րու յա­ւե­լու­մը կը քննար­կուի Ելմ­տա­կան նա­խա­րա­րու­թեան հետ», ը­սաւ Վա­հան Մար­տի­րո­սեան։

Տե­ղե­կա­տուու­թեան փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու ո­լոր­տէն ներս մաս­նա­ւոր հա­տուա­ծի գան­ձատ­րու­մով նա­խա­տե­սուած ծրագ­րե­րը ման­րա­մաս­նե­լով՝ Մար­տի­րո­սեան յայտ­նեց, որ այս ամ­բող­ջին մէջ ընդգր­կուած են ե­լեկտ­րո­նա­յին հա­ղոր­դակ­ցու­թեան ցան­ցե­րու վե­րա­զի­նու­մը եւ ար­դիա­կա­նա­ցու­մը։ Ըստ ի­րեն, սա հնա­րա­ւո­րու­թիւն պի­տի ըն­ձե­ռէ, որ­պէս­զի Հա­յաս­տա­նի ամ­բողջ տա­րած­քէն ներս ընդ­լայ­նուի, բա­րե­լա­ւուի ցան­ցի, կա­պի եւ մա­տու­ցուող ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու ո­րակն ու հա­սա­նե­լիու­թիւ­նը։  

Հինգշաբթի, Փետրուար 9, 2017