ՓՈՒԹԻՆ ԵՒ ՌՈՒՀԱՆԻ ԿԸ ՇՕՇԱՓԵՆ ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՀԻՄՆԱՀԱՐՑԸ

Ի­րա­նի Նա­խա­գահ Հա­սան Ռու­հա­նի կը պատ­րաս­տուի այ­ցե­լել Մոս­կուա, ուր պի­տի հիւ­րըն­կա­լուի Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի կող­մէ։ Կը հա­ղոր­դուի, որ այ­ցե­լու­թիւ­նը նա­խա­տե­սուած է յա­ռա­ջի­կայ Մար­տի վեր­ջա­ւո­րու­թեան։ Թեհ­րա­նի մօտ Ռու­սաս­տա­նի դես­պան Լե­ւան Ճա­ղա­րեան յայ­տա­րա­րեց, որ այս այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին եր­կու ղե­կա­վար­նե­րը պի­տի քննար­կեն նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման հար­ցը։ Փու­թին եւ Ռու­հա­նի այս հիմ­նախն­դի­րը պի­տի շօ­շա­փեն տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին օ­րա­կար­գի ա­ռա­ւել սուր հար­ցե­րու ծի­րին մէջ։ Ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թեան ա­ռըն­թեր ա­նոնք պի­տի կեդ­րո­նա­նան նաեւ Աֆ­ղա­նիս­տա­նի ի­րա­վի­ճա­կին եւ Կաս­պից ծո­վու կար­գա­վի­ճա­կի խնդիր­նե­րուն վրայ։

Մինչ այդ, Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Վի­գէն Սարգ­սեա­նի դէ­պի Թեհ­րան պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան ար­ձա­գանգ­ներն ալ կը շա­րու­նա­կուին։ Ի­րա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Պեհ­րամ Քա­սը­մի յայ­տա­րա­րեց, որ Ե­րե­ւան-Թեհ­րան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ուղ­ղուած չեն ո­րե­ւէ եր­րորդ կող­մի դէմ։ Ըստ ի­րեն, այդ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը եր­բեք այն­քան խնդիր­ներ չեն յա­ռա­ջա­ցու­ցած, ինչ­պէս Ի­րա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը իր միւս հա­րե­ւան­նե­րուն հետ։ Բան­բե­րը յի­շե­ցուց նաեւ, թէ Ի­րան այն ա­ռա­ջին եր­կիր­նե­րէն մին է, որ միջ­նոր­դա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւն ստանձ­նած է Ե­րե­ւա­նի եւ Պա­քուի մի­ջեւ՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան հար­ցին շուրջ։

Անդ­րա­դառ­նա­լով Վի­գէն Սարգ­սեա­նի Ի­րան կա­տա­րած այ­ցե­լու­թեան՝ Քա­սը­մի յայտ­նեց, որ շփում­նե­րուն ըն­թաց­քին քննար­կուած են բազ­մա­թիւ հար­ցեր, նե­րա­ռեալ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին խնդիր­նե­րը, մաս­նա­ւո­րա­պէս Սու­րիոյ հար­ցը։ Բան­բե­րին խօս­քե­րով, Կով­կաս շատ կա­րե­ւոր տա­րած­քաշր­ջան մըն է եւ Ի­րան ու­նի պատ­մա­կան, մշա­կու­թա­յին եւ քա­ղա­քա­կան կա­պեր ա­նոր հետ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 9, 2017