ԷԼ ՊԱՊ ԵՒ … ՌԱՔՔԱ

Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րը Սու­րիոյ մէջ թա­փով յա­ռաջ կը տա­նին «Եփ­րա­տի վա­հան» գոր­ծո­ղու­թիւ­նը, ո­րու շնոր­հիւ լուրջ հա­րուած­ներ կը կրէ Ի­ՇԻՊ («Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խա­բա­ւո­րում)։ Այս գոր­ծո­ղու­թիւ­նը թէեւ ան­հա­մե­մա­տօ­րէն տկա­րա­ցու­ցած է ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րու­մը, սա­կայն վեր­ջին օ­րե­րուն թրքա­կան զօր­քերն ալ դար­ձեալ տուին կո­րուստ­ներ, ինչ որ մեծ ցաւ յա­ռա­ջա­ցուց բո­վան­դակ երկ­րին մէջ։ Ե­րէկ, Սու­րիոյ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին դժբախ­տա­բար հինգ թուրք զի­նուոր նա­հա­տա­կուե­ցաւ։ Ի­ՇԻՊ-ի հետ բա­խում­նե­րուն ըն­թաց­քին զո­հուե­ցան Եա­հեա Է­ֆի­լօղ­լու, Կէօք­հան Քը­լըչ, Թա­րըք Քո­չօղ­լու, Մահ­մուտ Ուս­լու եւ Ու­մուտ Այ­թե­քին։ 169 օ­րէ ի վեր կը շա­րու­նա­կուի այս գոր­ծո­ղու­թիւ­նը, ո­րու ըն­թաց­քին նա­հա­տա­կուած զի­նուոր­նե­րուն թի­ւը բարձ­րա­ցաւ 61-ի։ Ե­րէ­կուան բա­խում­նե­րուն ըն­թաց­քին 15 զի­նուոր ալ վի­րա­ւո­րուե­ցաւ։

«Եփ­րա­տի վա­հան» գոր­ծո­ղու­թեան շրջագ­ծով Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րը ներ­կա­յիս կը շա­րու­նա­կեն սաստ­կօ­րէն հա­րուա­ծել Էլ Պապ քա­ղա­քը։ Բա­նա­կը ե­րէ­կուան դրու­թեամբ ար­դէն իր վե­րահս­կո­ղու­թեան տակ ա­ռաւ Էլ Պա­պի շրջա­կայ­քի ռազ­մա­վա­րա­կան նշա­նա­կու­թեամբ բլուր­նե­րը։ Բա­նա­կը ար­դէն Էլ Պա­պի վրայ ա­մե­նա­սաս­տիկ յար­ձակ­ման ձեռ­նար­կած է։ Ե­րէկ ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մե­րուն Էլ Պա­պի մէջ Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րը ձեռք ան­ցու­ցին Ի­ՇԻՊ-ի գլխա­ւոր հրա­մա­նա­տա­րու­թիւ­նը եւ ե­րի­տա­սար­դա­կան կեդ­րո­նը։ Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գահ զօ­րա­վար Հու­լու­սի Ա­քար ե­րէկ բա­նա­կի բարձ­րա­գոյն հրա­մա­նա­տար­նե­րուն հետ խորհր­դակ­ցու­թիւն մը ու­նե­ցաւ՝ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու վեր­ջին վի­ճա­կին շուրջ։

Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու կող­մէ գլխա­ւո­րուած մի­ջազ­գա­յին հա­մա­խո­հու­թեան զօր­քե­րու բան­բե­րը՝ գնդա­պետ Ճոն Տա­րեընն ալ յայտ­նեց, որ Ի­ՇԻՊ շատ դժուար վի­ճա­կի մատ­նուած է Էլ Պա­պի մէջ։

Դաշ­տի վրայ այս ար­դիւնք­նե­րը, բնա­կա­նա­բար, կ՚ա­պա­հո­վուին դի­ւա­նա­գի­տա­կան խտա­ցեալ շփում­նե­րով պայ­մա­նա­ւո­րուած մի­ջազ­գա­յին ներ­դաշ­նա­կու­թեան մը մի­ջա­վայ­րին մէջ։ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու ե­րէկ յայտ­նեց, որ Էլ Պա­պէն վերջ կար­գը պի­տի գայ Ռաք­քա­յին։ Ար­դա­րեւ, Սու­րիոյ մէջ Էլ Պա­պի եւ Ռաք­քա­յի եւ Ի­րա­քի մէջ ալ Մու­սու­լի մաք­րա­գոր­ծու­մով հնա­րա­ւոր պի­տի դառ­նայ պար­տու­թեան մատ­նել Ի­ՇԻՊ-ը։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի եւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գահ Տա­նըլտ Թրամ­փի վեր­ջին հե­ռա­խօ­սազ­րոյ­ցին զու­գա­հեռ թուրք-ա­մե­րի­կեան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւնն ալ վերս­տին թափ ստա­ցած է այս ա­ռանց­քին վրայ։ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու ե­րէկ յայտ­նեց, որ կա­րե­լի չէր ե­ղած հա­մո­զել ԱՄՆ-ի նախ­կին նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­ման, սա­կայն Տա­նըլտ Թրամփ հաշտ աչ­քով կը դի­տէ Թուր­քիոյ ա­ռաա­ջարկ­նե­րը։ Ան­գա­րա­յի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ե­րէկ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին հար­ցե­րը քննար­կեց նաեւ Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ա­տիլ Էլ Ճու­պէյ­րի հետ։ Թէ՛ Էր­տո­ղան եւ թէ Չա­վու­շօղ­լու տե­սակ­ցե­ցան Էլ Ճու­պէյ­րի հետ։

Ի­ՇԻՊ-ի դէմ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ա­պա­գան յստա­կեց­նե­լու տե­սա­կէ­տէ հե­տաքրք­րու­թեամբ կը սպա­սուին նաեւ CIA-ի տնօ­րէն Մայք Փոմ­փէո­յի այ­սօ­րուան Ան­գա­րա այ­ցե­լու­թեան ար­դիւնք­նե­րուն։ Էր­տո­ղան-Թրամփ հե­ռա­խօ­սազ­րոյ­ցին ի շա­րու­նա­կու­թիւն ան կ՚այ­ցե­լէ Թուր­քիա։

Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմն ալ ե­րէկ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ հա­ղոր­դեց «Եփ­րա­տի վա­հան» գոր­ծո­ղու­թեան ըն­թաց­քին շուրջ։ Թրքա­կան զօր­քե­րը եւ ա­նոնց կող­մէ հո­վա­նա­ւո­րուած Ա­զատ Սու­րիոյ բա­նա­կը հիւ­սի­սէն կը յա­ռա­ջա­նան դէ­պի Էլ Պապ։ Իսկ Սու­րիոյ բա­նա­կը հա­րա­ւէն կը յա­ռա­ջա­նայ դէ­պի նոյն քա­ղա­քը։ Վար­չա­պետ Եըլ­տը­րըմ ե­րէկ հաս­տա­տեց այդ տուեալ­նե­րը եւ յայտ­նեց, որ հա­մա­կարգ­ման ուղ­ղու­թեամբ շատ լուրջ քայ­լեր կ՚առ­նուին։ Թէ՛ մի­ջազ­գա­յին հա­մա­խո­հու­թեան, թէ՛ թրքա­կան ռազ­մաօ­դա­յին ու­ժե­րուն եւ թէ Ռու­սաս­տա­նի հետ կը հա­մա­կար­գուին բո­լոր գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը, որ­պէս­զի կան­խուին հա­ւա­նա­կան տհաճ դէպ­քե­րը կամ բա­խում­նե­րը։

Հինգշաբթի, Փետրուար 9, 2017