ՏՔԹ. ԷԼԻ ԹԱՇՃԵԱՆԻ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ
Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Միզային համակարգի հիւանդութիւններ» նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց ընդհանուր մարմինի բժիշկ Տքթ. Էլի Թաշճեան:
Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Տքթ. Սիրուն Վարդապետեան, որ նշեց, թէ մեր մարմինը կազմուած է զանազան օրկաններէ, որոնք հաւաքուելով՝ կը կազմեն մեր մարմինի տարբեր համակարգերը, ինչպէս՝ արեան, մարսողական, ջղային, նաեւ՝ միզային: Միզային համակարգը կարեւոր բաժին մը կը գրաւէ մարմինի ընդհանուր համակարգերու աշխատանքին ու անոնց ներդաշնակման մէջ:
Տքթ. Էլի Թաշճեան դասախօսութեան սկսաւ՝ նշելով, որ միզային համակարգին առընչուած են շարք մը հիւանդութիւններ, իսկ ինք պիտի ներկայացնէ յաճախ պատահողները: Միզային համակարգի հիմնական պարտականութիւնն է անհատի մարմինէն դուրս հանել զանազան երկրորդական նկատուող, ոչ կարեւոր արտադրութիւնները: Միզային համակարգը գլխաւորաբար ունի երեք բաժիններ՝ երիկամներ, միզածորաններ ու միզաման: Ամէն մէկ բաժին ունի համակարգող պարտականութիւն, յատկապէս միզամանը կ՚ամբարէ մէզը, ու երբ բաւարար լեցուի, կը պարպէ:
Ամենէն յաճախակի պատահող հիւանդութիւններէն կարել է նշել միզային համակարգի բորբոքումը: Այս պարագային մէզը չի բորբոքիր, միզային համակարգի որեւէ մէկ բաժին կրնայ բորբոքիլ, իսկ անոր ախտանշաններն են՝ յաճախամիզութիւնը, այրուածքը եւ միզելու անկարողութիւնը կամ դժուարութիւնը:
Տքթ. Էլի Թաշճեան մտահոգութիւն յայտնեց այն մասին, երբ ոչ մասնագիտական ու բժշկական թելադրութեամբ, նման բորբոքումի պարագային, անթիպիոթիքներու գործածութիւնը յաճախ կը յառաջացնէ դիմադրողականութիւն՝ անթիպիոթիքներու դէմ, որոնք բարդացնելով վիճակը՝ կը դժուարացնեն բժիշկին միջամտութիւնը: Այս բաժինին մէջ դասախօսը անդրադարձաւ նաեւ երիկամներու բորբոքումին, որ յարաբերաբար քիչ պատահող, բայց իբրեւ հիւանդութիւն՝ աւելի բարդ վիճակ ստեղծող երեւոյթ է: Գլխաւոր ախտանշանը ջերմաստիճանի բարձրացումն է, իսկ երբ վիճակը աւելի զարգանայ, կրնայ բորբոքումը տարածուիլ՝ հասնելով արեան համակարգ:
Տքթ. Թաշճեան բացատրեց, որ երիկամներու բորբոքման ախտանշաններն են՝ ջերմաստիճանի բարձրացում, սուր ցաւեր, ինչպէս նաեւ՝ բոլոր այն ախտանշանները, որոնք ընդհանրապէս միզային բորբոքումներու ընթացքին կը պատահին, նաեւ՝ արիւնամիզութիւնը:
Միզային համակարգի բորբոքումներու մէջ կարեւոր է յիշել այրերու մօտ, տեղի ունեցող շագանակագեղձի բորբոքումը, որ կը դրսեւորուի վերոնշեալ ախտանշաններով:
Շարունակելով՝ Տքթ. Էլի Թաշճեան խօսեցաւ նաեւ միզային ուղիներու մէջ աւազի կուտակման, խիճերու գոյացման մասին: Խիճերը երիկամներու մէջ կը յառաջանան զանազան պատճառներով եւ հոն մնալով՝ կրնան աճիլ ու մեծնալ այնքան, որ պատճառ դառնան երիկամներու աշխատանքի կասեցման, բայց կայ նաեւ այն, որ փոքր ըլլալու պարագային ալ խիճերը կրնան շատնալ ու հասնիլ մինչեւ միզուղիները, միզամանը:
Ախտանշանները. Յաճախ սուր ցաւեր, միզելու դժուարութիւն եւ արիւնահոսութիւն:
Բժիշկը ըսաւ, որ միզուղային խիճերը յաճախ, երբ փոքր են, կրնան մէզին հետ դուրս գալ, բայց բաւական մեծ եղած պարագային յատուկ միջոցներով պէտք է չէզոքացնել զանոնք:
Դասախօսը նաեւ կարեւորութեամբ խօսեցաւ միզային անզսպուածութեան մասին: Պատճառները՝ ուտելիքներն ու խմիչքը, դեղամիջոցները եւ զանազան միզային համակարգի հիւանդութիւնները:
Այս բաժինով Տքթ. Թաշճեան նշեց նաեւ միզային համակարգի ուռուցքներու մասին, որոնք որեւէ տեղ կրնան գոյանալ: Այրերու պարագային յաճախ շագանակագեղձի քաղցկեղն է, որուն կը յաջորդէ միզամանի քաղցկեղը:
Աւարտին դասախօսը պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն: