«ՊԱՔՈՒ ԿԸ ՓՈՐՁԷ ՏԱՊԱԼԵԼ ՄԻՋՆՈՐԴԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐԸ»

Պա­քուի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ սադ­րանք­նե­րով հան­դէս գալ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին շուրջ։ Մինչ Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րը հրա­դա­դա­րի խախ­տում­նե­րը հետզ­հե­տէ կը խտաց­նեն, այդ երկ­րի ղե­կա­վա­րը՝ Իլ­համ Ա­լիեւն ալ հան­դէս կու գայ սադ­րիչ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով։ Ան վեր­ջին օ­րե­րուն յայտ­նեց, որ ան­ցեալ Ապ­րի­լին տե­ղի ու­նե­ցած ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­ներն ու Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ-Ատր­պէյ­ճան շփման գծի եր­կայն­քով լա­րուա­ծու­թեան պահ­պա­նու­մը իր երկ­րի ներ­քին գոր­ծե­րը կը հա­մա­րուին։

Ե­րե­ւա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ան­մի­ջա­պէս բուռն ձե­ւով ար­ձա­գան­գեց Ա­լիե­ւի այս զար­մա­նա­լի յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն։ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար Շա­ւարշ Քո­չա­րեան «Ար­մէնփ­րէս»ին հա­մար մեկ­նա­բա­նեց Ա­լիե­ւի այդ խօս­քե­րը։ Ըստ փոխ-նա­խա­րա­րին, վեր­ջին յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով Ատր­պէյ­ճա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը կ՚ոտ­նա­հա­րէ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան խա­ղա­ղա­սի­րա­կան ջան­քե­րը ու ձեռ­նոց կը նե­տէ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րուն։

«Նախ, Ատր­պէյ­ճան ստո­րագ­րած է 1994 թուա­կա­նի ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու դադ­րեց­ման եւ 1995 թուա­կա­նի հրա­դա­դա­րի դրու­թեան ամ­րապնդ­ման ան­ժամ­կէտ հա­մա­ձայ­նագ­րե­րը Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի եւ Հա­յաս­տա­նի հետ։ Մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը եւ միջ­նոր­դա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան լիա­զօ­րու­թիւն ու­նե­ցող Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րը բազ­միցս հան­դէս ե­կած են կո­չե­րով՝ ան­շե­ղօ­րէն ա­ռաջ­նոր­դուիլ վե­րո­յի­շեալ հա­մա­ձայ­նագ­րե­րով, պահ­պա­նել հրա­դա­դա­րի դրու­թիւ­նը եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախն­դի­րը կար­գա­ւո­րել բա­ցա­ռա­պէս խա­ղաղ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու մի­ջո­ցաւ։ Ակն­յայտ է, որ 2016 թուա­կա­նի Ապ­րի­լին Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի դէմ ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու վերսկ­սու­մը կը հան­դի­սա­նայ վե­րո­յի­շեալ հա­մա­ձայ­նագ­րե­րով ա­նոր կող­մէ ստանձ­նուած մի­ջազ­գա­յին պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րու կո­պիտ ոտ­նա­հա­րում, Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րու կո­չե­րու բա­ցա­յայտ ար­հա­մար­հում եւ բռնու­թիւն ինք­նո­րո­շուած Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան դէմ», ը­սաւ Քո­չա­րեան։

Բաց աս­տի, փոխ-նա­խա­րա­րը մատ­նան­շեց հե­տե­ւեա­լը. «Կա՛մ Ատր­պէյ­ճան ղա­րա­բա­ղեան հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւո­րու­մը իր ներ­քին գոր­ծը հա­մա­րե­լով կը ձե­ւաց­նէ, որ կը մաս­նակ­ցի ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գա­հու­թեան շրջա­նակ­նե­րէն ներս ըն­թա­ցող բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն եւ կամ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն կը մաս­նակ­ցի՝ ձե­ւաց­նե­լով, որ սա իր ներ­քին գործն է։ Եր­կու պա­րա­գա­ներն ալ ուղ­ղուած են մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան միջ­նոր­դա­կան ջան­քե­րու տա­պալ­ման։ Ե­թէ Ատր­պէյ­ճա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը հան­դէս կու գայ նման յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով, չգի­տակ­ցե­լով այդ բո­լո­րին, ա­պա սա զին­քը չի փրկեր Ապ­րի­լի բռնու­թեան ըն­թաց­քին իր կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցուած ռազ­մա­կան յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու հա­մար պա­տաս­խա­նա­տուու­թե­նէ»։

Իր կար­գին, Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Տիգ­րան Բա­լաեանն ալ յայ­տա­րա­րեց, որ ան­ցեալ Ապ­րի­լի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ բռնու­թիւն էին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի դէմ։

Ուրբաթ, Փետրուար 10, 2017