ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՄԻՇՏ ԿԸ ԽՐԱԽՈՒՍՈՒԻՆ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ՆԵՐԴՐՈՒՄՆԵՐԸ

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թե­նէն ներս ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ հա­ւա­քոյթ մը, ո­րու ըն­թաց­քին քննար­կուե­ցան երկ­րի մէջ սփիւռ­քա­հայ գոր­ծա­րար­նե­րու կող­մէ ներդ­րում­նե­րու կա­տար­ման վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ «Հա­յաս­տա­նի մէջ ներդ­րում­նե­րուն սփիւռ­քա­հա­յե­րու մաս­նակ­ցու­թիւ­նը» նիւ­թով կազ­մա­կեր­պուած կլոր սե­ղան մըն էր այս մէ­կը, ո­րու քննար­կում­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին ա­ւե­լի քան չորս տաս­նեակ գոր­ծա­րար­ներ։ Հա­ւա­քոյ­թի բաց­ման ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան։ Ող­ջու­նե­լով ներ­կա­նե­րը՝ ան կա­րե­ւո­րեց սփիւռ­քա­հայ գոր­ծա­րար­նե­րու աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի տնտե­սու­թեան յա­ռա­ջըն­թա­ցին։ Յա­կո­բեան ընդգ­ծեց, որ սփիւռ­քա­հայ գոր­ծա­րար շրջա­նակ­նե­րը ներ­կա­յիս պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն կը յայտ­նեն Հա­յաս­տա­նի մէջ ներդ­րում­ներ ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար։ «Մե­ծա­գոյն հայ­րե­նա­սի­րու­թիւնն է հայ­րե­նի­քի մէջ ապ­րիլն ու աշ­խա­տի­լը», ը­սաւ նա­խա­րա­րը։

Բաց­ման խօս­քէն վերջ ար­տա­յայ­տուե­ցան հա­ւա­քոյ­թին մաս­նա­կից դի­ւա­նա­կալ­ներ եւ գոր­ծա­րար­ներ։ Անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ բազ­մաբ­նոյթ խնդիր­նե­րու։ Քննար­կուե­ցան Հա­յաս­տա­նի տնտե­սա­կան զար­գաց­ման հե­ռան­կար­նե­րուն, Կիւմ­րիի եւ ընդ­հան­րա­պէս Շի­րա­կի մար­զէն ներս ներդ­րում­նե­րու հե­ռան­կար­նե­րուն, Սփիւռ­քի վե­րա­բե­րեալ կազ­մա­կեր­պուած ձեռ­նարկ­նե­րու փոր­ձա­ռու­թեան, ար­դիւ­նա­ւէտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։

Քննար­կում­նե­րու ա­ւար­տին Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան կա­րե­ւո­րեց կա­տա­րուած տե­ղին ու յատ­կան­շա­կան ա­ռա­ջարկ­ներն ու հար­ցադ­րում­նե­րը։ «Այն­տեղ, ուր կայ սփիւռ­քա­հա­յու ներդ­րում, ջանք եւ աշ­խա­տանք, կայ ո­րակ, գրա­գէտ կա­ռա­վա­րում, ձե­ւա­ւո­րում, մա­տուց­ման ձեւ։ Դուք կը բե­րէք լա­ւա­գոյ­նը, ո­րուն կա­րիքն ու­նինք մենք», եզ­րա­փա­կեց նա­խա­րա­րը։

Ուրբաթ, Փետրուար 10, 2017