ՈՂԲԵՐԳԱԿԱՆ ՍԽԱԼ
Թուրքիա երէկ ցնցուեցաւ շատ ողբերգական իրադարձութիւնով մը։ «Եփրատի վահան» գործողութիւններու ծիրէն ներս մինչ Թուրք զինեալ ուժերը յառաջ կը տանին Էլ Պապ քաղաքի վրայ յարձակումները, երէկ առաւօտեան ժամերուն պատահեցաւ ցաւալի արկած մը, որու հետեւանքով նահատակուեցան երեք թուրք զինուորներ։ Ռուսաստանի ռազմաօդանաւերէն մին սխալմամբ ռմբակոծեց այն շէնքը, ուր կը գտնուէին թուրք զինուորներ։ Հրասայլերու միաւորումէն անդամներ կային այդ շէնքին մէջ։ Երեք նահատակներուն առընթեր տասնմէկ թուրք զինուոր ալ վիրաւորուեցաւ։ Անոնցմէ մէկուն վիճակը ծանր է։
Այս իրադարձութենէն անմիջապէս վերջ Անգարայի եւ Մոսկուայի միջեւ ապրուեցան խտացեալ շփումներ։ Նախ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով կապ հաստատեց Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հետ։ Աւելի վերջ ալ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի միջեւ տեղի ունեցաւ հեռախօսազրոյց մը։ Փութին ցաւ յայտնեց պատահածին կապակցութեամբ եւ փոխանցեց իր վշտակցութիւնները։ Թուրք զինեալ ուժերն ալ պաշտօնապէս հաղորդեցին, որ ռուսական ռազմաօդանաւը սխալմամբ հրասայլերու միաւորման գտնուած շէնքը ռմբակոծած է՝ ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) դէմ ուղղուած օդային գործողութիւններու ընթացքին։
Նահատակները այսօր կը յուղարկաւորուին մասնաւոր սգահանդէսով մը։
Այս դէպքը զուգադիպեցաւ ճիշդ այն օրուան, երբ CIA-ի տնօրէն Մայք Փոմփէօ շփումներ կ՚ունենար Անգարայի մէջ։ Սա Փոմփէոյի առաջին արտասահմանեան ուղեւորութիւնն էր։ Անգարայի մէջ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան Պեշթեփէի մէջ դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ Փոմփէոյի հետ։ Ներկայ էր նաեւ MIT-ի խորհրդական Հաքան Ֆիտան։ Փոմփէոյի հետ հանդիպելէ առաջ Էրտողան տեսակցեցաւ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքարի հետ։ Փութինի հետ տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցն ալ նախորդեց այդ հանդիպման։ Էրտողանի, Փոմփէոյի եւ Ֆիտանի հանդիպումը տեւեց շուրջ մէկուկէս ժամ։ Դռնփակ հանդիպման վերաբերեալ որեւէ տեսողական չփոխանցուեցաւ, բովանդակութեան շուրջ ալ ոչինչ հաղորդուեցաւ։ Պեշթեփէի այս հանդիպումէն վերջ շուրջ երեքուկէս ժամուան հանդիպում մըն ալ տեղի ունեցաւ Հաքան Ֆիտանի եւ Մայք Փոմփէոյի միջեւ։
Տեղական մամուլի հաղորդումներով, քննարկումներու ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Էլ Պապի եւ Ռաքքայի գործողութիւններուն։ Կը հաղորդուի, որ CIA-ի տնօրէնին հետ քննարկուած է Ռաքքայի վերաբերեալ շօշափելի ծրագիր մը։
Նոյնպէս տեղական մամուլի հաղորդումներով, Էրտողան Փոմփէոյի հետ կանգ առաւ Ռաքքայի ԻՇԻՊ-ի ահաբեկիչներէն մաքրագործման անհրաժեշտութեան վրայ։ Այս ուղղութեամբ յստակ ծրագիր մը կար սեղանին վրայ։ Էրտողան նաեւ մտահոգութիւն յայտնեց ԱՄՆ-ի կողմէ ՓՔՔ/ՓԵՏ-ԵՓԿ ահաբեկչական կազմակերպութեան ԱՄՆ-ի կողմէ ցուցաբերուած աջակցութեան շուրջ։ Ան յայտնեց նաեւ, որ ՖԵԹԷՕ-ի պարագլուխ Ֆեթհուլլահ Կիւլէն պէտք է արտայանձնուի Թուրքիոյ, որովհետեւ 15 Յուլիսի զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձի պատասխանատուն է։
Մայք Փոմփէոյի հետ ծաւալուած քննարկումներու օրակարգի հիմնական նիւթն էր Սուրիոյ ճգնաժամը։ Էրտողան երկու օր առաջ Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցին ալ յայտնած էր, որ Թուրքիա յստակ ծրագիր մը ունի Ռաքքայի ազատագրման համար։ Թրքական կողմի մօտեցումը այն է, որ այդ մաքրագործումը ահաբեկչական կազմակերպութիւններու փոխարէն մասնաւոր զօրքերով պէտք է կատարուին։ Հետեւաբար, երէկուան քննարկումներուն ընթացքին ալ այս նիւթը շօշափուեցաւ առաջնահերթօրէն։
Դարձեալ երէկ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմն ալ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու փոխ-նախագահ Մայք Փենսի հետ։ Վարչապետը այս առաւօտ ալ հիւրընկալեց Մայք Փոմփէոն։