Թրամփի «100 Օրերու Մեղրալուսին»ը՝ Կրճատուած

Քա­ղա­քա­կան աշ­խար­հին մէջ չգրուած օ­րէնք մը կ՚ը­սէ, որ նո­րըն­տիր նա­խա­գահ մը կամ նո­րա­կազմ կա­ռա­վա­րու­թիւն մը 100 օ­րե­րու «մեղ­րա­լուս­նի շրջան» մը կ՚ու­նե­նայ, այդ ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցին ըստ բա­ւա­կա­նին կը յստա­կա­նայ, թէ տուեալ իշ­խա­նա­ւո­րը ի՞նչ ուղ­ղու­թիւն պի­տի տայ իր վա­րած կառ­քին՝ պե­տա­կան գոր­ծե­րուն տար­բեր բնա­գա­ւառ­նե­րուն մէջ, ներ­քին ու ար­տա­քին գե­տին­նե­րու վրայ:

Տա­նըլտ Թրամփ յա­ջո­ղե­ցաւ ա­ւան­դա­կան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը սեղ­մել շուրջ եր­կու շա­բաթ­նե­րու մէջ, երբ ձեռ­նար­կեց ընտ­րա­պայ­քա­րի շրջա­նի իր խոս­տում­նե­րը ի­րա­կան գե­տին փո­խադ­րե­լու, եւ… աշ­խար­հը «տակն ու վրայ ը­րաւ», ինչ­պէս կ՚ը­սենք  խօ­սակ­ցա­կա­նով: Ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թեան մար­զին մէջ յա­ջո­ղե­ցաւ բա­նա­վէ­ճեր յա­րու­ցել՝ Մեք­սի­քա­յի, Աւստ­րա­լիոյ, ՆԱ­ԹՕ-ի, Եւ­րո­պա­կան հա­մայն­քին, Չի­նաս­տա­նի, Ի­րա­նի, շարք մը իս­լա­մա­կան եր­կիր­նե­րու հետ, ու շար­քը կրնայ եր­կա­րիլ: Ներ­քին կա­լուա­ծին մէջ ճա­կատ­ներ բա­ցաւ՝ մա­մու­լին, դա­տա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն, կարգ մը նա­հանգ­նե­րու իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն, կի­նե­րու, «Օ­պա­մա քեր»էն օգ­տուող­նե­րուն եւ կարգ մը փոք­րա­մաս­նու­թեանց պատ­կա­նող­նե­րու դէմ (սե­ւա­մորթ, հնդիկ, լա­տին-ա­մե­րի­կեան եր­կիր­նե­րէ…): Շարք մը եր­կիր­ներ պրծան «թրամ­փեան ար­շա­ւանք»էն, ինչ­պէս՝ Եւ­րո­պա­կան հա­մայն­քէն ինք­զինք դուրս նե­տած Բրի­տա­նիան, քա­րիւ­ղով հա­րուստ ա­րա­բա­կան եր­կիր­ներ եւ ո­րոշ չա­փով… Ռու­սաս­տան:

Չենք ու­զեր այս­տեղ ման­րա­մաս­նօ­րէն կանգ առ­նել Թրամ­փի յա­րու­ցած հար­ցե­րէն իւ­րա­քան­չիւ­րին վրայ, ո­րով­հե­տեւ 21 Յու­նուա­րէն ի վեր, եւ «օ­րը նոր՝ ցնցու­մը նոր» կշռոյ­թով, աշ­խարհն ու ա­մե­րի­կա­ցի ժո­ղո­վուր­դը ա­կա­նա­տես են նո­րու­թիւն­նե­րու: Ա­ւե­լի՛ն. նա­խա­գա­հին «եր­գե­ցիկ թռչուն»ը՝ թուի­թըր, օ­րուան մէջ քա­նի մը ան­գամ կը գեղ­գե­ղէ տե­ղի ու ան­տե­ղի ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով, ու այդ­քանն ալ բա­ւա­կան է, որ աշ­խար­հը կա­խեալ ըլ­լայ այդ «թռչնիկ»ին կտու­ցէն… Քննա­դա­տու­թեան հե­ղեղ­ներ կը հո­սին նո­րըն­տիր նա­խա­գա­հին դէմ, ոչ միայն ընտ­րա­պայ­քա­րը կորսն­ցու­ցած դե­մոկ­րատ­նե­րուն կող­մէ, այլ՝ մին­չեւ ան­գամ իբ­րեւ խստակ­րօն հան­րա­պե­տա­կան ճանչ­ցուած խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րու եւ այլ քա­ղա­քա­կան դէմ­քե­րու կող­մէ: Նիւ Եոր­քի, Սան Ֆրան­սիս­քո­յի, Լոս Ան­ճե­լը­սի եւ դեռ բազ­մա­թիւ այլ քա­ղաք­նե­րու հրա­պա­րակ­նե­րը ո­ղո­ղուե­ցան հսկա­յա­ծա­ւալ ցոյ­ցե­րով, ուր կի­նե­րը բա­ւա­կան ազ­դու ներ­կա­յու­թիւն ե­ղան, մին­չեւ ան­գամ բարձ­րա­ցու­ցին նա­խա­գա­հին պաշ­տօ­նան­կու­թեան պա­հան­ջը…

Այս բո­լո­րին դի­մաց, Սպի­տակ տան նոր տէ­րը անվր­դով կը շա­րու­նա­կէ իր եր­թը. կա­ռա­վա­րու­թեան կազ­մին մէջ կա­տա­րեց նշա­նա­կում­ներ՝ ա­կանջ­նե­րը փա­կե­լով բո­լոր այն քննա­դա­տու­թեանց դի­մաց, ո­րոնք զինք կը մե­ղադ­րէին հա­րուստ­նե­րու խմբակ մը կազ­մե­լու եւ քա­րիւ­ղի, «Ո­ւոլ սթրիթ»ի, Կոլտ­մըն-Սաք­սի եւ նման հսկա­նե­րուն հա­ցին իւղ քսե­լու քայ­լե­րով: Նա­խա­գա­հը հա­ւա­նա­բար ու­նի եր­կու յե­նա­րան. ա­ռա­ջի­նը՝ խորհր­դա­րա­նի զոյգ տու­նե­րուն մէջ հան­րա­պե­տա­կան­նե­րու մե­ծա­մաս­նու­թեան քուէն, իսկ երկ­րոր­դը՝ այն վստա­հու­թիւ­նը, որ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ նման ու շատ ա­ւե­լի ծան­րակ­շիռ կա­ցու­թիւն­նե­րու դի­մաց բարձ­րա­ցած բո­ղո­քի ա­լիք­նե­րը չեն ան­ցած «բա­զում աղ­մուկ վասն ո­չին­չի»ի սահ­մա­նէն ան­դին. փաս­տօ­րէն այ­սօր ո՞վ կը յի­շէ տնտե­սա­կան-ըն­կե­րա­յին ան­կում­ներն ու ան­կէ ծնած՝ «99 առ հա­րիւ­րը ընդ­դէմ 1 առ հա­րիւ­րին» շար­ժու­մը, որ ա­տեն մը փո­թոր­կեց ա­մե­րի­կեան ա­ռօ­րեան, յե­տոյ մատ­նուե­ցաւ ան­վա­ղոր­դայն մնա­լու…

Բայց ա­մէն մարդ դժգոհ չէ նոր նա­խա­գա­հէն. մեծ գո­հու­նա­կու­թիւն կ՚ապ­րին… եր­գի­ծան­կա­րիչ­նե­րը, ո­րոնք Թրամ­փի մէջ գտած են Գա­լի­ֆոր­նիոյ ոս­կիի պատ­մա­կան հան­քե­րէն շատ ա­ւե­լի մեծ հարս­տու­թիւն…

***

Վե­րո­յի­շեալ՝ 100 օ­րե­րու ա­ւան­դա­կան ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցը կրնայ այ­լա­պէս ի զօ­րու դառ­նալ բո­լո­րո­վին այլ դրուած­քով, այ­սինքն ներ­քին ու ար­տա­քին փո­թո­րիկ­նե­րը, ա­նոնք սե­պուին ի­րա­կան թէ շին­ծու, կրնան մին­չեւ 100 օր աշ­խարհն ու այս երկ­րի ժո­ղո­վուր­դը դնել այն դառն ի­րա­կա­նու­թեան դէմ յան­դի­ման, որ նո­րըն­տիր նա­խա­գա­հը ըստ ա­մե­նայ­նի ան­շե­ղօ­րէն պի­տի շա­րու­նա­կէ իր սկսած եր­թը: Օր ա­ւուր «պայ­թող» նո­րու­թիւն­նե­րը կրնան ա­րա­գօ­րէն մո­ռա­ցու­թեան մատ­նել ե­րէ­կուան «տագ­նապ­ներ»ը: Այն բա­նա­վէ­ճը, թէ Հի­լը­րի Քլին­թը­նը ընտ­րող­նե­րու ձայ­նե­րուն ա­ռա­ւե­լու­թիւ­նը կը վա­յե­լէր, ար­դէն սկսած է նուազ հնչեղ դառ­նալ, ոչ միայն այն պատ­ճա­ռով, որ Հի­լը­րիի մը Սպի­տակ տուն մուտ­քը պատ­ճառ պի­տի ըլ­լար այլ տե­սա­կի ու հա­ւա­նա­բար ա­ւե­լի՛ ծան­րակ­շիռ փո­թո­րիկ­նե­րու, այլ ո­րով­հե­տեւ… ա­մե­րի­կեան ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը ըստ կամս վա­րող­նե­րը պի­տի շա­րու­նա­կեն այլ «զբաղ­մունք­ներ» հայ­թայ­թել լրա­տու մի­ջոց­նե­րուն ու ա­նոնց գե­րի պա­հուող զան­գուած­նե­րուն՝ զա­նոնք պա­հե­լով ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րէ մե­կու­սա­ցած վի­ճա­կի մէջ:

Մար­դիկ հա­ւա­նա­բար անդ­րա­դառ­նան, որ այ­սօ­րուան իշ­խա­նա­ւոր­նե­րու խմբա­կին ե­տին կը կանգ­նին այն­պի­սի տնտե­սա­կան-քա­ղա­քա­կան-ռազ­մա­կան ու­ժեր, ո­րոնք ի­րենց նմա­նակ­նե­րուն մրցա­կից­ներն էին նա­խորդ նա­խա­գա­հի օ­րե­րուն: Եւ ար­դէն դժուար չէ տես­նել, թէ քա­րիւ­ղի, զէն­քի, ե­լեւմ­տա­կան եւ այլ (հարս­տու­թեամբ) հսկա­նե­րու գոր­ծա­կա­տար­նե­րը լայն­քին ու եր­կայն­քին, դի­մակ­նե­րը վար ա­ռած՝ գրա­ւած են երկ­րի բազ­մա­թիւ լծակ­նե­րը, ու այս վի­ճա­կը ան­նա­խըն­թաց չէ. կ՚ար­ժէ պար­զա­պէս յի­շել Օ­պա­մա­յի նա­խոր­դին՝ Ճորճ Պու­շի օ­րով իս­կա­կան իշ­խող­նե­րը, ո­րոնք ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներն էին զի­նա­կան ճար­տա­րա­րուես­տին կամ Հե­լի­պըր­թը­նի ու նման ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու: Նման ի­րա­կա­նու­թեանց ի­րա­զե­կու­թիւ­նը բան փո­խե՞ց ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րէն. եւ ի՞նչ ե­րաշ­խիք, որ այ­սօ­րուան ի­րա­կա­նու­թեանց ի­րա­զե­կու­թիւ­նը կրնայ ա­ռաջ­նոր­դել փո­փո­խու­թեան:

Թրամ­փի ընտ­րա­կան խոս­տում­նե­րէն ու երդ­ման ա­րա­րո­ղու­թե­նէն ետք ար­տա­սա­նած ճա­ռին մէջ շեշ­տուած ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րէն մէ­կը այն էր, որ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ դար­ձեալ մեծ պի­տի ը­նէ: Ցարդ այս հաս­տա­տու­մին մեկ­նա­բա­նու­թիւ­նը այն է, որ ան յայտ­նա­պէս Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րը կը տա­նի դէ­պի մեծ… վա­նո­ղա­կա­նու­թիւն, թշնա­մանք եւ ճա­կա­տում­ներ: Իսկ թէ տնտե­սա­կան ու ըն­կե­րա­յին իս­կա­կան տագ­նապ­նե­րը ինչ­պի­սի՞ դար­մա­նում­նե­րու պէտք է սպա­սեն, ա­տի­կա ցնոր տնօ­րի­նու­թիւն դուրս կը մնայ նա­խա­գա­հին ու ա­նոր «թռչնիկ»ին գեղ­գե­ղանք­նե­րուն ունկն­դիր­նե­րու ռա­տար­նե­րէն:

***

Նո­րաս­տեղծ ու ա­րա­գօ­րէն յստա­կա­ցող պատ­կե­րին մէջ ու­շագ­րաւ տեղ ու­նի Ռու­սաս­տա­նը, ո­րուն մա­մու­լը ընդ­հան­րա­պէս մեղմ վե­րա­բե­րում ու­նի Թրամ­փի դէմ բարձ­րա­ցած քննա­դա­տա­կան ա­լիք­նե­րուն նկատ­մամբ, գո­նէ ա­ւե­լի մեղմ, քան՝ Օ­պա­մա­յի օ­րե­րուն: Սա կա­րե­լի է վե­րագ­րել Ռու­սաս­տա­նի հետ բա­րե­կա­մա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու էջ մը բա­նա­լու Թրամ­փի ար­տա­յայ­տու­թեանց (ի­րա­կա­նա­նա­լու պա­րա­գա­յին, բնա­կա­նա­բար աշ­խար­հը շա­հե­լիք կրնայ ու­նե­նալ. Սու­րիոյ դէպ­քե­րուն ըն­թաց­քը կարգ մը մեկ­նա­բան­նե­րու կող­մէ այս ի­մաս­տով կը դի­տուի իբ­րեւ նա­խա­ճա­շակ): Միւս կող­մէ, սա­կայն, կա­րե­լի է նաեւ հարց տալ, թէ Թրամ­փի կող­քին կանգ­նող եւ ընդ­հան­րա­պէս վա­րա­գոյ­րին ե­տին պա­հուը­տող հսկա­նե­րը ինչ­պի­սի՞ շա­հակ­ցա­կան կա­պեր ու­նին Ռու­սաս­տա­նի մէջ իս­կա­կան իշ­խող­նե­րուն հետ… Թրամ­փի շա­հակ­ցա­կան կա­պե­րուն մա­սին բա­ւա­կան բան բա­ցա­յայ­տուած է՝ ըլ­լա՛յ Ռու­սաս­տա­նի, ըլ­լա՛յ քա­րիւ­ղով հա­րուստ ա­րա­բա­կան եւ այլ եր­կիր­նե­րու հետ: Տա­կա­ւին, կա­րե­լի է հարց տալ, թէ Թրամ­փի հան­դէպ ռու­սա­կան հա­մե­մա­տա­բար բա­րեա­ցա­կամ դրսե­ւո­րում­նե­րը ար­դեօք չե՞ն մի­տիր ջուր լեց­նե­լու Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ ստեղ­ծուած բա­ժա­նուա­ծու­թեան ջա­ղաց­քին: Փաս­տօ­րէն, կարգ մը նա­հանգ­նե­րու, նե­րա­ռեալ Գա­լի­ֆոր­նիոյ դէմ Թրամ­փի խստա­պա­հանջ կե­ցուած­քը՝ գաղ­թա­կան­ներ ըն­դու­նե­լու-վա­նե­լու հար­ցին մէջ, շշուկ­ներ բարձ­րա­ցուց, որ Գա­լի­ֆոր­նիա կրնայ ան­ջա­տո­ղա­կան քայ­լե­րու դի­մել, նոյ­նը կրնան ը­նել այլ նա­հանգ­ներ (թէ նման ըն­թացք ինչ­պի­սի՞ հիմ­նա­ւո­րում­ներ կրնայ ու­նե­նալ ու չմնալ ան­վա­ղոր­դայն՝ բո­լո­րո­վին այլ հարց): Ո­ւա­շինկ­թըն-Մոս­կուա գի­ծին վրայ նկա­տուած նա­խան­շան­նե­րը եւ ա­նոնց զու­գա­հեռ՝ Ո­ւա­շինկ­թըն եւ ա­ւան­դա­կան դաշ­նա­կից­նե­րու գի­ծե­րուն վրայ զու­գա­հեռ նշան­նե­րը կարգ մը դի­տող­նե­րու մտա­ծել կու տան, որ Թրամ­փի կրնայ վի­ճա­կուած ըլ­լալ այն­պի­սի դեր, որ ա­ւե­լի քան քսան տա­րի ա­ռաջ ու­նե­ցաւ… Ռու­սաս­տա­նի Պո­րիս Ել­ցի­նը, ո­րուն օ­րով, յետ­կոր­պա­չո­վեան Ռու­սաս­տա­նը ապ­րե­ցաւ մեծ վե­րի­վայ­րում­ներ ու ընկր­կում­ներ:

Բնա­կա­նա­բար նման են­թադ­րու­թիւն­նե­րու հա­մար պա­հը կան­խա­հաս է, սա­կայն քա­ղա­քա­կան կեան­քը ե՞րբ զերծ ե­ղած է «ան­նա­խա­տե­սե­լի զար­գա­ցում­նե­րէ ու ա­նոնց հե­տե­ւանք­նե­րէն», ո­րոնք կարճ ա­տեն ետք ցոյց տուած են, թէ չնա­խա­տե­սուա­ծը եր­կար ա­տե­նէ ի վեր ծրագ­րուած էր ու՝ չա­փուած-ձե­ւուած:

Ս. ՄԱՀ­ՍԷ­ՐԷ­ՃԵԱՆ

5 Փետ­րուար 2017

Ուրբաթ, Փետրուար 10, 2017