ԱՆԳԱՐԱՅԷՆ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՄ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան վաւերացուց Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կառավարութիւններուն միջեւ ստորագրուած՝ թեքնիկ ոլորտէ ներս համագործակցութեան վերաբերեալ արձանագրութիւնը։ Այս փաստաթուղթը ստորագրուած էր անցեալ տարուան Մարտին։ Հայաստանեան լրատուամիջոցներն ալ արձագանգ կը հանդիսանան այս իրադարձութեան։ Թուրքիա այսպէսով կը ստանձնէ թրքախօս երկիրներու համագործակցութեան եւ համակարգման ուղղեալ գործակալութեան Պաքուի գրասենեակի ծրագրերուն հովանաւորութիւնը։ Բաց աստի, կը նախատեսուի զանազան ծրագրերու իրականացման համար նոր անձնակազմերու պատրաստութեան նպատակով մասնագէտներ ուղարկել Ատրպէյճան։
Սոյն գործակալութիւնը Ատրպէյճանի Տնտեսութեան նախարարութեան հետ պիտի զբաղի կրթական, թեքնիկ, առողջապահական, զբօսաշրջային նախագծերու իրականացմամբ։