ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ՏԱՍՆԱՄԵԱԿ
Foreign Policy ամերիկեան նշանաւոր ամսագիրը վերջերս ներկայացուց ներկայ տարուան արդի տասն հակամարտութիւններու ցուցակը։ Այս շարքին մէջ թերթը առանձնացուցած է Սուրիոյ եւ Ուքրայնոյ հակամարտութիւնները, որոնց մէջ կարեւոր դեր կը խաղայ Մոսկուա։ Սոյն ամսագրի կանխատեսումներով՝ Սուրիոյ հրադադարը յոյս կը ներշնչէ, որ 2017 թուականին դիւանագիտութեան մէջ նոր յառաջընթաց մը կրնայ ըլլալ։ Իսկ Ուքրայնոյ հակամարտութեան պարագային՝ այս յօդուածին մէջ անհրաժեշտ կը համարուի խստացնել Ռուսաստանի դէմ պատժամիջոցները։
«Աշխարհ երկար տասնամեակներ անց կը թեւակոխէ առաջին ամենավտանգաւոր տասնամեակը։ Բազմաթիւ սպառնալիքները սկսեալ փախստականներու ճգնաժամէն մինչեւ ահաբեկչութեան տարածումը, նոր վտանգներ կը ծնին։ Նոյնիսկ խաղաղ պայմաններու մէջ վախու քաղաքականութիւնը բնակչութեան վտանգաւոր բեւեռացման տեղի կու տայ։ Այս համայնապատկերին վրայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտնին համար Տանըլտ Թրամփի ընտրուած ըլլալը, անտարակոյս, անցեալ տարուան ամենակարեւոր իրադարձութիւնն էր։ Անոր քաղաքականութեան անորոշութեան մասին շատ խօսուած է եւ այդ անորոշութիւնը կրնայ ապակայունացման գործօնի մը վերածուիլ», գրած է ամսագիրը։
Յամենայնդէպս, սպառնալիքներու առաջին շարքին վրայ կը գտնուի Սուրիան։ Մարտական գործողութիւններու սկիզբէն վեց տարի անց այդ երկրէն ներս իշխանութեան գլուխ մնալ կը շարունակէ Պեշար Էսատ։ Հալէպի արեւելքին Էսատի զօրքերու հսկողութեան տակ անցնիլը պատերազմէն ներս բեկումնային պահ մըն էր։ Արեւմուտքի դիւանագէտները վրդովմունք կը յայտնեն խաղաղ բնակչութեան ռմբակոծման բերումով, սակայն արեւմուտքի յստակ արձագանգը կը բացակայի։ Այս պայմաններուն ներքեւ խաղաղ բնակչութեան տարհանումը սկսաւ միայն Ռուսաստանի, Թուրքիոյ եւ Իրանի միջեւ համաձայնութեան կնքումէն վերջ։
Մինչ այդ, կը հաղորդուի, որ Թուրքիա-Ռուսաստան-Իրան համագործակցութեան սերտացումը Սուրիոյ հարցին շուրջ՝ Թեհրանի կարգ մը շրջանակներուն մօտ պատճառ կը դառնայ անհանգստութեան։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնատարներ ունին այն համոզումը, որ այդ եռակողմանի համագործակցութեան ծիրէն ներս Իրանի դիրքերը դարձած են կրաւորական։ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի դէպի Անգարա թեքուիլը, ըստ այդ մօտեցումներուն, խոչընդոտներ կը յառաջացնէ Թեհրանի տեսակէտէ։ Թուրքիա-Ռուսաստան-Իրան եռակողմանի համագործակցութեան ամբողջին մէջ Անգարա հետզհետէ աւելի աշխոյժ դերակատարութիւն կը ստանձնէ։ Սուրիայէ ներս անվտանգութեան օրակարգը փոխանցուած է Մոսկուային եւ Անգարային։ Հրադադարի համաձայնութեան մէջ Անգարան եւ Մոսկուան էին երաշխաւորներն ու խաղի կանոնները ճշդողը։ Թէեւ Քրեմլին կը յայտարարէ, որ Իրան ազդեցութիւն ունեցած է հրադադարի հաստատման ուղղութեամբ, սակայն կան հանգամանքներ, որոնք Թեհրանի մէջ տեղի կու տան անհանգստութեան։ Առաջինը այն է, որ Իրան հրադադարի համաձայնութեան մասնակից չէ եղած։ Հիմնական հարց մը կը համարուի նաեւ այն հանգամանքը, որ անոր անունը չէ թուարկուած երաշխաւորներու շարքին։
Թեհրանի մէջ ուշադիր ձեւով կը դիտարկուի նաեւ Թուրք զինեալ ուժերու ձեռնարկած «Եփրատի վահան» գործողութեան ընթացքը։ Ռուսաստան կ՚աջակցի Սուրիոյ հիւսիսին ձեռնարկուած այդ գործողութիւններուն։ Ռուսական կողմը նաեւ օդէն զօրակցութիւն ցոյց կու տայ։ Հետեւաբար, Թեհրանի մէջ կը կանխատեսեն, որ մօտաւոր անցեալին Թուրքիա Սուրիայէ ներս ռազմավարական ու բաւական նպաստաւոր զինուորական դիրք մը կրնայ ապահովել։ Սուրիայէ ներս պայմանները յառաջիկային կրնան փոխուիլ ի նպաստ Թուրքիոյ։ Հետեւաբար, Թեհրանի մէջ քննադատութիւններ կը հնչեն, որ Իրան այս ուղղութեամբ լուռ մնալ կը նախընտրէ ու միայն կը հետեւի Սուրիայէ ներս Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի զօրքերու համագործակցութեան։ Սա նախապէս օրակարգի վրայ չեկած եւ անհաւանական համարուած կացութիւն մըն է։ Ըստ նոյն վերլուծութիւններուն Սուրիոյ պարագային Թուրքիոյ հետ համագործակցութիւնը Ռուսաստանի տեսանկիւնէն շատ կարեւոր է։ Այն աստիճան, որ Անգարայի մէջ ռուս դեսպանին սպաննուիլն անգամ չկրցաւ խոչընդոտել այդ համագործակցութիւնը։
Անգարա-Մոսկուա սերտ համագործակցութիւնը արեւմուտքի տեսակէտէ ալ անվտանգութեան լուրջ մտահոգութիւն մը դարձած է, որովհետեւ Թուրքիա ՆԱԹՕ-ի անդամ է։ Այս առումով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները ունի մտահոգութիւններ։ Հետեւաբար, Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը կը պարտաւորուի Սուրիոյ պարագային գործել Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի հետ։
Արեւմուտքի, Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի առանցքներուն վերաբերեալ հանգամանքը խոշորացոյցի տակ բերելով՝ Թեհրանի կարգ մը վերլուծաբանները կը հանգին այն համոզման, որ եթէ Սուրիոյ մէջ իրադարձութիւնները ներկայ հունով շարունակուին, ապա Իրան կրնայ ի վիճակի չըլլալ պաշտպանելու իր այն շահերը, որոնց համար պայքար կը մղէ աւելի քան հինգ տարիէ ի վեր։
Իր կարգին, Ռուսաստանի Արտաքին գորքոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ յայտնեց, որ ներկայիս ստեղծուած իրավիճակը յարափերաբար շատ աւելի նպաստաւոր կը համարուի Սուրիոյ տագնապի կարգաւորման տեսակէտէ։