ՏԵՒԱԿԱՆ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ

Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ լա­րուած ի­րա­վի­ճա­կը կը շա­րու­նա­կուի։ Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րը թափ կու տան հրա­դա­դա­րի խախ­տում­նե­րուն, ո­րոնց ա­ռըն­թեր կը կա­տա­րեն նաեւ ներ­թա­փանց­ման փոր­ձեր։ Վեր­ջին օ­րե­րուն դար­ձեալ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ-Ատր­պէյ­ճան շփման գծին վրայ կը տի­րէ լա­րուա­ծու­թիւն։ Ստե­փա­նա­կեր­տի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ար­տա­ռոց չի հա­մա­րեր այդ հրա­դա­դա­րի խախ­տում­նե­րը ու կ՚ե­րաշ­խա­ւո­րէ, որ շփման գի­ծին վրայ ի­րա­վի­ճա­կը հան­գիստ է։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի նա­խա­գա­հի բան­բե­րը՝ Դա­ւիթ Պա­պա­յեան ը­սաւ. «Ար­տա­ռոց պի­տի ըլ­լար, ե­թէ Ատր­պէյ­ճան հրա­դա­դա­րը չխախ­տէր»։ Թէ ին­չո՞ւ վեր­ջին շրջա­նին աշ­խու­ժա­ցած են Ատր­պէյ­ճա­նի սադ­րիչ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը։ Ի պա­տաս­խան այս հարց­ման՝ Դա­ւիթ Պա­պա­յեան ընդգ­ծեց, որ սա կ՚ա­ռըն­չուի զա­նա­զան ե­րե­ւոյթ­նե­րու հետ։ Ան շա­րու­նա­կեց. «Սա Ատր­պէյ­ճա­նի էու­թիւնն է, հա­յա­տեաց ֆա­շիս­տա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, կան այլ հան­գա­մանք­ներ եւս։ Յու­նուա­րի տօ­նա­կան օ­րե­րը Ատր­պէյ­ճան միշ­տա­պէս կը շնոր­հա­ւո­րէ իւ­րո­վի։ Բաց աս­տի, կը լրա­նայ Պա­քուի մէջ հա­յե­րու ջար­դե­րու հեր­թա­կան տա­րե­լի­ցը, 2017 թուա­կա­նը կը զու­գա­դի­պի Շու­շիի ա­զա­տագր­ման 25-ա­մեա­կին, իսկ Ատր­պէյ­ճան կը փա­փա­քի նման գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րով քօ­ղար­կել իր պար­տու­թիւ­նը ձա­խո­ղած վեր­ջին ներ­թա­փանց­ման փոր­ձը»։

Դա­ւիթ Պա­պա­յեան յի­շե­ցուց, որ Ատր­պէյ­ճան սադ­րիչ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու կը դի­մէ ոչ միայն սահ­ման­նե­րուն, այլ նաեւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան հար­թակ­նե­րուն վրայ։

Միւս կող­մէ, Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Մա­րիա Զա­խա­րո­վա յայտ­նեց, որ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թիւ­նը ա­ռա­ջին հեր­թին ուղ­ղա­կի վտանգ է Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի անվ­տան­գու­թեան, կա­յու­նու­թեան եւ հե­տա­գայ զար­գաց­ման տե­սա­կէ­տէ։ Ան անդ­րա­դար­ձաւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ռեքս Թի­լըր­սը­նի յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին շուրջ։ Թի­լըր­սըն յայտ­նած էր, թէ հա­կա­մար­տու­թիւ­նը սպառ­նա­լիք է տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս կա­յու­նուե­թան եւ ԱՄՆ-ի ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան շա­հե­րուն հա­մար։ Ըստ Զա­խա­րո­վա­յի, իւ­րա­քան­չիւր եր­կիր ինք պէտք է գնա­հա­տէ այն վտանգ­նե­րը, ո­րոնք կը սպառ­նան իր անվ­տան­գու­թեան։ «Ես կը կար­ծեմ, որ հա­կա­մար­տու­թիւ­նը ա­ռա­ջին հեր­թին ուղ­ղա­կի վտանգ է Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի անվ­տան­գու­թեան, կա­յու­նու­թեան եւ հե­տա­գայ զար­գաց­ման հա­մար», ը­սաւ Զա­խա­րո­վա։

Իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ ռուս բան­բե­րը մատ­նան­շեց, որ Մոս­կուա բարձր կը գնա­հա­տէ ժո­ղովր­դա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թիւ­նը։ «Սա­կայն ո­րե­ւէ նա­խա­ձեռ­նու­թեան կա­րե­ւո­րա­գոյն ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը պէտք է ըլ­լայ գի­տակ­ցիլ, որ փո­խա­դարձ ըն­դու­նե­լի եւ փոխ­զի­ջու­մա­յին, խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման այ­լընտ­րան­քը պար­զա­պէս չկայ։ Բո­լոր քայ­լե­րը ուղ­ղուած պէտք է ըլ­լան այս իսկ յստակ խնդրի լուծ­ման», ը­սաւ Զա­խա­րո­վա։

Շաբաթ, Փետրուար 11, 2017