ՏԵՂՔԱՅԼ

Մարդ­կա­յին կա­նու­նա­ւոր խում­բե­րու ալ բա­նակ կ՚ը­սեն: Կը յի­շեմ սի­րե­լի ու­սու­ցիչ­նե­րէս մին՝ դա­սա­պա­հուն, երբ բա­նակ բա­ռի հան­դի­պե­ցանք, ժպի­տը դէմ­քին՝ ը­սաւ. «Դուք կա­պոյտ բա­նա­կը կը սի­րէք», մենք՝ Յո­վա­կի­մեան-Մա­նու­կեան վար­ժա­րա­նի աշ­խա­կերտ­ներ էինք.- ակ­նար­կը նկա­տի ու­նէր Դա­րու­հի Յա­կո­բեան աղջ­կանց վար­ժա­րա­նը…

Բայց բա­նա­կը, մաս­նա­ւոր ռազ­մա­դաշտ դար­ձած այս աշ­խար­հի մէջ, եւ մե­զի ճա­կա­տագ­րուած հայ­րե­նի­քով՝ ի հար­կէ ա՛յն կա­ռոյցն է, որ Պե­տու­թեան են­թա­կայ, դա­սա­ւո­րուած զա­նա­զան բա­ժան­մունք­նե­րու, վե­րին հրա­մա­նա­տա­րու­թեան են­թա­կայ պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րով, են­թա­պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րով, պա­տե­րազ­մի պատ­րաստ է միշտ: Կրնայ ու­նե­նալ նաեւ հրո­սակ­նե­րու բա­ժին մը, զբա­ղեց­նե­լու հա­մար թշնա­մին, վերջ­նա­պէս ռազ­մա­կան հա­շիւ­ներ են, զորս մաս­նա­գէտ­նե­րու հարց է:

Բա­նա­կի մը կազ­մու­թիւ­նը պե­տու­թեան պար­տա­կա­նու­թիւնն է, եր­կի­րը ա­մուր հի­մե­րու վրայ հաս­տա­տե­լու, թշնա­միին դէմ մար­տեր մղե­լու միակ գոր­ծօ­նը՝ ռազ­մա­դաշ­տի վրայ: Դի­ւա­նա­գի­տու­թիւ­նը ան­շուշտ թէ դուրս է, ա­նոր տե­ղը՝ այլ վայր:

Վերջ ի վեր­ջոյ, բա­նա­կը ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րէն, ե­րի­տա­սարդ եւ ա­ռոյգ, դա­սա­ւո­րուած կեր­պով կազ­մուած ող­նա­սիւնն է պե­տու­թեան մը, ո­րով պի­տի ե­րաշ­խա­ւո­րուի ա­պա­հով եր­դիք ժո­ղո­վուր­դին հա­մար, քա­նի որ ժո­ղո­վո՛ւրդն է աղ­բիւ­րը ու ան­կէ կը սնա­նի:

Խմբո­վին տե­ղա­շար­ժող մարդ­կա­յին հա­ւա­քա­կա­նու­թեան ալ բա­նակ կ՚ը­սեն…

Երբ եր­կի­րը տժգոյն է, հի­ւանդ­կախ ու պե­տու­թիւ­նը զբաղ չէ ժո­ղո­վուր­դին կեն­սա­մա­կար­դա­կով, ուր աղ­քա­տու­թիւ­նը իր չոր թա­թով կը հա­րուա­ծէ հա­ւատք, յոյս ու սէր, ինք­նա­բե­րա­բար կը կազ­մուի բա­նակ մը՝ ո­րու հա­մար ցա­ւոտ սրտով պի­տի գրենք ար­տա­գաղ­թող­նե­րու բա­նակ, որ ու­րիշ բան չէ՝ ե­թէ ոչ ա­րիւ­նա­հո­սու­թիւն:

Ո՞վ պի­տի դար­մա­նէ. Ախ­տը շա՜տ հի­նէն է, կար­դա­ցէք Խո­րե­նա­ցին: Կ՚ը­սենք մշա­կոյթ սի­րող ժո­ղո­վուրդ ենք, հա­կա­ռակ ա­նոր որ մշա­կոյթ ը­սե­լով կը հասկ­նանք միա՜յն գրա­կա­նու­թեան թե­ւը, հո՛ն իսկ կը թե­րա­նանք:

Խո­րե­նա­ցի՞ն, շա՜տ հին է:

Իսկ ի՞նչ կը գրէ Ռու­բէն Սե­ւակ իր «Այ­լա­սե­րում» գրու­թեան մէջ. «Հե­ռո ՜ւ մե­նէ. Ախ­տա­գի՛ն մտա­ւո­րա­կան­ներ: (տա­կա­ւին պե­տու­թիւն չու­նենք. Գրուած է Լո­զան, 1906-ին): Դուք ցե­ղին ու­ղեղն էք. Բայց երբ այդ ու­ղե­ղը ու­րիշ կերպ չի կրնար խոր­հիլ քան յու­սա­հա­տեց­նե­լով մեր կեն­սու­նա­կու­թիւ­նը, մենք պի­տի փրցնենք ու նե­տենք այդ ու­ղե­ղը»:

Բա­նա­կի 25-ա­մեա­կի առ­թիւ կար­ծեմ բա­ւա­կան է ա­ւե­լի պատ­գամ­ներ, փա­ռա­բա­նու­թիւն­ներ եւ այլն­ներ լսե­ցինք ու դեռ:

Վե­րին մար­մի­նի մար­դոց խօս­քե­րը լսե­լով, յի­շե­ցի վեր­ջերս շրջա­նա­ռող լո­զուն­գը. «Դուն ի՞նչ կ՚ը­նես Ղա­րա­բա­ղի հա­մար», ը­սե­լու հա­մար. դուն ի՞նչ ը­րիր… Բա­նա­կի հա­մար, ի մաս­նա­ւո­րի՝ որ­մէ բա­նա­կը:

Խո­րե­նա­ցին իր դի­տո­ղու­թիւն­նե­րով, Ռու­բէն Սե­ւակ իր ախ­տա­բու­ժու­թեամբ, Յովհաննէս Թու­մա­նեա­նի ցուց­մունքն ալ միա­սին եւ վստա­հա­բար շա՜տ ու շատ մե­լան­ներ հո­սած են… այս առ­թիւ:

Բայց… տեղ­քայ­լը կը շա­րու­նա­կուի…։

Այս վէրք մըն է, ե­թէ ես չբու­ժեմ, ո՞վ պի­տի բու­ժէ...

Ե՞րբ «ՊԻ­ՏԻ ՓՈՐ­ՁԵՆՔ ՈՒ ՆԵ­ՏԵՆՔ ԱՅԴ ՈՒ­ՂԵ­ՂԸ»:

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Շաբաթ, Փետրուար 11, 2017