ՇԹԱՅՆՄԱՅԷՐ ՆԱԽԱԳԱՀ

Ե­րէկ, Գեր­մա­նիոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի ընտ­րու­թիւն։ Այս­պէս, նա­խա­գահ ընտ­րուե­ցաւ Ֆրանք Վալ­թէր Շթայն­մա­յէր, որ իր ա­ռա­ջին ե­լոյ­թին մէջ կոչ ուղ­ղեց ա­զա­տու­թեան ու ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան հա­մար։ Շթայն­մա­յէր կը յա­ջոր­դէ Եոա­խիմ Կաու­քին՝ որ­պէս երկ­րի 12-րդ նա­խա­գա­հը։ Ան թեկ­նա­ծու ա­ռա­ջադ­րուած էր Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէ­լի կող­մէ գլխա­ւո­րուած հա­մա­խո­հա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ։ Ծա­նօթ է, որ Գեր­մա­նիոյ մէջ Քրիս­տո­նեայ դե­մոկ­րատ­ներն ու Սո­ցիալ դե­մոկ­րատ­նե­րը կազ­մած են հա­մա­խո­հա­կան իշ­խա­նու­թիւն մը։ Սո­ցիալ դե­մոկ­րատ­նե­րը փոքր գոր­ծըն­կե­րոջ դիր­քին մէջ են, սա­կայն Քրիս­տո­նեայ դե­մոկ­րատ­ներն ալ պաշտ­պա­նե­ցին Շթայն­մա­յէ­րի թեկ­նա­ծու­թիւ­նը։ Այս­պէ­սով իշ­խա­նու­թեան կող­մէ ա­ռա­ջադ­րուած թեկ­նա­ծուն քուէար­կու­թեան ա­ռա­ջին իսկ փու­լին ընտ­րուե­ցաւ նա­խա­գահ։ Մօ­տա­ւոր ա­պա­գա­յին Գեր­մա­նիոյ մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նան խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց ժա­մա­նակ հա­մա­խո­հա­կան իշ­խա­նու­թեան մաս­նա­կից կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն պի­տի դառ­նան մրցա­կից։ Բայց եւ այն­պէս, նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թեան պա­րա­գա­յին ա­նոնց մի­ջեւ գո­յա­ցած է փո­խըմբռ­նում մը եւ այդ պաշ­տօ­նին կո­չուած է Շթայն­մա­յէր, որ երկ­րի նախ­կին ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րարն էր։

«Մենք հա­մար­ձա­կու­թիւն կը ներշն­չենք ու­րիշ­նե­րուն։ Այս ե­րե­ւոյ­թին պատ­ճա­ռը այն չէ, որ մեր երկ­րին մէջ ա­մէն ինչ լաւ է։ Պատ­ճա­ռը այն է, որ մենք պա­տե­րազ­մէն վերջ խա­ղա­ղու­թիւն, պա­ռակ­տու­մէն վերջ միու­թիւն կեր­տել յա­ջո­ղե­ցանք։ Դժուար օ­րե­րէ կ՚անց­նինք», ը­սաւ Շթայն­մա­յէր ընտ­րուե­լէ ան­մի­ջա­պէս վերջ։ Իր խօս­քե­րով, Գեր­մա­նիա յոյ­սի նշա­ձող մըն է եւ սա զար­մա­նա­լի չէ։ «Ե­թէ մենք հա­մար­ձա­կու­թիւն կը ներշն­չենք ու­րիշ­նե­րուն, ա­պա ու­րեմն մենք ալ հա­մար­ձա­կու­թեան կա­րիքն ու­նինք։ Միա­ցեալ Եւ­րո­պա­յէ ներս ա­զա­տու­թեան ու ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան պահ­պան­ման հա­մար Գեր­մա­նիա հա­մար­ձա­կու­թեան կա­րիքն ու­նի։ Սի­րե­լի հայ­րե­նա­կից­ներ, հա­մար­ձակ ըլ­լանք, այդ ժա­մա­նակ չեմ մտա­հո­գուիր ա­պա­գա­յի հա­մար», ը­սաւ 61-ա­մեայ Շթայն­մա­յէր, որ հաշտ աչ­քով կը դի­տէ նաեւ Թուր­քիոյ Եւ­րո­միու­թեան ան­դա­մակ­ցու­թեան հե­ռան­կա­րը։

Երկուշաբթի, Փետրուար 13, 2017