ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔ

Ե­րե­ւա­նի մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան (ԵՏՄ) ան­դամ պե­տու­թիւն­նե­րու փո­խադ­րու­թեան բնա­գա­ւա­ռի լիա­զօր մար­մին­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րու վե­ցե­րորդ ժո­ղո­վը։ Այս հա­ւա­քին մաս­նակ­ցե­ցան ԵՏՄ-ի ան­դամ եր­կիր­նե­րու հա­մա­պա­տաս­խան նա­խա­րար­նե­րը։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ժո­ղո­վի մաս­նա­կից­նե­րէն Ռու­սաս­տա­նի Փո­խադ­րու­թեան նա­խա­րար Մաք­սիմ Սո­քո­լով յայ­տա­րա­րեց, որ ԵՏՄ-ի շրջա­նակ­նե­րէն ներս նպա­տա­կաուղ­ղուած աշ­խա­տանք կը տա­րուի տնտե­սա­կան հա­մարկ­ման խո­րաց­ման ուղ­ղու­թեամբ, ինչ որ նաեւ կ՚անդ­րա­դառ­նայ փո­խադ­րու­թեան ո­լոր­տի ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րուն։ Ան յայտ­նեց, որ կազ­մա­կեր­պու­թեան շրջա­նակ­նե­րէն ներս նպա­տա­կաուղ­ղուած աշ­խա­տանք կը նա­խա­տե­սուի փո­խա­դարձ ա­ջակ­ցու­թեան ուղ­ղու­թեամբ՝ թե­թեւց­նե­լու հա­մար փո­խադ­րա­կան հա­ղոր­դակ­ցու­թեան ան­յար­մա­րու­թիւ­նը նաեւ Հա­յաս­տա­նի պա­րա­գա­յին։

Միւս կող­մէ, ժո­ղո­վա­կան նա­խա­րար­նե­րը Ե­րե­ւա­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցան նաեւ Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեա­նի կող­մէ։ Ըստ Կա­րա­պե­տեա­նի, հա­մա­ձայ­նե­ցուած քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ի­րա­կա­նա­ցու­մը պէտք է նպաս­տէ եր­թու­ղի­նե­րու զար­գաց­ման միու­թե­նէն ներս, ինչ­պէս նաեւ ԵՏՄ-ն պէտք է կա­պէ եր­րորդ եր­կիր­նե­րու հետ։ «Այս ո­լոր­տէն ներս հա­մա­տեղ ջան­քե­րը պի­տի նպաս­տեն մեր տնտե­սու­թիւն­նե­րու մրցակ­ցու­թեան բարձ­րաց­ման», ը­սաւ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան։

Երկուշաբթի, Փետրուար 13, 2017